Քանի Դեռ Գրաւման Մէջ Գտնուող Հայկական Հողերը Չենք Ազատագրած՝ Գործնականօրէն Դժուար է Թուրք Չտեսնելը. Աղաւնոյի Գիւղապետ
17 ՄԱՅԻՍ 2022 – Աղաւնոյ – ԱՐՑԱԽ:
Քանի մը ամիս է, որ ազրպէյճանցիները ճանապարհներ կը բանան, ելեկտրասիւներ կը տեղադրեն մեր գրաւուած տարածքներուն մէջ։ Երէկ խնդիր յառաջացաւ այն պատճառով, որ ազրպէյճանցիները կը փորձէին խախտել համաձայնութիւնը, ըստ որուն՝ ճանապարհի վրայ ու գիւղին մէջ ոչ մէկ պարագայի պէտք չէ տեղադրուէին ելեկտրասիւներ։ Թոյլ չենք տուած, հարցը լուծուած է, ոչ մէկ խնդիր կայ հիմա։ Այդ մասին «Փաստինֆո»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Աղաւնոյի գիւղապետ Անդրանիկ Չաւուշեան։
«Նորութիւն չէ, որ ազրպէյճանցիները ճանապարհներ ալ կը շինեն, սիւներ ալ կը տնկեն, ու հազիւ բան մը կ՝ըսես՝ Նոյեմբեր 9-ի տխրահռչակ փաստաթուղթը աչքդ կը մտցնեն։ Կ՝ըսեն՝ երկրիդ ղեկավարը ստորագրած է ու համաձայնութիւն տուած, դուն ո՞վ ես, որ արգիլես։ Դեռ լաւ է՝ կրցած ենք հասնիլ այն բանին, որ համաձայնած են սարերով, անտառներով ճանապարհ բանալ, որպէսզի խնդիրներ գիւղացիներու հետ չառաջանան»,- ըսած է գիւղապետը։
Ըստ Չաւուշեանի՝ Արցախի գրաւուած տարածքներուն մէջ կառուցուած հաղորդակցութեան միջոցներէն ռուսերն ալ կ՝օգտուին ու նաեւ՝ որքան ալ տեղացիները չուզեն թուրք տեսնել, գործնականօրէն անհնար է, քանի դեռ գրաւման մէջ գտնուող հայկական հողերը չենք ազատագրած։
Չաւուշեանը տարբեր քաղաքական ուժերու խորհուրդ տուած է չշահարկել Աղաւնոն ու արհեստական խնդիրներ չստեղծել՝ նամանաւանդ, եթէ այնտեղ չեն ապրիր։ Յիշեցնենք, որ որոշ լրատուամիջոցներ ԱԺԲ-ի ներկայացուցիչներու խօսքը մէջբերած էին՝ նշելով, թէ Աղաւնոյի մէջ ազրպէյճանցիները ելեկտրասիւներ կը փորձեն տեղադրել՝ խաղաղապահներու լուռ համաձայնութեամբ, որ փաստօրէն, չի համապատասխաներ իրականութեան։
yerakouyn.com/2022/05/17/քանի-դեռ-գրաւման-մէջ-գտնուող-հայկական/