Անդրադարձ – Դէպի Ո՞ւր Կը Դիմենք Ազգովին – Դէպի Ո՞ւր Կը Դիմենք Ազգովին – ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
21 ՄԱՅԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Կարօ Արմենեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Դիմադրական շարժման հաւաքած ուժականութիւնն ու ինքնավստահութիւնը, անոր մակընթաց անհատականութիւնն ու անկոտրում կորովը, անոր կերտած հոգեբանական առաւելութիւնը իշխանութեան վրայ որպէս ճշմարտութեան ջահակրի` արդէն իսկ ստեղծած են մեծ ջրբաժան մը անցեալին եւ ներկային միջեւ: Փաշինեան եւ իր կառավարութիւնը կը գտնուին պաշտպանողական դիրքերու վրայ: Այն կարծեցեալ համաժողովրդական «մանդատ»-ը, զոր ան տեւաբար կը ճօճէր հանրութեան աչքին եւ կը փորձէր ծածկել իշխանութեան կամայականութիւնները, այլեւս գոյութիւն չունի: Դիմադրութիւնը իր կուռ ներկայութեամբ վերջնականօրէն ապացուցեց անոր սնանկութիւնը:
Այսօր հարցը այն է, թէ ի՞նչ ընթացակարգով եւ որքա՞ն շուտ եւ որքա՞ն հեզասահ տեղի պիտի ունենայ իշխանափոխութիւնը երկրին մէջ:
Այլ խօսքով, Փաշինեան իմաստութիւնը պիտի ունենա՞յ երկրին խնայելու պետական կեանքի այս հոգեվարքը, թէ՞ ան պիտի յամառի իր դասական վարքագծին վրայ` երկիրը տանելով նորանոր բեւեռացումներու: Յամենայն դէպս ընդդիմութիւնը չի թուիր մեծ յոյսեր կապած ըլլալ իշխանութեան կողմէ խոհեմ յարաբերութիւններու հաւանականութեան: Ան ամուր կանգնած է Փաշինեանի հրաժարականի պահանջին վրայ` ամէն օր աւելի ընդարձակելով իր մագնիսականութեան դաշտը թէ՛ մայրաքաղաքի եւ թէ՛ երկրի մարզերէն ներս:
Պէտք է անմիջապէս արձանագրել, որ դիմադրական շարժման առաջնային խնդիրն է այսօր` անյապաղ վնասազերծել ստեղծուած ճգնաժամային կացութիւնը երկրին մէջ, կասեցնել 9 նոյեմբեր 2020-ի ամօթալի համաձայնագրով ընթացք առած աղէտալի գործընթացը, կասեցնել հայ անկախ պետականութեան լինելիութեան շարունակական գահավէժը, կասեցնել ներքին արիւնահոսութիւնը, բայց մանաւանդ` իր բոյնին մէջ խեղդե՛լ Արցախը թշնամիին յանձնելու դաւաճանական արարքը:
Ամէն օր, որ Փաշինեան եւ իր քաղաքական համակարգը կը մնան իշխանութեան ղեկին, հայ ժողովուրդը կը կորսնցնէ իր հայրենի հողը թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ՛ լինելիութեան կենսական կռուաններով:
Այս առումով, պէտք է ողջունել այն փաստը, որ դիմադրական շարժումը արդէն իսկ յաջողած կը թուի ըլլալ իշխանական մեքենայի ծուռ դարձած անիւը սանձել եւ փաշինեանական ազգակործան դիւանագիտութիւնը դնել տեղքայլի վրայ: Այսօր «կենաց-մահու» խուճապային օրերն են իշխանութեան համար: Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ փաշինեանական համակարգը այժմ կը գործէ ահազանգային մթնոլորտի մէջ:
Փաշինեանի համար այսօրուան սուր հրամայականը վերապրի՛լն է: Վերապրիլ ամէն գնով: Այս իսկ պատճառով փաշինեանական համակարգը աւելի անկանխատեսելի է այսօր, քան էր երէկ: Եւ բռնի ուժի դիմելու փորձութիւնը` շա՛տ աւելի մեծ: Եթէ Փաշինեան կարողանայ վերապրիլ դիմադրական շարժման գրոհումներէն, ան ինքնաբերաբար կ՛ամրապնդէ իր հեղինակութիւնը արտաքին յարաբերութիւններու ճակատին վրայ` որպէս վստահելի խօսակից: Պարզ խօսքով, ան կ՛ապահովէ նոր «արտօնութիւն»` ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ՄԵՐ ԵՐԿՐԻՆ ՊԱՐՏԱԴՐԵԼՈՒ ԻՐ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԸ ԵՒ ԵՐԿԻՐԸ ՅԱՆՁՆԵԼՈՒ ԹՇՆԱՄԻԻ ՏՆՕՐԻՆՈՒԹԵԱՆԸ: Եւ, անշուշտ, այդ մէկը կ՛ըլլայ ճակատագրական թէ՛ մեր պետականութեան եւ թէ՛ մեր հաւաքական գոյութեան համար:
Եւ, անշուշտ, ԴԱ ՉԻ՛ ԼԻՆԵԼՈՒ:
Պարտուած, քայքայուած, բարոյալքուած եւ թշնամիի քմահաճոյքին անսացող քաղաքական ղեկավարութիւնը տեղ չունի հայ քաղաքական կեանքին մէջ: Եթէ ան վերապրի, հայ անկախ պետականութիւնն է, որ կը դադրի ապրելէն, եւ այդ մէկուն ԲԱՑԱՐՁԱԿԱՊԷՍ Ո՛Չ ըսած է դիմադրական շարժումը եւ գիծ քաշած` տխեղծ քաղաքականութեան բոլոր ներկայացուցիչներուն վրայ: Փաշինեան եւ իր արտաքին բոլոր խօսակիցները այսօր պիտի գիտնան, որ նոր Հայաստան մը եւ նոր հայութիւն մը ունին իրենց առջեւ, որոնք դոյզն առնչութիւնն իսկ չունին Փաշինեան երեւոյթին հետ: Դիմադրական շարժման բանալի առաջադրութիւնն է փաշինեանական համակարգի լուծարքով զգաստացնել միջազգային հանրութիւնը եւ գիտակից դարձնել վերոյիշեալ իրականութեան:
Այս իսկ պատճառով դիմադրական շարժումը լուսանցք չունի փաշինեանական համակարգի ռիսքը ազգին հաշուոյն վերցնելու: Այդ ռիսքը մահացու է: Այդ ռիսքը այն դամոկլեան սուրն է, որ կախուած է մեր երկրի եւ ամէն մէկ հայու գլխուն: Թողո՛ւլ, որ Փաշինեան եւ իր պարտութեան վարչակարգը սանձարձակ գործեն դիւանագիտութեան բեմերուն վրայ եւ խաղան հայ անկախ պետականութեան ճակատագրին հետ, պարզապէս յանցագործութիւն է: Եւ այդ մէկը բացառուած է: Այդ մէկը տեղի պիտի չունենայ: Վարչապետ Փաշինեան միայն մէկ ընտրութիւն ունի այսօր: ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵ՛Լ ԻՐ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ԵՒ ՄԵԿՆԻԼ:
Պարզ խօսքով, հայ անկախ պետականութեան գոյութիւնն է, որ լրջօրէն վտանգուած է այս պահուն եւ փաշինեանական համակարգը բացարձակապէս անզօր է լուծում բերելու այս օրհասական կացութեան: Ընդհակառա՛կն, Փաշինեան անքակտելի մասն է այդ վտանգին: Վտանգը մտած է մեր երկրի պետական մեքենայէն ներս: Ան նոյնիսկ սկսած է թափանցել մեր ժողովուրդի մտքերէն ներս փաշինեանական համակարգի յանցաւոր հայեցակարգերով: Շնորհի՜ւ Փաշինեանի` մենք սկսած ենք մեր ապաւէնը փնտռել մեր պարտութեան մէջ: Սկսած ենք ընդունիլ հաւաքական անպատուութիւնը` որպէս կենսաձեւ: Խաթարուի՛լ որպէս մարդ: Խօսիլ խաղաղութեան մասին բարոյազրկուա՛ծ մարդու դիրքերէ… Գերագոյն անհեթեթութիւնն է մտածել, որ հայ մարդը կրնայ ապրիլ խաղաղութեան մէջ` իրեն պարտադրուած կեղտոտ խղճմտանքով: Այդպիսի մարդոցմով բնակուած երկիրը հայրենիք չի կրնար ըլլալ: Դուք երեւակայեցէք, թէ ի՛նչ կրնայ ըլլալ ան, Պր. Փաշինեան:
Դիմադրական շարժման կեդրոնական խնդիրն է այսօր ընդփոյթ կազմակերպուիլ մեր գոյութեան սպառնացող վերոյիշեալ իրողական եւ գոյութենական վտանգներուն դէմ: Այո՛, վերջ տալ փաշինեանական մղձաւանջին, բայց նաեւ` անդի՛ն անցնիլ Փաշինեանէն եւ ազգովին լծուիլ գործի` մեր ազգային պաշտպանութիւնը վերակերտելու, մեր երկրի տնտեսութիւնը վերականգնելու, մեր ազգային մշակոյթը իր ներկայ ճգնաժամէն դուրս բերելու, մեր հայրենիքին տալու այն գերազանց որակը, որուն արժանի է ան:
Լուծարե՛լ փաշինեանական իշխանութիւնը` առաջին քայլն է միայն, որուն պիտի յաջորդէ մեր անկախ պետականութեան լինելիութեան հիմքերը ապահովելու երկարաժամկէտ եւ խստապահանջ առաքելութիւնը, որ մեր իսկական գործն է:
6 մայիս 2022
aztagdaily.com/archives/546713