Սիմոն Վրացեանի պատմական ելոյթը Աթէնքի մէջ – Սիմոն Վրացեանի պատմական ելոյթը Աթէնքի մէջ – Ազատ Օր
29 ՄԱՅԻՍ 2022 – ՀԱՅ ԴԱՏ:
Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեան 1964-ին հրաւիրուեցաւ Յունաստան, բանախօսելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 46-ամեակի պանծալի հանդիսութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ։ Ներկայ թիւով կը հրատարակենք Աթէնքի հանդիսութեան թղթակցութենէն հատուած մը, նկարագրելով Վրացեանի խօսքը, որ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ աւելի քան 1700 հանդիսականներէն, որոնք հայ ժողովուրդի մեծանուն հայու դէմքին վրայ տեսան Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման ու բարգաւաճման ամբողջական մարմնացումը։
Եւ ահա Հայաստանի նախկին վարչապետը՝ բեմին վրայ: Բուռն ծափահարութիւններ: Ո՞վ չէ լսած իր անունը եւ ո՞վ չէ կարդացած իր գրութիւնները: Մասնաւորաբար, մեր վերջին վաթսունամեակի փոթորկալի պատմութեան կենդանի վկաներէն մէկն է ան: Հայ ազատագրական շարժման պատմութեան ճանապարհին վրայ, վերցուցէք որեւէ քար եւ անոր տակէն, ուրիշներու կարգին, դուրս պիտի գայ Սիմոն Վրացեան: Ականատես վկայ, պատասխանատու գործիչ եւ մեր նորագոյն պատմութեան Մովսէս Խորենացին:
Ընկեր Վրացեան իր խօսքը սկսաւ, նախ հայ ժողովուրդի երախտագիտական զգացումները յայտնելով հելլէն ժողովուրդին եւ կառավարութեան, որ տասնամեակներէ ի վեր ապաստան տուած են հայ բեկորներուն, որոնք ազատօրէն կը տօնեն իրենց անկախութեան տարեդարձը:
Ապա անդրադարձաւ հայ եւ հելլէն ժողովուրդներու ճակատագրի նոյնութեան:
Օսմանեան կայսրութեան փլուզումը,- ըսաւ,- սկսաւ Պալքանեան ժողովուրդներու ազատագրական շարժումով եւ այդ շարժումին գլխաւոր դրօշակիրը հանդիսացաւ Հելլադան:
Ընկեր Վրացեանի երեք քառորդ ժամ տեւած բանախօսութիւնը, անշուշտ կարելի չէ տալ ճշգրտօրէն, միայն լսելով: Բարեբախտաբար, բանախօսութիւնը երիզագրուեցաւ եւ կը յուսանք թէ՝ պիտի հրատարակուի քանի մը օրէն:
Քանի մը մտքեր միայն.-
Մայիս 28-ը մեր անցեալի յիշատակն է եւ ապագայի յոյսը: Հայոց անկախութիւնը կերտուեցաւ միայն հայ ժողովուրդին կողմէ: Պարտուած թուրքը ստիպուեցաւ ճանչնալ Հայաստանի անկախութիւնը: Այդ անկախութեան տարեդարձը կը տօնէ Սփիւռքի ամբողջ հայութիւնը: Կը տօնէ նաեւ Հայաստանի երկու միլիոն հայութիւնը՝ իր հոգիին մէջ:
Այսօր չկայ ազատութիւնը, բայց կայ Հայաստանը: Անոր խորհրդային կառավարութիւնը չէ եւ չի՛ կրնար ըլլալ ամենայն հայոց կառավարութիւն, որովհետեւ, ենթակայ է Մոսկուայի: Բայց, ինչ որ ալ ըլլայ, այդ խորհրդային կառավարութիւնը հայրենի հողին ուժով պարտաւոր է հայանալ: Եթէ մեր հայրենիքը այսօր ըլլայ ազատ, հայութիւնը փոխանակ Գանատա, Աւստրալիա կամ այլուր արտագաղթելու մասին մտածելու, պիտի մտածէր հայրենիքին մէջ հաստատուելու մասին: Շինարար հայ ժողովուրդը իր ազատ հայրենքին մէջ կրնար հրաշքներ գործել: Ժամանակաւոր է սակայն, այս կացութիւնը: Վարչաձեւերը կ՚երթան, բայց կը մնայ հայրենիքը:
Մենք այդ հայրենիքին հետ ենք: Անոր իսկական բարեկամները մե՛նք ենք: Երբ 1921-ի գարնան, իբր կառավարութիւն կը լքէինք Հայաստանի հողը, մենք ուխտեցինք մնալ հայրենիքին հետ: Եւ մնացինք:
Մենք դէմ եղանք եւ ե՛նք այսօր ալ որեւէ զինական գործողութեան, որ վտանգի կրնայ ենթարկել մեր հայրենիքը: Խորհրդային վարչաձեւը իր բոլոր չարիքներով, գոնէ քառասուն տարուան խաղաղութեան շրջան մը ապահովեց հայրենի մեր ժողովուրդին: Յաճախ, մեզի առաջարկներ ներկայացուած են մեր սահմանակից դրացիներէն զէնքի դիմել խորհրդային վարչաձեւին դէմ: Մենք դէմ եղած ենք եւ պիտի ըլլանք մի՛շտ այդ առաջարկներուն, այնքան ատեն որ թրքական վտանգը Դեմոկլեան սուրի պէս գոյութիւն ունի մեր գլխուն վերեւ:
Թուրքը ծրագրեց յիսուն տարի առաջ մեզ բնաջնջել: Բայց, չյաջողեցաւ: 1914-ին ընդհանուր հայութեան թիւը չորս միլիոնի մօտ էր: Իսկ այսօր, 4 միլիոնէն աւելի: Աշխարհ այսօր բաժնուած է երկու ճակատներու: Հեռու չէ այն օրը, երբ գոյութիւն պիտի ունենայ միայն մէկ աշխարհ եւ անոր մէջ ազատ ապրելու իրաւունք պիտի ունենան բոլո՛ր ժողովուրդները, առանց բռնութեան դիմելու:
Երբ Ափրիկէի կիսավայրենի ժողովուրդներն անգամ իրենց անկախութեան եւ ազատութեան կը տիրանան, անկարելի է, որ դարաւոր մշակոյթ եւ քաղաքակրթութիւն ունեցող մեր ժողովուրդը մնայ բռնակալութեան մը լուծին տակ, նեղ սահմաններով: Ատոր համար կ’ըսեմ որ, Մայիս 28-ը մեր ապագայի յոյսն է: Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը: Կեցցէ՛ ազատ եւ ամբողջական Հայաստանը:
Ընկեր Վրացեան խօսեցաւ ո՛չ թէ իբր կուսակցական, այլ իբր հարազատ եւ անաչառ հայ, որ ունի միայն մէկ մտահոգութիւն,- Հայաստանը եւ այդ Հայաստանի ազատութիւնը եւ ամբողջացումը:
azator.gr/?p=19582