Անդրադարձ – Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հարցականներ` Ուքրանիոյ Պատերազմին Մասին – ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Cultural Genocide – State Cultural Genocide by the Fascist Regime of Azerbaijan *–* Génocide culturel – Génocide culturel d'État par le régime fasciste d'Azerbaïdjan

Անդրադարձ – Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հարցականներ` Ուքրանիոյ Պատերազմին Մասին – ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

27 ՄԱՅԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՍՓԻՒՌՔ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Այս պատերազմը կը նախատեսուէ՞ր:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Նախ եւ առաջ ըսեմ, որ չյայտարարուած պատերազմ է, կամ բախում` Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի միջեւ, որուն վայրն ու զոհը Ուքրանիան է:

Գալով հարցումին, շատ յստակ յայտնի էր պատերազմին գալուստը` նկատի առնելով այն բոլոր ճնշումներն ու սադրանքները Ռուսիոյ դէմ, Արեւմուտքին կողմէն ծրագրուած եւ գործադրուած, որուն վերջին փորձը կատարուեցաւ Ղազախստանի մէջ, ներքին ըմբոստութեամբ մը տապալելու իշխող վարչակարգը` զայն փոխարինելու արեւմտամէտ վարչակարգով: Ռուսիոյ նախագահ Փութին արագ շարժեցաւ եւ սաղմին մէջ խեղդեց ըմբոստութիւնը` այնտեղ ուղարկելով զօրք եւ զինամթերք ՀԱՊԿ-ի երկիրներէն, Հայաստանն ալ մէջը ըլլալով: Ան գիտէր, որ Արեւմուտքը ձեռնածալ չէ եւ պիտի շարունակէ իր դաւադրութիւններն ու սադրանքները: Ուստի լաւագոյն միջոցը` ասոնց վերջ տալու, հակայարձակումի անցնիլն է, հասկցնելու համար Արեւմուտքին, որ Խորհրդային Միութիւնը ճիշդ է, որ փլած է, սակայն չէ կորած, ան ունի ժառանգորդ, որուն հետ հաշիւի պէտք է նստիլ, նախքան որեւէ արարք, որ կը հակասէ Ռուսիոյ շահերուն:

Չափուի՞լ կ՛ուզէք հետս, ահա ձեզի առիթ, բայց ոչ այստեղ, այլ Ուքրանիոյ մէջ: Սակայն նախքան այդ` Փութին Չինաստան այցելեց, անոր հաւանութիւնը առաւ եւ գործադրեց իր որոշումը` պատրուակելով պաշտպանելու իրաւունքը իր սահմաններուն մօտ անկախութիւն հռչակած զոյգ հանրապետութիւններուն, զորս նախապէս ճանչցած էր:

Արեւմուտքը անակնկալի եկաւ եւ անճրկեցաւ: Իր դիմաց կանգնած էր հաստատամիտ հսկայ մը` հիւլէական ատամներով օժտուած, որուն հետ ուղղակի ճակատիլը կրնար համաշխարհային աղէտի յանգիլ, իսկ ձեռնպահ կենալով` իր վարկը պիտի տուժէր: Ուստի ան ընտրեց անուղղակի ճակատումը` զինելով Ուքրանիան, նաեւ նոր պատժամիջոցներ հաստատելով անոր դէմ: Սակայն Ուքրանիան որքանո՞վ կարող է ստացած զէնքերը արդիւնաւէտ կերպով օգտագործել, իսկ նոր պատժամիջոցները կրնա՞ն նպատակին հասնիլ, երբ հիները արդիւնք չտուին: Անոնք միայն պատերազմը երկարելու կը ծառայեն: Ռուս ժողովուրդը վարժ է տոկալու` գօտիները սեղմելով: Ո՛չ Նափոլէոն Պոնափարթ, ո՛չ ալ Ատոլֆ Հիթլեր կրցան ընկճել զինք, այլ չարաչար պարտուեցան:

Արդեօք Ամերիկա ունի՞ գերագոյն պատժամիջոց, զոր վերջուան կը պահէ: Ինչո՞ւ այս պահուն, երբ միջազգային տնտեսութիւնը դանդաղած է պատերազմին պատճառով, ան նոր տեսակի տոլարներ կը տպէ: Ասոր մէջ յետին միտք մը կայ:

Հ.- Նոր տեսակի տոլարները կրնա՞ն օգտագործուիլ որպէս պատժամիջոցներ:

Պ.- Ինչպէս գիտէք` Ամերիկան իր տոլարներով ողողած է ամբողջ աշխարհը: Ասոնք թէ՛ արժէքաւոր են, եւ թէ անարժէք թուղթի կտորներ, նայած ասոնց արժէքին երաշխաւորումը Ամերիկային կողմէ: Ուստի Ամերիկա պարտապան է ամբողջ աշխարհին, այսինքն պարտք ունի հատուցանելու ոսկիով կամ ապրանքով բազմամիլիառ տոլարները պահ դրուած աշխարհով մէկ: Կարողութիւն ունի՞ մէկ անգամէն մարել իր ամբողջ պարտքը: Այո՛, եթէ անոնց վրայ պառկի, նոր տոլարներ տպելով, եւ հիները չեղեալ որակելով` առանց զանոնք նորերով փոխանակելու:

Երեւակայեցէք, որքան պետութիւններ, որոնք իրենց հարստութիւնը տոլարներով պահ դրած են, պիտի սնանկանան: Ամերիկա այդքան ալ անհոգ չէ: Ան իրեն բարեկամ երկիրներուն հին տոլարները պիտի փոխանակէ նորերով, իսկ թշնամի համարուած երկիրներունը` ոչ, զանոնք պատժելու պատրուակով: Արդէն Ռուսիա կռահած է եկող վտանգը, եւ սկսած իր վաճառքին դիմաց ռուբլի պահանջել:

Իսկ Չինաստան ո՞ր խումբին մէջ կ՛իյնայ` բարեկա՞մ, թէ՞ թշնամի: Անոր կշիռը մեծ է ներկայ պատերազմին մէջ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Չինաստան ի՞նչ դեր կրնայ ստանձնել:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Չինաստան շատ զգուշ է իր մտահոգութիւնները բացայայտելու: Ան երբեք չ՛ուզեր Ռուսիոյ պարտութիւնը, որ զինք մինակ պիտի ձգէ Արեւմուտքին դիմաց: Միւս կողմէն, չ՛ուզեր նաեւ պատժամիջոցներու ենթարկուիլ եւ այդպէս կորսնցնել իր կուտակած տոլարներով հարստութիւնը: Ուստի ան չէզոքութիւն կը պահէ, այնքան ատեն որ Ռուսիա ինքնաբաւ է, եւ արտաքին օգնութեան կարիք չկայ: Արդարեւ, այնտեղ` երկրին տարածքին, ամէն ինչ անխափան կը գործէ, պաշտպանուած ըլլալով հիւլէական հովանոցով` Արեւմուտքի հաւանական աւերիչ գործողութիւններուն դէմ:

Ըստ անգլիացի դիւանագէտի մը, այս պատերազմը երկար պիտի տեւէ, գուցէ տարիներ: Այս պարագային ան մեծ ողբերգութիւն է նախ եւ առաջ, անշուշտ, Ուքրանիոյ, յետոյ ամբողջ Եւրոպայի համար, ուր ժողովուրդը ոտքի պիտի ելլէ սղութեան եւ անգործութեան դէմ` զանգուածային բողոքի ցոյցերով պատերազմին վերջ տալու: Սա կրնայ տեղի ունենալ Չինաստանի միջնորդութեամբ: Ան պիտի գտնէ համաձայնութեան եզր նախ զինադադար հաստատելու, որմէ ետք բանակցութիւններու սկսելու` վերջնական խաղաղութեան համար: Դիւրին պիտի չընթանայ այդ, սակայն պիտի հասնին անոր: Համաձայնութեան գլխաւոր կէտը` չէզոքութիւն պիտի սահմանէ Ուքրանիոյ:

Այսպէս, խաղաղութիւն հաստատուած, առանց ՕԹԱՆ-ին լուծարումին Չինաստան եւ Ռուսիա պիտի հիմնեն անոր հակադիր ուխտ մը, որ պիտի կոչուի «POTO» (Pacific-Ocean Treaty Organization), եւ որուն պիտի անդամակցին եւրոպական եւ ասիական երկիրներ: Իսկ տնտեսական գետնի վրայ պիտի հիմնուի Եւրասիական Միութիւնը հասարակաց դրամանիշով` կոչուած եւրաս, եւրոյի օրինակով:

Սա մէկ տարբերակն է պատերազմին աւարտին:

Հ.- Ուրիշ ի՞նչ տարբերակ կայ այս պատերազմը կասեցնելու եւ խաղաղութիւն հաստատելու:

Պ.- Պէտք չէ բացառել պետական հարուած Ուքրանիոյ մէջ` կատարուած խումբ մը բարձրաստիճան, հայրենասէր եւ հեռատես զինուորականներու կողմէ, որոնք պիտի ըմբռնեն այս պատերազմին եղբայրասպան բնոյթը` երկու արիւնակից ժողովուրդներուն միջեւ: Անոնք` իշխանութիւն ձեռք առնելով, զինադադար պիտի յայտարարեն, որմէ ետք նպաստաւոր պայմաններով խաղաղութեան փաստաթուղթ (համաձայնագիր) պիտի կնքեն Ռուսիոյ հետ, փոխան Ուքրանիոյ վերադարձին` իր մեծ եղբօր հովանիին տակ: Խրիմէի կարգավիճակը վերաքննելի հանգամանքով ապագայի պիտի ձգուի:

Հ.- Ի՞նչ եզրակացութիւն քաղել:

Պ.- ՕԹԱՆ անզօր է ուղղակի պաշտպանելու` իր իսկ ոտքի հանած երկրին ապահովութիւնը, երբ իրեն դէմ ցցուի առնուազն իրեն հաւասար զինուորական ուժ:

Ան մշտական աղբիւր է բախումներու` իր մենատիրական ձգտումներով եւ սադրանքներով` յափշտակելու երկրագունդին մարդկութեան ընծայած բարիքները:

Ուստի անհրաժեշտ է անոր լուծարումը` աշխարհին խաղաղութիւնը պահպանելու համար: Հակառակ պարագային, հիմնել ՕԹԱՆ-ին հակադիր Ուխտ, ինչպէս նշուած է վերը` զայն չէզոքացնելու համար:

ՄԱԿ-ը գոյութիւն ունէր արդէն, երբ ՕԹԱՆ հիմնուեցաւ Ամերիկային կողմէ` որպէս գործիք իր նպատակներուն հասնելու, քանի որ ՄԱԿ-ին մէջ վեթոյի դրութիւն կար: Այսուհանդերձ, ՕԹԱՆ չի կրնար ՄԱԿ-ը փոխարինել: Սակայն այս վերջինը բարեփոխութեան կը կարօտի, արդար եւ գործունեայ դառնալու համար: Ուստի հարկ է այնտեղ հիմնել մնայուն պատմագիտական յանձնախումբ, կազմուած յախուռն մասնագէտներէ` լաւատեղեակ ազգերու դարաւոր պատմութեան, լաւապէս պաշտպանելու համար ասոնց ժառանգական իրաւունքները ոտնձգութիւններու դէմ, եւ ան իրաւասութիւն ունենայ վաւերացնելու կամ մերժելու, իրաւացիօրէն, որեւէ որոշում` տուած գլխաւոր ժողովին կողմէ: Նաեւ ան ունենայ ուժ` գործադրել տալու վաւերացուած որոշումը: Յուսամ կը հասնինք ասոր:

Մինչ այդ, կը մաղթեմ այս պատերազմին շուտափոյթ վախճանը, որպէսզի ան մագլցում չ՛արձանագրէ, հասնելու համար համաշխարհային պատերազմի` իր աշխարհակործան հետեւանքներով:

Աստուած օգնական մարդկութեան:

30-4-2022

aztagdaily.com/archives/547290

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail