Արցախի Շահերու Պաշտպանութեան Ուղղուած Աշխատանքները Պիտի Շարունակուին. Գէորգ Ղուկասեան (տեսանիւթ)

Արցախի Շահերու Պաշտպանութեան Ուղղուած Աշխատանքները Պիտի Շարունակուին. Գէորգ Ղուկասեան

Արցախի Շահերու Պաշտպանութեան Ուղղուած Աշխատանքները Պիտի Շարունակուին. Գէորգ Ղուկասեան (տեսանիւթ)

17 ՄԱՅԻՍ 2022 – ՍՓԻՒՌՔ:

Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի եւ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի ներկայացուցիչները մէկ շաբաթ է կը գտնուին Արցախ՝ Հայ Դատի Արցախի յանձնախումբին հետ աշխատանքներու համադրման, անհրաժեշտ վերանայումներ ընելու, տեղւոյն վրայ իրավիճակին ծանօթանալու նպատակով։

Անցնող օրերուն ընթացքին լաւագոյնս թարմացուցած ենք մեր պատկերացումները Արցախի մէջ ստեղծուած անվտանգային, ընկերային-տնտեսական իրավիճակի, ժողովուրդին առջեւ ծառացած հիմնական մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ։

Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համաշխարհային ցանցը, Հայ Դատի Արցախի գրասենեակի գործուն օժանդակութեամբ, պիտի շարունակէ Արցախի շահերու պաշտպանութեան ուղղուած աշխատանքները։

Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրացման լիակատար ճանաչումը, Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը, ռազմագերիներու ազատ արձակումը, Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանումը, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով բանակցային գործընթացի վերականգնումը, մարդասիրական խնդիրներու կանխումը, Ազրպէյճանին օտարերկրեայ ռազմական օժանդակութենէն զրկումն ու ռազմական յանցագործութիւններու համար Ազրպէյճանին ու անոր ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան պատասխանատւութեան ենթարկելը ներկայիս Հայ Դատի համաշխարհային կառոյցի քաղաքական հիմնական առաջնահերթութիւններն են, եւ այս ուղղութիւններով մեր աշխատանքները կը կրեն ամէնօրեայ բնոյթ թէ՛ Արցախի մէջ, թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ թէ՛ Հայ Դատի արտերկրի կառոյցներուն մէջ։

Գէորգ Ղուկասեան
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագիրներու պատասխանատու

yerakouyn.com/2022/05/17/արցախի-շահերու-պաշտպանութեան-ուղղու/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail