Չաւուշօղլու. «Հայաստանի Կառավարութիւնը Ներքին Արմատականներու Եւ Սփիւռքի Կողմէ Ճնշումներու Կ՛ենթարկուի»
21 Մայիս 2022 – Ֆաշիստ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու:
Ֆաշիստ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նշեց. «Ազրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մէջ իր արձանագրած յաղթանակէն ետք, շրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան նկատմամբ իր փափաքը ցոյց տուաւ: Հայաստանի հետ համապարփակ խաղաղութեան առաջարկ ներկայացուց»: Ան այս մասին լրագրողներուն յայտնեց Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի` միջազգային գաղթին նուիրուած հաւաքին իր մասնակցութենէն ետք:
«Երկու երկիրները Պրիւքսելի ժողովի ընթացքին իրենց միջեւ սահմանազատման յանձնախումբի կազմութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցին», ըսաւ Չաւուշօղլու` աւելցնելով, որ Թուրքիան ուրախ է եւ կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն համապարփակ խաղաղութեան բանակցութիւնները վարելու առաջարկը:
Ան նաեւ ողջունեց Ազրպէյճանի կողմէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման բանակցութիւններուն զօրակցութիւնը` նշելով. «Մենք միշտ կը քաջալերենք եւ կ՛ըսենք, որ Հայաստան պէտք է արձագանգէ Ազրպէյճանի բարի կամեցողութեան վրայ հիմնուած մօտեցումներուն»:
«Կը տեսնենք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը երկրին մէջ արմատականներու կողմէ եւ արտասահմանի մէջ սփիւռքի կողմէ ճնշումներու կ՛ենթարկուի, եւ մենք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ մեր այլ պաշտօնակիցներուն յայտնեցինք, որ պէտք է Հայաստանը այդ ուղղութեամբ աւելի քաջալերել», ըսաւ թրքական դիւանագիտութեան պետը:
«Մեր ժողովի ընթացքին անգամ մը եւս հաստատեցինք Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի` խաղաղութեան հաստատման փափաքը, եւ թէ անոնք շրջանին մէջ կայունութեան համար բարի կամեցողութիւն ցուցաբերեցին», յայտնեց Չաւուշօղլու:
aztagdaily.com/archives/546792