Խմբագրական – Ատրպէյճանի յաղթանակին գինը եւ հայկական զօրաշարճին դասերը

"STRAATSBURG
29 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016

Քա­ղա­քա­կան պայ­քա­րի մէջ, ինչ­պէս կեան­քի ո­րե­ւէ փոր­ձա­դաշ­տիպա­րա­գա­յին, կռո­ւողը ե՛ւ կը յաղ­թէ, ե՛ւ կը պար­տուի. թէ՛ոս­տում եւ յա­ռաջ­խա­ղացք կ­՚ար­ձա­նագ­րէ, թէ՛ընկր­կում ու տե­ղա­տո­ւու­թիւն կ­՚ու­նե­նայ։

Պայ­քա­րը շա­րու­նա­կո­ղին հա­մար, եր­կու պատ­ճա­ռով, շատ կա­րե­ւոր է ըն­դու­նիլ կռո­ւին ար­դիւն­քը՝ յաղ­թա­նակ ըլ­լայ ա­նի­կա թէ պար­տու­թիւն։

Նախ՝ ո­րով­հե­տեւ պայ­քա­րի տրա­մա­բա­նու­թեան մէջ չկան այս­պէս ը­սո­ւած վերջ­նա­կան յաղ­թա­նակ­ներ կամ պար­տու­թիւն­ներ։ Կեան­քի ու բնու­թեան յա­րա­տեւ պայ­քա­րի օ­րի­նա­չա­փու­թեամբ՝ կան պա­տե­րազմ­ներ ու ճա­կա­տա­մարտ­ներ, ուր յաղ­թա­կան ճա­կա­տա­մարտ մը ան­պայ­ման չ­՚են­թադ­րեր պա­տե­րազ­մին յաղ­թա­նա­կով պսա­կու­մը, ոչ ալ պա­տե­րազ­մի մը յաղ­թա­կան ա­ւար­տը ան­պայ­ման կը նշա­նա­կէ, որ պար­տո­ւած կող­մին հա­մար պայ­քա­րը այ­լեւս վերջ գտած է։

Ա­պա եւ ա­ւե­լի կա­րե­ւո­րը՝ կռո­ւին կամ ճա­կա­տու­մին ար­դիւն­քը ըն­դու­նե­լով, պար­տու­թիւն կրած կող­մը ի վի­ճա­կի կ­՚ըլ­լայ իր տկա­րու­թիւն­ներն ու սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րը լիո­վին գնա­հա­տե­լու, ինչ­պէս եւ իր ա­ռա­ւե­լու­թեանց ու յաղ­թա­թուղ­թե­րուն վե­րար­ժե­ւո­րու­մը կա­տա­րե­լով՝ ա­ւե­լի լաւ պատ­րաս­տո­ւած եւ զօ­րա­ւոր դիր­քե­րէ ներ­կա­յա­նա­լու պայ­քա­րի յա­ջորդ հանգ­րո­ւա­նին, նոյ­նիսկ նա­խա­պատ­րաս­տե­լու առ­ճա­կատ­ման յա­ջորդ փուլն ու կռո­ւի իր նա­խընտ­րած դաշ­տը…

Պայ­քա­րի տրա­մա­բա­նու­թեան ա՛յս մօ­տե­ցու­մով հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը պէտք է ար­ժե­ւո­րէ այն խայ­տա­ռակ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռեւ­տու­րը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Յու­նո­ւար 26ին՝ Եւ­րո­պա­յի Խոր­հուր­դի Խորհր­դա­րա­նա­կան Վե­հա­ժո­ղո­վի տխրահռչակ նիս­տին։ Ատր­պէյ­ճա­նի եւ մի­ջազ­գա­յին բե­մի վրայ ա­նոր քայ­լե­րը ա­ռաջ­նոր­դող Թուր­քիոյ պատուի­րած Ե.Խ.Խ.Վ.ի զե­կու­ցա­բեր­նե­րուն հա­կա­հայ բա­նա­ձե­ւե­րը, հա­կա­ռակ հայ­կա­կան կող­մի բարձ­րա­ցու­ցած հա­մազ­գա­յին բուռն բո­ղո­քին ու Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու յոր­դո­րին, փաս­տօ­րէն քո­ւէար­կու­թեան դրո­ւե­ցան եւ ստա­ցան 1=1 կո­լի ար­դիւնք։ Այ­սինքն՝ մեր­ժո­ւե­ցաւ ա­ռա­ջին բա­նա­ձե­ւը, որ կը կոչուէր «Բռ­նու­թեան ա­ճը՝ Ար­ցա­խի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի այլ գրա­ւեալ տա­րածք­նե­րէն ներս», եւ ո­րոշ «բա­րե­փո­խում­նե­րով» ըն­դու­նո­ւե­ցաւ երկ­րոր­դը, որ կը կոչո­ւէր՝ «­Կան­խամ­տածուած կեր­պով ջու­րէ կը զրկո­ւին Ատրպէյ­ճա­նի սահ­մա­նա­մերձ բնա­կա­վայ­րե­րու բնա­կիչ­նե­րը»:

Ան­շուշտ զուտ մե­քե­նա­կան՝ մա­կե­րե­սա­յին գնա­հա­տում է, որ Ատր­պէյ­ճան եւ հայ­կա­կան կող­մը մէկ հա­ւա­սար ար­դիւն­քով դուրս ե­կան Ե.Խ.Խ.Վ.ի դի­ւա­նա­գի­տա­կան կռո­ւի դաշ­տէն։

Կաս­կա­ծէ վեր է, որ Ատր­պէյ­ճան եւ Թուր­քիա յաղ­թա­նակ տա­րին։ Ոչ միայն այն ա­ռու­մով, որ Սար­սան­գի ջրամ­բա­րին ջու­րե­րը Ատր­պէյ­ճա­նին մատ­չե­լի դարձ­նե­լու եւ­րո­պա­կան պա­հան­ջը նո­ւի­րա­գոր­ծե­ցին, այ­լեւ ընդ­հան­րա­պէս Եւ­րո­պա­յի Խոր­հուր­դի մա­կար­դա­կով մի­ջազ­գա­յին շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրին Ատրպէյ­ճա­նի հա­կա­հայ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մա­շած ու սնա­մէջ այն յան­կերգ­նե­րը, ըստ ո­րոնց՝

– Իբր թէ Ե.Ա.Հ.Կ.ի միջ­նոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ձա­խո­ղած է եւ պէտք է գտնել ա­ւե­լի ազ­դու մի­ջազ­գա­յին բե­մեր։
– Իբր թէ հա­յե­րը գրա­ւած են Ատր­պէյ­ճա­նի պատ­կա­նող տա­րածք­ներ եւ հոն բռնու­թիւն կը գոր­ծադ­րեն, ին­չը ներ­կա­յիս աճ կ­՚ար­ձա­նագ­րէ։

– Իբր թէ մար­դա­սի­րա­կան ի­մաս­տով հա­յե­րը կը ճնշեն ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րուն վրայ (օ­րի­նակ՝ Սար­սան­գի ջրամ­բա­րին մի­ջո­ցաւ ջու­րէ կը զրկենք ե­ղեր Ատըր­պէյ­ճա­նի սահ­մա­նա­մերձ շրջան­նե­րը)։ Ան­շուշտ հայ­կա­կան կող­մը, Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան, Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին գոր­ծող Հ.Հ. դես­պա­նու­թեանց եւ Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ, ար­ժա­նի հա­կա­հա­րո­ւած տո­ւաւ Ատր­պէյ­ճան-­Թուր­քիա դի­ւա­նա­գի­տա­կան գրո­հին։ Հայ­կա­կան զօ­րա­շար­ժին շնոր­հիւ հնա­րա­ւոր ե­ղաւ վի­ժեց­նել ուղ­ղա­կի քա­ղա­քա­կան բնոյթ կրող հա­կա­հայ ա­ռա­ջին բա­նա­ձե­ւը, իսկ մար­դա­սի­րա­կան քո­ղի տակ թաք­նո­ւած երկ­րորդ բա­նա­ձե­ւը, որ ի վեր­ջոյ որ­դեգ­րո­ւե­ցաւ, են­թար­կո­ւե­ցաւ տար­րա­կան բա­րե­փոխ­ման եւ ան­կէ դուրս հա­նո­ւե­ցան քա­ղա­քա­կան խոր­քով յղում­նե­րը՝ ի նպաստ Ատր­պէյ­ճա­նի հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան եւ գե­րիշ­խա­նու­թեան, կամ՝ ընդ­դէմ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կախ պե­տու­թեան ի­րա­ւա­վի­ճա­կին։

Փաս­տը սա­կայն կը մնայ այն, որ Ատր­պէյ­ճան յա­ջո­ղե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի Խոր­հուր­դի քննարկ­ման օ­րա­կար­գին վրայ բե­րել եւ«օ­րի­նա­կա­նու­թիւն» ա­պա­հո­վել հա­կա­հայ իր քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դի­ւա­նա­գի­տա­կան խա­ղա­թուղ­թե­րուն։

Ատր­պէյ­ճա­նի գրո­հը սկսած էր տա­րի­ներ ա­ռաջ եւ ա­նոր յաղ­թա­նա­կը ոչ թէ Յու­նո­ւար 26ին ար­ձա­նագրո­ւե­ցաւ, այ­լեւ ար­դէն քայլ առ քայլ նո­ւա­ճո­ւած էր մինչ այդ՝ հայ­կա­կան կող­մին թոյ­լատ­րած ան­տար­բե­րու­թե­նէն կամ թու­լու­թե­նէն օգ­տո­ւե­լով։
Ինչ­պէս որ հայ­կա­կան կող­մէն այս օ­րե­րուն հնչող մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը կ­՚ընդգ­ծեն, Ե.Խ.Խ.Վ.ի Յու­նո­ւար 26ի նիս­տին մաս­նա­կից եւ քո­ւէար­կող պատ­գա­մա­ւոր­նե­րէն շա­տեր նոյ­նիսկ տե­ղեակ չէին, թէ ճիշդ ի՞նչ կը քո­ւէար­կէին…

Մեր մեղ­քով էր, բնա­կա­նա­բար, որ ան­ցեալ Դեկ­տեմ­բե­րէն ա­ռաջ անհ­րա­ժեշտ ա­հա­զան­գով շարժ­ման մէջ դրած չէինք մեր ու­ժե­րը, որ­պէս­զի կան­խենք զե­կու­ցա­բեր­նե­րուն եւ հա­մա­պա­տաս­խան յանձ­նա­ժո­ղով­նե­րու ան­դամ­նե­րուն վրայ Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Թուր­քիոյ տա­րած… հա­կա­հայ քա­րոզ­չու­թիւ­նը։

Նոյն­պէս գաղտ­նիք չէ այ­լեւս, որ Ատր­պէյ­ճան իր հա­րուստ քսա­կը լայն բա­ցած էր, որ­պէս­զի ուղ­ղա­կի կա­շա­ռէ ոչ միայն Ե.Խ.Խ.Վ.ի զոյգ զե­կու­ցա­բեր­նե­րը, ոչ միայն Եւ­րո­պա­կան Խոր­հուր­դի պա­տաս­խա­նա­տու շրջա­նակ­նե­րը, այ­լեւ նոյ­նինքն Յու­նո­ւար 26ի նիս­տին մաս­նա­կից­նե­րը։

Ա­ւե­լի՛ն, Յու­նո­ւար 26ի ատր­պէյ­ճա­նա­կան յաղ­թա­նա­կին գի­նը վճա­րեց նոյ­նինքն Եւ­րո­պան, ո­րուն խորհր­դա­րա­նա­կան պատ­գա­մա­ւոր­նե­րէն շա­տեր ծա­խու հա­նե­ցին ի­րենց երկ­րին թէ ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յի քա­ղա­քա­կան վարկն ու ար­ժէ­քը՝ իբ­րեւ ի­րա­ւուն­քի եւ ար­դա­րու­թեան, իբ­րեւ ա­զա­տու­թեանց եւ օ­րէն­քի տա­րա­ծաշր­ջա­նի։

Յատ­կա­պէս Յու­նաս­տա­նի մեր օ­րի­նա­կով կրնանք վկա­յել, թէ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կա­զի «հմայք»ին չկրցան դի­մադ­րել Տո­րա Պա­քո­յա­նիի պէս քա­ղա­քա­կան դէմ­քեր, ո­րոնք մին­չեւ իսկ ի­րենց հայ ընտ­րող­նե­րէն ծա­ծուկ պա­հե­ցին ատր­պէյ­ճա­նա­կան խայ­ծը կուլ տա­լու ի­րենց… ա­խոր­ժա­կը։

Յա­մե­նայն­դէպս, Յու­նո­ւար 26ին հայ­կա­կան կող­մը քա­ղեց ար­դիւն­քը միամ­սեայ իր բուռն զօ­րա­շար­ժին՝ ի խնդիր հա­կա­հայ զոյգ բա­նա­ձե­ւե­րու ձա­խո­ղեց­ման։

Թէեւ ի վի­ճա­կի չե­ղանք ար­գե­լա­կե­լու հա­կա­հայ զոյգ բա­նա­ձե­ւե­րուն Ե.Խ.Խ.Վ.ի օ­րա­կար­գին վրայ գա­լը, բայց փաս­տօ­րէն յա­ջո­ղե­ցանք հայ­կա­կան տե­սա­կէ­տին ունկն­դիր ու կողմ­նա­կից գտնել՝ ե՛ւ Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան-դի­ւա­նա­գի­տա­կան կա­պե­րով, ե՛ւ մա­նա­ւանդ Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րուն ձեռ­նար­կած քա­ղա­քա­կան-յա­րա­բե­րա­կան լայն շփում­նե­րով, ինչ­պէս եւ կազ­մա­կեր­պած ծա­ւա­լուն ստո­րագ­րա­հա­ւա­քով։

Հայ­կա­կան զօ­րա­շար­ժին ընկր­կու­մի թէ յա­ջո­ղու­թեան այս դա­սե­րը ու­ղե­ցոյց պէտք է ծա­ռա­յեն մեր պայ­քա­րի հե­տա­գայ յաղ­թար­շա­ւին հա­մար։

ԱԶԱՏՕՐ
http://azator.gr

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail