Խեղաթիւրուած հարցեր – Ապատեղեկատուութիւն տարածող մարմին, – վերածնունդի Մարմին Լիբանանի Շրջան

Social Democrat Hunchakian Party – photo wikipedia.org

Խեղաթիւրուած հարցեր – Ապատեղեկատուութիւն տարածող մարմին, – վերածնունդի Մարմին Լիբանանի Շրջան

27 ՄԱՅԻՍ 2022 – Խեղաթիւրուած հարցեր –Ապատեղեկատուութիւն տարածող մարմին, <վերածնունդի Մարմին Լիբանանի Շրջան>:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ – RESISTANCE – المقاومة – RÉSISTANCE – СОПРОТИВЛЕНИЕ

Յայտարարութիւն Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունեցող Իրադարձութիւններուն Կապակցութեամբ

Սփիւռքահայութիւնը ընդհանրապէս եւ Ամերիկահայութիւնը մասնաւորապէս մօտէն կը հետեւին Հայրենիքի մէջ այս օրերուն տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, ուր խումբ մը ընդդիմադիրներ հանրահաւաքներու, երթերու եւ փողոցային այլ միջոցառումներով կը փորձեն հասնիլ վարչապետին ու կառավարութեան հրաժարականին։

Հարմանտայեան Արմենակ-ի պատասխանը – Ոչ թէ խումբ մը, այլ զանգուածային ընդիմադիրներու խումբեր հանրահաւաքներու, երթերու եւ իրենց պոռթկային միջոցառումներով կը փորձեն հասնիլ վարչապետին ու կառավարութեան հրաժարականին։

Ժողովրդավարութեան ընձեռած իրաւունքները օգտագործելով՝ բողոքարարները առիթը կ’ունենան ազատօրէն արտայայտելու իրենց տեսակէտները ու զանոնք հասցնելու ժողովուրդին։

Հարմանտայեան Արմենակ-ի պատասխանը – Վերը կ՛ըսես, երթերու եւ փողոցային այլ միջոցառումներով, վարը կ՛ըսես, Ժողովրդավարութեան ընձեռած իրաւունքները օգտագործելով՝, այսպէս աւելի շիտակ է, Ժողովրդավարութեան ընձեռած իրաւունքները օգտագործելով՝ բողոքարարները առիթը կ’ունենան ազատօրէն արտայայտելու իրենց տեսակէտները ու զանոնք հասցնելու անտառի վարչապետին ապազգային ազգային ժողովին:

Սակայն շատ յաճախ նոյն այդ ցուցարարները կ՛անտեսէն իրենց տեսակէտները չբաժնող քաղաքացիներու իրաւունքները, միջադէպեր կը ստեղծեն իրաւապահներուն հետ, իսկ հարթակէն կը հնչեն այլակարծութիւնը ժխտող, մարդկային արժանապատուութիւնը վիրաւորող ու ատելութիւն սերմանող ելոյթներ։

Հարմանտայեան Արմենակ-ի պատասխանը – Այս յօդուածը պատրաստող Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան անդամ անձնաւորութիւն, կ՛երեւի չի տեսնար կարմիր գխակաւոր ոստիկաններու ապօրինի փողոցային եւ անտառային պահուացքը, մեկ անձի վրայ տասը կարմիր գլխարկաւոր ոստիկան:

Անցնող մօտ մէկ ամսուան ընթացքին ընդդիմութեան գործողութիւնները եկան աւելի քան յստակ դարձնելու, որ Հայաստանի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը չի բաժներ իրենց տեսակէտները։ Շատեր նոյնիսկ կը պահանջեն, որ իշխանութիւնները դիմեն աւելի կտրուկ միջոցներու` ապահովելու համար ազատ տեղաշարժելու իրենց իրաւունքը։

Հարմանտայեան Արմենակ-ի պատասխանը – Հայաստանի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը չի բաժներ իրենց տեսակէտները կ՛ըսէ յօդուածագիրը, ես կ՛ըսեմ արդեօք ժամանակ ունեցած է հաշուարկելու թէ այս իր անձնական կարծիքն է:
Հարմանտայեան Արմենակ-ի պատասխանը – Շատեր նոյնիսկ կը պահանջեն, այսինքն յօդուծագիրը Ժողովրդավարութեան ընձեռած իրաւունքներէ խուլ լուր ունի միայն, տեղ մը կ՛ըսէ Ժողովրդավարութեան ընձեռած իրաւունքներ, տեղ մը կ՛ըսէ որ իշխանութիւնները դիմեն աւելի կտրուկ միջոցներու:

Վերջին օրերուն, ընդդիմադիր շրջանակները կը փորձեն այնպէս ներկայացնել, որ իբրեւ թէ Սփիւռքը կը սատարէ իրենց շարժումին եւ որոշ լրատուամիջոցներ ապատեղեկատւութիւն կը տարածեն այդ ուղղութեամբ։

Հարմանտայեան Արմենակ-ի պատասխանը – Այո յօդուածագիր, սփիւռքի եւ հայաստանի հանրապետութեան քաղաքացիներու մեծամասնութիւնը կը սատարէ այսօրուայ քու չի տեսած զանգուածային ցոյցերը, եթէ հակառակ փաստարկը ունիս արանց եղծելու հրապարակէ, արդէն յօդուածագիրը ապատեղեկատւութիւն կը տարածեն այս ուղղութեամբ:

Ելլելով վերոյիշեալէն՝ կ՛ուզենք ընել հետեւեալ յստակացումները.

Հարմանտայեան Արմենակ-ի պատասխանը – Հարմանտայեան Արմենակն ալ կ՛ուզէ ընել հետեւեալ յստակացումները:

Ա.- Սփիւռքը միատարր զանգուած չէ եւ չէ եղած երբեք։ Հոն կը գործեն տարբեր կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ ժողովրդային շերտեր: Հետեւաբար, որեւէ կազմակերպութիւն իրաւունք չունի խօսելու ամբողջ Սփիւռքահայութեան եւ յատկապէս Ամերիկահայութեան անունով:

Հարմանտայեան Արմենակ-ի պատասխանը – Ա.-ի բոլոր նախադասութիւնները եւ աւելի երկու խօսք, Ինչպէս յօդուծագիրը եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը իրաւունք չունի խօսելու ամբողջ Սփիւռքահայութեան անունով:

Բ.- ԱՄՆ-ի դեսպանին դէմ տարուող արշաւը եւ զայն ետ կանչելու պահանջները չեն ներկայացներ մեր կուսակցութեան եւ Ամերիկահայութեան մեծամասնութեան տեսակէտը։ Մենք կը գտնենք, որ ԱՄՆ-ի դեսպանը լիովին կը կատարէ իր պաշտօնը եւ անաչառօրէն կը ներկայացնէ Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակը։

Հարմանտայեան Արմենակ-ի պատասխանը – Բ.- ԱՄՆ-ի դեսպանին դէմ տարուող արշաւի մասին, ԱՄՆ-ի դեսպանին դէմ տարուող արշաւը եւ զայն ետ կանչելու պահանջները չեն ներկայացներ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան դիրքորոշումը, մինչեւ հոս հասկցանք, իսկ Ամերիկահայութեան մեծամասնութեան տեսակէտի մասին, արդեօք ուսումնասիրութիւն կատարած է յօդուածագիրը, եթէ կատարած է կ՛ուզէի գիտնալ արդիւնքը, եթէ կատարած չէ, ըսել է ապատեղեկատուութիւն կը տարածէ, այսինքն կը խեղաթիւրէ իր եւ Ամերիկահայութեան մեծամասնութեան տեսակէտը:

Գ.- Սփիւռքը, հակառակ իր ներքին բաժանումներուն ու տարակարծութիւններուն, անվերապահօրէն կանգնած է Հայաստանի պետականութեան եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան կողքին։

Հարմանտայեան Արմենակ-ի պատասխանը – Գ.- Սփիւռքը, հակառակ իր ներքին բաժանումներուն, Սփիւռքի մասին դարձեալ կը խեղաթիւրուի եթէ տխմար վարչապետի կողքին է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, մնացած Սփիւռքը, Հայաստանի պետականութեան եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան կողքին է բայց ոչ թրքացումին:

Յարգելով Հայաստանի քաղաքացիին ընտրութիւնը, որ ան կատարեց տարի մը առաջ կայացած ազատ, արդար ու ժողովրդավար ընտրութիւններու միջոցաւ, մենք կը շարունակենք սատարել իշխանութիւններուն ներքին ու արտաքին քաղաքականութիւններուն, եւ համոզուած ենք, որ անոնք կը բխին Հայաստանի ու Հայութեան ընդհանրական շահերէն։

Հարմանտայեան Արմենակ-ի պատասխանը – Հայաստանի մէջ երբեք ազատ, արդար ու ժողովրդավար ընտրութիւններ չէ եղած, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը ազատ է սատարելու այսօրուայ իշխանութիւններուն, որոնք թրքավարի ուղղութիւնը բռնած են:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան
Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմին

Մայիս 23, 2022 – Լոս Անջելըս

վերածնունդի Մարմին Լիբանանի Շրջան-ի կողմէ ֆէսպուքով հրապարակուած յօդուածը որ ստորագրուած էր, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմին-ի կողմէ, Լոս Անջելըս

Կարդացի յօդուածը եւ շատ շուտով տխրեցայ, որ այսօր 2022 թուականն ենք եւ տակաւին չեն արթնցած իրենց խոր քունէն:
1887,ի հիմուած կուսակցութեան այսօրուայ յօդուածագիրը, խեղաթիւրել, խեղաթիւրել, եւ խեղաթիւրել, վասն այսօրուայ խամաճիկ վարչապետին:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը վերնախաւը եւ անդամները ազատ են սատարելու այսօրուայ իշխանութիւններուն, իրենց գիտնալիքն է, իրենց որոշումն է, բայց ազատ չեն ինծի ալ մէջը մխրճելու առանց իմ գիտակցութեան:

Յօդուածագիրը գրածը – Ա.- Սփիւռքը միատարր զանգուած չէ եւ չէ եղած երբեք։ Հոն կը գործեն տարբեր կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ ժողովրդային շերտեր: Հետեւաբար, որեւէ կազմակերպութիւն իրաւունք չունի խօսելու ամբողջ Սփիւռքահայութեան եւ յատկապէս Ամերիկահայութեան անունով:

Ուրեմն:

Յօդուածագիրի գրութիւնը նկատի ունենալով, նոյիսկ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը իրաւունք չունի խօսելու ամբողջ Սփիւռքահայութեան անունով, կրնայ խօսիլ միայն իր անդամներու անունով:

Հարմանտայեան Արմենակ 26 Մայիս 2022 Փարիզ

<վերածնունդի Մարմին Լիբանանի Շրջան>

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail