Արամ Մանուկեան. Հայաստանի Անկախութեան Եւ Հայոց Պետականութեան Հիմնադիրը

Արեւմտահայերէն Լրատուական Կայք

Aram-MANOUGIAN
Արամ Մանուկեան
29 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ
.
29 ­Յու­նո­ւա­րը մա­հո­ւան տա­րե­լիցն է մե­ծա­նուն ԱՐԱ­Մ-ի, որ ի հե­ճուկս ան­ցեա­լի թէ ներ­կա­յի բո­լոր ու­րա­ցում­նե­րուն, ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս իր բարձ­րա­դիր տե­ղը գրա­ւած է հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան մէջ իբ­րեւ նոր ժա­մա­նակ­նե­րու ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կեր­տիչն ու հա­յոց ա­զատ պե­տա­կա­նու­թեան հիմ­նա­դի­րը։

1919-ի ­Յու­նո­ւար 29-ի այս օ­րը, Ե­րե­ւա­նի իր ան­շուք բնա­կա­րա­նին մէջ, բծա­ւոր տի­ֆէ վա­րա­կո­ւած ու մարմ­նա­պէս լրիւ հիւ­ծած՝ իր բո­ցա­վառ աչ­քե­րը առ­յա­ւէտ փա­կեց Ա­րամ։ Ինչ­պէս որ իր կեն­սա­գիր­նե­րը կը վկա­յեն, բծա­ւոր տի­ֆը այդ օ­րե­րուն իս­կա­կան ա­ւեր կը գոր­ծէր ամ­բողջ շրջա­նին մէջ։ ­Հա­զիւ 11 օ­րեր ա­ռաջ, ­Թիֆ­լի­սի մէջ, միեւ­նոյն վա­րա­կով վախ­ճա­նած էր հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման դար­բի­նը՝ նոյ­նինքն Ա­րա­մի եւ ա­նոր դաշ­նակ­ցա­կան սերն­դա­կից­նե­րուն գա­ղա­փա­րա­կան Ու­սու­ցի­չը՝ ան­զու­գա­կան ­Ռոս­տո­մը։

Թէ՛ տո­ւեալ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու դի­մագ­րաւ­ման ա­ռու­մով, թէ՛ ընդ­հան­րա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-պե­տա­կան վե­րա­կանգ­նու­մի դժո­ւա­րին եր­թը ա­ռաջ­նոր­դե­լու ի­մաս­տով՝ ծան­րա­գոյն կո­րուստ ու հա­րո­ւած էին ե՛ւ ­Ռոս­տո­մի, ե՛ւ Ա­րա­մի այ­դօ­րի­նակ, ան­ժա­մա­նակ մա­հե­րը։

Ա­րա­մի մա­հով՝ նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը յան­կարծ զրկո­ւե­ցաւ մեր ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան ներ­քին միաս­նու­թիւ­նը պահ­պա­նող եւ հու­նա­ւո­րող ան­փո­խա­րի­նե­լի գոր­ծի­չէն։

Ա­րա­մի նո­ւի­րո­ւած մե­նագ­րու­թեան հե­ղի­նա­կը՝ Ար­շա­լոյս Աս­տո­ւա­ծատ­րեան այն­քա՜ն դի­պուկ նկա­րագ­րա­կա­նը կը կա­տա­րէ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դի շրջա­նի պատ­մու­թեան մէջ Ազ­գա­յին ­Ղե­կա­վա­րի ամ­բող­ջա­կան կեր­պա­րը մարմ­նա­ւո­րած Ա­րա­մի հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան.

– «Ա­րա­մի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը ժո­ղովր­դա­կան մեծ սգի ար­տա­յայ­տու­թիւն էր։ ­Հա­զա­րա­ւոր մար­դիկ ե­կել էին վեր­ջին յար­գան­քը մա­տու­ցա­նե­լու այն մար­դուն, ո­րին վստա­հել էին ի­րենց բախ­տը ա­մե­նա­ծանր օ­րե­րին։ Ես գի­տեմ, թէ ի՛նչ է ե­ղել Ա­րա­մը՝ Ե­րե­ւա­նի հա­մար, բայց եւ այն­պէս, երբ դա­գա­ղը դուրս բե­րինք բնա­կա­րա­նից, այն, ինչ տե­սայ դուր­սը՝ մի վայր­կեան սթա­փեց­րեց մեծ կո­րուս­տի ազ­դե­ցու­թիւ­նից ու զար­մանք պատ­ճա­ռեց – աչքդ որ կողմ ուղ­ղում էիր՝ ծով բազ­մու­թիւն. փո­ղոց, տա­նիք, լու­սա­մուտ, պատշ­գամ – բո­լո­րը բռնո­ւած էին մեծ տա­րա­ծու­թեան վրայ. ամ­բողջ քա­ղա­քը՝ մեծ ու փոքր՝ դուրս էին ե­կել փո­ղոց։ ­Պօ­ղոս-­Պետ­րոս ե­կե­ղե­ցուց սկսած մին­չեւ հանգս­տա­րան, դիա­կառ­քը մնաց դա­տարկ. դա­գա­ղը տա­նում էին ձեռ­քե­րի վրայ. եւ տա­նող­նե­րը գլխա­ւո­րա­պէս վա­նե­ցիք էին, ո­րոնք յա­տուկ սէր ու գուր­գու­րանք ու­նէին Ա­րա­մի հան­դէպ։ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Տան առ­ջեւ դամ­բա­նա­կան­ներ խօ­սո­ւե­ցին։ ­Հո­յա­կապ էին եւ ան­մո­ռա­նա­լի ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեա­նի խօս­քե­րը։ ­Հանգս­տա­րա­նում խօ­սե­ցին Յ. ­Քա­ջազ­նու­նին եւ Ա. ­Գիւլ­խան­դա­նեա­նը։ Այդ օ­րը ­Հա­յաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը խո­րունկ սու­գի մէջ էր…»։

Ա­րամ ­Մա­նու­կեան կար­ճա­տեւ կեանք ու­նե­ցաւ, հա­զիւ յի­սուն տա­րե­կա­նին հե­ռա­ցաւ մեր աշ­խար­հէն, բայց իր ա­նու­նին կա­պեց այն­պի­սի՛ մե­ծա­գոր­ծու­թիւն, որ ի­րա­ւամբ կը հան­դի­սա­նայ ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րու հայ ժո­ղո­վուր­դի ճա­կա­տը պայ­ծա­ռաց­նող լու­սա­ւոր աստ­ղե­րու ա­մէ­նէն ճա­ռա­գայ­թո­ղը։

Բուն ա­նու­նով ­Սեր­գէյ ­Յով­հան­նի­սեան՝ Ա­րամ դիւ­ցազ­նա­կան ­Զան­գե­զու­րի զա­ւակ էր, ծնած էր 1879ին, ­Ղա­փա­նի ­Զէյ­վա գիւ­ղը։ Ա­ւար­տած էր ­Շու­շիի ­Թե­մա­կա­նը, որ այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան եւ յե­ղա­փո­խա­կան կազ­մա­ւոր­ման հնոց էր։ Ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու սիրտ չու­նե­ցաւ Ա­րամ, ո­րով­հե­տեւ Երկ­րի կան­չը պա­տա­նի տա­րի­քէն գրա­ւած էր ա­նոր միտքն ու հո­գին։

Թե­մա­կա­նի ա­շա­կեր­տա­կան շրջա­նին ար­դէն ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ան­դա­մագ­րո­ւած, Ա­րամ 1901ին ու­ղարկուե­ցաւ ­Պա­քու՝ Անդր­կով­կա­սի նաւ­թա­յին կեդ­րո­նի հայ պան­դուխտ բա­նո­ւոր­նե­րուն ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան պատ­րաս­տու­թեան ու կազ­մա­կերպ­ման գոր­ծին լծո­ւե­լու ա­ռա­քե­լու­թեամբ։ ­Թէեւ Ա­րա­մի սիր­տը Եր­կիր անց­նե­լու գա­ղա­փա­րա­կան հու­րով կ­’այ­րէր՝ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան կեն­դա­նի պայ­քա­րին իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու մտա­սե­ւե­ռու­մով, բայց պա­քո­ւի Հ.Յ.Դ. Կ. ­Կո­մի­տէն նա­խընտ­րեց իր մօտ պա­հել գա­ղա­փա­րա­կան խոր հաո­զում­նե­րու տէր եւ կազ­մա­կեր­պա­կան մեծ շնորհ­նե­րով օժ­տո­ւած ե­րի­տա­սարդ Ա­րա­մը, որ­պէս­զի շա­րու­նա­կէ դէ­պի Եր­կիր ուխ­տա­ւոր­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու գոր­ծը։

1903-ին Ա­րամ յա­ջո­ղե­ցաւ անց­նիլ ­Կարս՝ հոն­կէ Եր­կիր մուտք գոր­ծե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով։ ­Բայց ­Կար­սի Հ­նո­ցը ղե­կա­վա­րող ­Դաշ­նակ­ցու­թեան օ­րո­ւան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը եւս նա­խընտ­րե­ցին ի­րենց մօտ պա­հել հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը իր շուրջ հա­մախմ­բե­լու եւ յե­ղա­փո­խա­կան սուրբ գոր­ծին լծե­լու բնա­ծին տա­ղան­դով ա­ռանձ­նա­ցող գոր­ծի­չին։

Ա­րամ տա­րի մը մնաց ­Կարս, բայց տա­րաւ այն­քան գործ՝ սահ­մա­նը անց­նող­նե­րու գա­ղա­փա­րա­կան ու մար­տա­կան պատ­րաս­տու­թեան եւ զէն­քի փո­խադ­րու­թեան գոր­ծի ար­դիւ­նա­ւոր կազ­մա­կերպ­ման ի­մաս­տով, որ դաշ­նակ­ցա­կան իր գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռա­ջին հանգ­րո­ւա­նը ա­նոր ա­պա­հո­վեց «­Կար­սի ­Սեր­գէյ» հռչա­կը։

1904-ին վեր­ջա­պէս ար­տօ­նո­ւե­ցաւ Ա­րա­մի, որ սահ­մա­նը կտրէ դէ­պի ­Վան՝ հոն­կէ ­Սա­սուն անց­նե­լու հա­մար։ ­Բայց դար­ձեալ կեան­քը տար­բեր դա­սա­ւո­րում ստա­ցաւ։ ­Վա­նե­ցիք ամ­րօ­րէն փա­րե­ցան ար­դէն Ա­րամ ա­նու­նով ներ­կա­յա­ցող դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծի­չին, որ այ­նու­հե­տեւ մին­չեւ 1916 թո­ւա­կա­նը, շատ կարճ ընդ­հա­տու­մով, ապ­րե­ցաւ ու գոր­ծեց ­Վաս­պու­րա­կան աշ­խար­հի մէջ։

Վա­նի մէջ գոր­ծու­նէու­թեան այս եր­կա­րա­տեւ շրջա­նը Ա­րա­մի կեան­քին ա­ռանց­քա­յին բա­ժի­նը կազ­մեց՝ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չի ա­նոր մեծ վաս­տա­կին ամ­րա­կուռ պա­տո­ւան­դա­նը հան­դի­սա­նա­լով։

Ոչ միայն Հ.Յ.Դ. ­Դու­րան-­Վաս­պու­րա­կա­նի կազ­մա­կեր­պու­թեան մէջ, այ­լեւ ողջ ­Վաս­պու­րա­կա­նի հա­յու­թեան մօտ Ա­րամ տա­րա­ծեց ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը ա­մէն բա­նէ վեր դա­ւա­նե­լու, հա­մա­հայ­կա­կան ու հա­սա­րա­կաց շա­հի պաշտ­պա­նու­թիւ­նը ա­մէն նկա­տա­ռու­մէ վեր դա­սե­լու, այ­լեւ Ազ­գի եւ ­Հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան ու ա­զա­տագ­րու­թեան կռի­ւը միաս­նա­կան ու­ժե­րով եւ միա­ձոյլ մէկ ճա­կա­տով յա­ռաջ մղե­լու գա­ղա­փա­րա­կան ուս­մուն­քը։

Օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թեան աչ­քի փու­շը դար­ձած Ա­րա­մին որ­քան ա­տե­ցին, նոյն­քան պատ­կա­ռան­քով ա­նոր նա­յե­ցան ­Վան ե­կած ու գա­ցած թուրք թէ քիւրտ իշ­խա­նա­ւոր պէ­կերն ու փա­շա­նե­րը։ Այն աս­տի­ճան, որ նոյ­նինքն թշնա­մին Ա­րա­մի մէջ տե­սաւ իր մե­ծա­գոյն ա­խո­յեա­նը եւ «Ա­րամ ­Փա­շա» ա­նո­ւա­նեց հայ յե­ղա­փո­խա­կան ա­ռաջ­նոր­դին։

Պա­տա­հա­կան չէր, հե­տե­ւա­բար, որ պատ­մա­կան վե­րի­վայ­րում­նե­րով յղի այդ եր­կար ժա­մա­նակշր­ջա­նին, Ա­րամ դար­ձաւ ­Վաս­պու­րա­կա­նի հա­յու­թեան հա­ւա­քա­կան ուժն ու կամ­քը մարմ­նա­ւո­րող ան­վի­ճե­լի ղե­կա­վա­րը։ Ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ինք­նա­կազ­մա­կերպ­ման եւ պե­տա­կան տա­րո­ղու­թեամբ են­թա­կա­ռոյ­ցի ստեղծ­ման ա­ռու­մով՝ Ա­րամ բախ­տո­րոշ ­Գործ կա­տա­րեց Վա­նի մէջ։

Ար­գա­սի­քը ե­ղաւ 1915-ի ­Վա­նի հե­րո­սա­կան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւ­նը, ո­րուն ո­գին եւ հուժ­կու բռունցքն էր Ա­րամ։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ ան նշա­նա­կո­ւե­ցաւ ­Վա­նի կա­ռա­վա­րիչ, ար­ժա­նա­նա­լով ոչ միայն վա­նե­ցի­նե­րու, այ­լեւ ­Վան մտած ռու­սա­կան զօր­քե­րու հրա­մա­նա­տա­րու­թեան հիաց­մուն­քին ու վստա­հու­թեան։

Բայց յատ­կա­պէս Ա­րա­մի ե­րե­ւա­նեան գոր­ծու­նէու­թեան մէջ, 1917-էն սկսեալ, տե­սա­նե­լի ու ճա­ռա­գայ­թող է ազ­գա­յին ու պատ­մա­կան ա­ռու­մով ա­նոր մե­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը։

1917-ին իր Ե­րե­ւան ժա­մա­նու­մէն մին­չեւ 1919-ի իր մա­հը, Ա­րամ ­Մա­նու­կեան բա­ռին ա­մէ­նէն ամ­բող­ջա­կան ի­մաս­տով Ա­րա­րա­տեան ­Դաշ­տի ողջ հա­յու­թեան խտա­ցեալ մարմ­նա­ւո­րու­մը դար­ձաւ։ Որ­բի եւ ող­բի, գաղ­թա­կա­նու­թեան եւ յու­սալ­քու­մի, ար­շա­ւող թուր­քէն սար­սա­փա­հար եւ դէ­պի ­Ռու­սաս­տան հա­յեաց­քը յա­ռած ցա­նուց­րիւ հա­յու­թե­նէն, ա­միս­նե­րու վրայ տա­րա­ծո­ւած իր տեն­դոտ աշ­խա­տան­քով եւ բազ­մու­թիւն­ներ ի մի բե­րե­լու եւ շար­ժե­լու, հա­մախմ­բե­լու եւ կազ­մա­կերպ ամ­րո­ցի վե­րա­ծե­լու իր տա­ղան­դով՝ Ա­րամ շունչ եւ մար­մին տո­ւաւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նո­ւա­ճու­մին, դէ­պի ­Սար­դա­րա­պա­տի, ­Բաշ Ա­պա­րա­նի եւ ­Ղա­րա­քի­լի­սէի յաղ­թա­կան հե­րո­սա­մարտ­նե­րը մղե­լով ու ա­ռաջ­նոր­դե­լով հայ­րե­նի հո­ղի վրայ վե­րապ­րած հա­յու­թեան վեր­ջին բե­կոր­նե­րը։
Պա­տա­հա­կան չէր, որ հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան օր­հա­սա­կան այդ պա­հուն՝ Ե­րե­ւա­նի հա­յու­թիւ­նը «­Դիկ­տա­տոր» կար­գեց Ա­րա­մին եւ ա­նոր վստա­հո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին իր ճա­կա­տագ­րին դարբ­նու­մը։

Ա­րամ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս ի­րա­գոր­ծեց իր ու­սե­րուն վրայ դրո­ւած ծան­րա­գոյն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը եւ դար­ձաւ հիմ­նա­դի­րը ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րու ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին ու ­Հա­յոց ա­զատ ­Պե­տա­կա­նու­թեան կեր­տու­մին։

Կեն­սա­գիր­նե­րու միա­հա­մուռ վկա­յու­թեամբ՝ ե­թէ ա­նո­ղոք հի­ւան­դու­թիւ­նը չկտրէր կեան­քի թե­լը Ա­րա­մին, հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան այս հսկան ի վի­ճա­կի պի­տի ըլ­լար նաեւ ա­ռող­ջաց­նե­լու եւ ամ­րապն­դե­լու ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ազ­գա­յին¬հա­սա­րա­կա­կան ներ­քին շա­ղա­խը։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­ւա­քա­կան կամքն ու ու­ժը ջլա­տող ցե­ցե­րու դէմ պայ­քա­րի մեծ գործ կար տա­կա­ւին եւ յատ­կա­պէս Ա­րամ ի վի­ճա­կի էր պա­տո­ւով յաղ­թա­կան իր ա­ւար­տին ա­ռաջ­նոր­դե­լու այդ պայ­քա­րը։

Բայց ճա­կա­տա­գի­րը ընդ­հա­տեց ա­նոր կեան­քը եւ ա­նա­ւարտ թո­ղուց ա­նոր ձեռ­նար­կած մեծ գոր­ծը։

Թէեւ Ա­րամ վա­ղա­ժամ վախ­ճա­նե­ցաւ եւ ժա­մա­նա­կը չու­նե­ցաւ իր կեր­տած ա­զատ ու ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նը պաշտ­պա­նե­լու ­Լե­նին-­Քե­մալ սադ­րան­քին դէմ, այ­դու­հան­դերձ՝ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ա­ռա­ջին ա­միս­նե­րու կեան­քին մէջ ան­գամ, իբ­րեւ ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի՝ ան յա­ջո­ղե­ցաւ եր­կա­թեայ կամ­քով ու ար­դար խստա­պա­հան­ջու­թեամբ կարգ ու կա­նոն հաս­տա­տել որ­բե­րու եւ գաղ­թա­կան­նե­րու ան­ձեւ քաոս ներ­կա­յաց­նող նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ներ­քին կեան­քին մէջ։

97 տա­րի ա­ռաջ, ­Յու­նո­ւար 29-ի այս օ­րը, առ­յա­ւէտ եր­կինք բարձ­րա­ցաւ լու­սա­ւոր աստ­ղը Ա­րա­մի, որ հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան մէջ մարմ­նա­ւո­րեց ­Դաշ­նակ­ցա­կան ­Յե­ղա­փո­խա­կա­նի եւ Ազ­գա­յին ­Ղե­կա­վա­րի ամ­բող­ջա­կան կեր­պա­րը, որ մե­ծակ­շիռ ա­ւանդ ու­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր խա­ւերն ու հա­տո­ւած­նե­րը ի մի բե­րե­լու եւ դէ­պի պայ­ծառ գա­լի­քը ա­ռաջ­նոր­դե­լու սրբա­զան պայ­քա­րի յաղ­թա­նա­կին մէջ։

Ա­րամ ապ­րե­ցաւ եւ գոր­ծեց մէկ ու միակ դա­ւա­նան­քով, որ կը խտա­նար սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ պարտ­քի ու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան զգա­ցու­մով գոր­ծե­լու դաշ­նակ­ցա­կան յանձ­նա­ռու­թեան մէջ։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ու ­Հա­յաս­տա­նի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան դա­տին պա­տա­նի տա­րի­քէն զի­նո­ւո­րագրուած՝ Ա­րամ շա­րու­նակ ծա­ռա­յեց ու գոր­ծեց հա­շո­ւե­տո­ւու­թեան այն ան­կեղծ սկզբուն­քայ­նու­թեամբ, թէ՝

«Ես մի բա­նից եմ վա­խե­նում։ ­Վա­խե­նում եմ՝ մենք սե­ւե­րես դուրս գանք մեր ժո­ղովր­դի առ­ջեւ, չկա­րո­ղա­նանք կազ­մա­կեր­պել գոր­ծը եւ կորց­նենք նրա հա­ւատն ու վստա­հու­թիւ­նը»։

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail