Անընդունելի է ԵՄ Առաջնորդը Միջնորդէ Խաղաղութեան Համար՝ Զոհաբերելով Ճնշուած Կողմի Իրաւունքներն ու Կարիքները․ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակ
29 ՄԱՅԻՍ 2022 – ՀԱՅ ԴԱՏ:
Իբրեւ համաեւրոպական քաղաքացիական հասարակութեան համայնքային կազմակերպութիւն՝ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբը եւ ԵՄ երկիրներու մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերը, ներկայացնելով ԵՄ հայ քաղաքացիներու զգալի մասը, իրենց խոր դժգոհութիւնը կը յայտնեն Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի վերջին յայտարարութեան առնչութեամբ, որ հրապարակուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ 2022 թուականի Մայիս 22-ի եռակողմ հանդիպումէն ետք։
Խաղաղութեան ուղղուած միջնորդութիւնը անհրաժեշտ է եւ ողջունելի։ Այնուամենայնիւ, էական է ապահովել, որ խաղաղութեան բանակցութիւնները հիմնուած ըլլան արդարութեան վրայ, այլ ոչ թէ անկիւն մղելով երկու մենատիրական վարչաձեւերու կողմէ, ինչպէս՝ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան, արատաւոր յարձակման զոհ դարձած կողմին։ Ի դէպ, Թուրքիան ճիհատիստ վարձկաններ տեղափոխած էր Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայ բնակչութեան դէմ։ Անընդունելի է, որ ԵՄ առաջնորդը միջնորդէ խաղաղութեան համար՝ զոհաբերելով ճնշուած կողմի իրաւունքներն ու կարիքները։
Դժբախտաբար, նախագահ Միշելի վերջին յայտարարութիւնը կ՝արհամարհէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ ԵՄ-ի փաստաթղթաւորուած մօտեցումներուն հիմնական սկզբունքները եւ, ընդհանուր առմամբ, հակամարտութեան կարգաւորման կարեւոր հարցերուն մէջ կը հաստատէ Ազրպէյճանի դիրքորոշումը։
Շեղելով ԵՄ-ի տասնամեակներու մօտեցումներէն, ինչպէս նաեւ համապատասխան միջազգային բոլոր փաստաթուղթերէն՝ Շարլ Միշել կ՝օգտագործէ «Ղարաբաղ» անորոշ ձեւակերպումը «Լեռնային Ղարաբաղ»-ի փոխարէն, որ որոշակի տարածք ունեցող քաղաքական միաւոր է։ Այսպիսով, Եւրոպական խորհուրդի նախագահը կը կրկնէ Ազրպէյճանի նախագահին տեսակէտը՝ ակնարկելով, որ Լեռնային Ղարաբաղը, իբրեւ վայրկ, գոյութիւն չունի, որ իր էութեամբ ցեղասպանական մօտեցում է։
2022 թուականի Մարտին Եւրոպական խորհրդարանը ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան շարունակական ոչնչացման վերաբերեալ բանաձեւ՝ արձանագրելով, որ «հայկական մշակութային ժառանգութեան վերացումը կը հանդիսանայ համակարգուած եւ պետական մակարդակով հովանուորուող հայատեացութեան, պատմական վերաքննութեան եւ հայերու նկատմամբ ատելութեան քաղաքականութեան աւելի լայն օրինաչափութեան մէկ մասը, որ կը խրախուսուի Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ»: Միայն «Ղարաբաղ» դարձուածքի օգտագործումը ակնյայտօրէն Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայ բնակչութեան նկատմամբ ազրպէյճանական շարունակուող ցեղական զտումներու եւ իր էութեամբ ցեղասպանական քաղաքականութեան հերթական դրսեւորումն է։
Սոյնով պարոն Շարլ Միշելին կը յիշեցնենք, որ, իբրեւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ, անոր միջնորդութիւնը պէտք է հիմնուի հետեւեալ փաստերուն եւ հանգամանքներուն վրայ.
- ԵՄ-ի եւ Հայաստանի միջեւ «Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը» (CEPA), որ ուժի մէջ մտած է 2021 թուականի Մարտին, «կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը՝ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ ամրագրուած նպատակներու եւ սկզբունքներու, եւ ԵԱՀԿ Հելսինկեան եզրափակիչ ակտի հիման վրայ, ներառեալ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքը»՝ իբրեւ երեք հիմնական սկզբունքներէն մէկը։
- Պաքուի իւրաքանչիւր անմիջական վերահսկողութիւն Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ անխուսափելիօրէն կը նշանակէ անոր հազարամեայ բնիկ հայ բնակչութեան ցեղական զտում։ Ուստի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը, որ պէտք է արտացոլուի Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան կամքի ժողովրդավարական արտայայտութեամբ, առաջնային է բնակչութեան երկարաժամկէտ ու կայուն անվտանգութեան ապահովման եւ հայրենիքի մէջ ապրելու իրաւունքի երաշխաւորման համար։
- Փոխադրամիջոցային/հաղորդակցական կապերու ապաշրջափակումը պէտք է իրականացուի՝ յարգելով Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը։ Նոր հակամարտութեան համար հիմքեր ստեղծելու ցանկացած հնարաւոր վտանգ պէտք է բացառուի։
- Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմաններու սահմանազատումը եւ սահմանագծումը չեն կրնար կատարուիլ ուժի կիրառման հետեւանքով եւ պէտք չէ իրականացուին հապճէպ՝ առանց հաշուի առնելու անոր բոլոր հետեւանքները։
- Ազրպէյճանը պէտք է անյապաղ դադրեցնէ հայատեացութեան պետական քաղաքականութեան բոլոր դրսեւորումները։
- Հետեւելով Եւրոպական խորհրդարանի, ինչպէս նաեւ ԵՄ շարք մը անդամ երկիրներու խորհրդարաններու բանաձեւերուն՝ Ազրպէյճանը պէտք է անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակէ բոլոր հայ ռազմագերիները։
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը ՀՀ կառավարութենէն նաեւ կ՝ակնկալէ, որ բանակցութիւններու ընթացքին ան պնդէ վերոնշեալ բոլոր կէտերը։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
26.05.2022 թ.
yerakouyn.com/2022/05/26/անընդունելի-է-եմ-առաջնորդը-միջնորդէ-խ/