Խմբագրական. Նոր Էջ Բանալու Համար (Մայիս 28-ի Առիթով) – ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ

Խմբագրական. Նոր Էջ Բանալու Համար (Մայիս 28-ի Առիթով) – ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ

28 ՄԱՅԻՍ 2022 – ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ:

Մայիսքսանութեան այժմէական խորհուրդը ամէնէն ուշագրաւ կերպով կը կեդրոնանայ մեր երկրի գերիշխանութեան եւ անկախութեան պահպանման այսօրուան հրամայականին վրայ:

44-օրեայ պատերազմէն ետք երկիրը վերայայտնուեցաւ թրքական եւ ազրպէյճանական աքցանին մէկ կողմէ, եւ ռուս-թրքական ռազմավարական մերձեցման գործողութիւններու հետեւանքները կրելու իրականութեան առջեւ` միւս կողմէ:

Հիմա շատ կը շահարկուին Ալեքսանդրապոլի եւ Կարսի դաշնագիրները կամ հողային կորուստներու խնդիրը` Ա. Հանրապետութեան անկման օրերուն:

Պատմաքաղաքական հանգամանքները բոլորովին տարբեր են: Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը ստորագրած են արդէն իսկ խորհրդային ուժերուն իշխանութիւնը յանձնած Ա. Հանրապետութեան ներկայացուցիչները: Իսկ Կարսի պայմանագիրը ստորագրող երկու միաւորները այդ պահուն չեն ներկայացուցած ո՛չ Անգարան եւ ո՛չ ալ Մոսկուան: Քեմալ-Լենին համաձայնութիւնն էր, որ յանգած էր նաեւ Կարսին, երբ երկու յեղափոխութիւններուն առաջնորդները տակաւին չէին ստանձնած իշխանութիւնը:

Ճիշդ այս պատճառով է, որ Անգարայի իրերայաջորդ վարիչները կը շարունակեն առաջադրել նոր համաձայնագիրի ստորագրութիւն, ուր Հայաստանի Հանրապետութեան հետ պիտի կատարուի տարածքային փոխճանաչումը: Ցիւրիխեան արձանագրութիւնները ա՛յդ կ՛առաջադրէին: Հիմա նոյնը կ՛առաջադրէ Անգարան` Երեւանի հետ իր երկխօսութեան ընթացքին:

Երկու կողմերը կը յայտարարէին, որ քննարկումները կ՛ընթանան առանց նախապայմաններու: Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը պարզ դարձուց, որ օրակարգի վրայ է Թուրքիա-Հայաստանի Հանրապետութիւն սահմանագծումը: Այս մէկը պարզապէս դասական նախապայմաններու կարեւորագոյն կէտն է:

Հայկական կողմին կը պարտադրուի երկու ուղղութեամբ զիջում: Պարզ է, որ թուրքեւազրպէյճանական կողմը պիտի պարտադրէ միակողմանի զիջումներ, յատկապէս` պատերազմի արդիւնքներուն անմիջական հանգրուանին:

Կը թուի, որ Երեւանը նոյնիսկ ժամանակ շահելու մարտավարութեան դիմելու առաձգականութիւնն ու հնարաւորութիւնը չունի: Ազգային-պետական շահը կը թելադրէ վերադառնալ 0 կէտի եւ բանակցութիւններուն նոր հայեցակարգ, բովանդակութիւն եւ փիլիսոփայութիւն հաղորդել:

Իսկ նոր էջ բանալու համար անհրաժեշտ են նաեւ նոր իշխանութիւններ: Իշխանափոխութիւնը ընդդիմութիւն-իշխանութիւն ընթացիկ մրցապայքարի էութենէն վեր հրամայական է այսօր: Առաջադրանք է հայկական կողմին նոր հնարաւորութիւն ընձեռելու, կորսուածը վերականգնելու, ներհասարակական համերաշխութիւն ստեղծելու, գերիշխանութիւնը գերակայելու եւ այդ բոլորին ապահովումով արժանապատիւ խաղաղութիւն ապահովելու:

Այլապէս խաբուսիկ, դիւրաբեկ խաղաղութեան համար միակողմանի պարտադրուած զիջումները թէ՛ խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն մեր գերիշխանութիւնը եւ թէ՛ կը խախտեն մեր տարածքային ամբողջականութիւնը:

Պէտք է վերջ տալ արհեստական եւ կեղծ համեմատութիւններուն. մայիս 28-ի սերունդը ոչինչէն եւ անձեւ քաոսէն ստեղծեց հանրապետութիւն եւ խորհրդային իշխանութեան փոխանցեց հայոց հայրենիքը` գերադասելով ժողովուրդի անդորրութիւնն ու երկրին կայունութիւնը:

Համեմատութիւնը այժմէական կարգով այլ երեւոյթներու միջեւ հարազատ զուգահեռներ կը գծէ: Խաբուած ըլլալու հաւաքական հոգեբանութիւնը առաջնորդեց Փետրուարեան ապստամբութեան: Հիմա համաժողովրդական զարթուցիչը ոտքի կը հանէ գործող իշխանութիւններէն խաբուած ըլլալու զգացողութիւնը ունեցող զանգուածները:

Մայիս 28-ը անկախութիւն է, գերիշխանութիւն է եւ արժանապատիւ խաղաղութիւն: Բացարձակ արժէք, որուն վերականգնման պիտի ձգտի ամբողջ ազգը:

www.aztagdaily.com/archives/547457

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail