Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի Թիւերն Ու Փաստերը (1939-1945)
8 սեպտեմբեր 2015
Համօ Պետրոսեան կը գրէ.
100 տարի առաջ, Ա. Համաշխարհային պատերազմին մօտաւորապէս 15 միլիոն զինուորներ եւ քաղաքայիններ զոհուեցան, եւ աշխարհի մարդկութեան հասցուցած անոր տառապանքները ու բացած վէրքերը չէին բուժուած դեռ բոլորովին, հաշտութիւն կնքուած էր յաղթական դաշնակիցներու եւ պարտուած կողմերու միջեւ:
82 տարի անցաւ այն օրէն ի վեր, երբ Ատոլֆ Հիթլեր 30 յունուար 1933-ին Գերմանիոյ վարչապետ նշանակուեցաւ եւ իշխանութիւնը ձեռք առաւ` աջակցութեամբ իր հիմնած «Ազգային ընկերվարական գերման բանուորական կուսակցութեան» (նացի):
76 տարի առաջ, 1 սեպտեմբեր 1939-ին, տեղի ունեցաւ Բ. Համաշխարհային պատերազմը, որ վճռական դարձակէտ մը կազմեց Եւրոպայի ժամանակակից պատմութեան մէջ: Մօտ 50 միլիոն զինուորներ եւ քաղաքայիններ զոհուեցան միայն Եւրոպայի մէջ:
1931
Հոկտեմբեր 27-ին Նիւ Եորքի մէջ, «Իլեքթրիք» ընկերութեան մէկ ճաշկերոյթի ժամանակ, «Սիմընս» ընկերութեան տէրը` Քար Ֆրտրիշ Ֆոն Սիմընսը յայտարարած է. «Ատոլֆ Հիթլերի շարժման արմատն է` պայքար ընդդէմ ընկերվարութեան»:
1932
Յունուար 27-ին Գերմանիոյ Տիւսելտորֆ քաղաքի գործարանատէրերու ակումբին մէջ աւելի քան 700 տնտեսական պետերու ներկայութեան Ատոլֆ Հիթլեր հետեւեալը յայտարարած է. «Մենք վերջնականապէս որոշած ենք մարքսականութիւնը մինչեւ իր վերջին արմատը Գերմանիոյ մէջ կտրել եւ փճացնել»:
Մայիս 30-ին Գերմանիոյ նախագահ մարշալ Փաուլ Ֆոն Պենեքնթորֆ Հինտենպուրկ (1847-1934) վարչապետ Հայնրիշ Պրունիկը (1885-1970) կը հեռացնէր պաշտօնէն, յունիս 1-ին անոր տեղը կը նշանակէր զօրաւոր կայսերական մը Ֆրանց Ֆոն Փափենը:
1933
Նացիներուն իշխանութեան գլուխ գալուն համար, «Օթօ Վոլֆ Մոնթան» ընկերութիւնը, «Թրեսթներ» դրամատունը, «Կուսթաֆ քրուփ ֆոն Պոհլին», «Հալպախ» ընկերութիւնը, «Սիմընս» ընկերութիւնը եւ տասնեակ ուրիշ մեծ եւ փոքր ընկերութիւններ օգնեցին Ատոլֆ Հիթլերին` բարոյապէս եւ նիւթապէս, որ կարենայ վերջին պահպանողական ընդդիմադրութեան յաղթահարել:
Յունուար 30-ին նացի բռնատէր Ատոլֆ Հիթլեր դրամատէրերու օգնութեամբ իշխանութեան գլուխ եկաւ եւ մնաց 12 տարի:
Մարտ 13-ին Փաուլ Եոզեֆ Կոպելս (1897-1945) կը նշանակուի քարոզչութեան նախարար:
Օգոստոս 2-ին կը մահանայ Գերմանիոյ նախագահ մարշալ Հինտենպուրկը, Ատոլֆ Հիթլեր կը դառնայ Ֆիւհրեր ռայշս քանցլըր-վարչապետ նախագահ` գերման Բ. կայսրութեան եւ գլխաւոր հրամանատար բանակին:
«Առանց գերման գործարանատէրերու եւ նացի կուսակցութեան միասնական աշխատանքին` Ատոլֆ Հիթլեր եւ իր կուսակցութեան անդամները որեւէ անդամ չէին կարող Գերմանիոյ իշխանութիւնը ձեռք առնել եւ ամրացնել եւ Երրորդ ռայշը չէր համարձակեր աշխարհը պատերազմի մէջ կործանել»:
Այս խօսքերը արտասանած է ամերիկացի դատախազը 27 օգոստոս 1947-ին Նիւրենպերկի պատերազմական մարդասպաններու դատարանին մէջ:
ww-2_9-08-15ww-1_9-08-151936 մարտին Ատոլֆ Հիթլեր կը գրաւէր Ռայնլանթի-Ռուհրի ճարտարարուեստական հարուստ շրջանը:
1938 մարտ 13-ին գերման բանակը կը շարժի դէպի Աւստրիա եւ առանց պատերազմի կը գրաւէ ու կը միացնէ Գերմանիոյ` Մեծն Գերմանիա կազմելով:
1938 սեպտեմբերին Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Անգլիոյ միջեւ Միւնիխ քաղաքին մէջ կը կնքուի համաձայնագիր մը, որով Չեխոսլովաքիոյ Զիւտեթնի շրջանը կը միացուէր Մեծն Գերմանիոյ:
1939
Մարտ 15-ին գերման բանակը այս անգամ կը մտնէ եւ կը գրաւէ Չեխիան:
Օգոստոս 22-ին Գերմանիան դեռ Լեհաստանը չէր գրաւած, Ատոլֆ Հիթլեր Օպերզալցպերկ քաղաքին մէջ իր հրամանատարներուն ու զօրավարներուն առաջ հետեւեալը խօսած է.
«Ես իմ մահաբեր խումբերուն հրահանգ տուած եմ, առանց ողորմութեան կամ գթութեան, տղամարդիկ, կիներ եւ երեխաներ, որոնք սլաւական ցեղին կը պատկանին, ոչնչացնել:
Միայն այսպէս կարող ենք մենք տէր դառնալ կենսատարածքի, որուն կարիքը մենք ունինք:
Ո՞վ կը յիշէ վերջապէս, այսօր դեռ հայերու բնաջնջումը»:
Օգոստոս 23-ին Ատոլֆ Հիթլեր ու Եոզեֆ Ստալին կը ստորագրեն ոչ յարձակողական դաշնագիր մը, ուր եւ կ՛որոշուի Լեհաստանը բաժնել իրենց միջեւ:
Սեպտեմբեր 1-ին գերման բանակը կը յարձակէր Լեհաստանի վրայ ճիշդ ժամը 4:45-ին եւ կը գրաւէ Լեհաստանի միայն կէսը:
Սեպտեմբեր 17-ին Խորհրդային Միութեան Կարմիր բանակը կը յարձակի եւ կը գրաւէ Լեհաստանի արեւելեան տարածքները եւ այսպիսով Լեհաստանը մօտ վեց տարի աշխարհի քարտէսին վրայէն կը չքանայ:
Այսպիսով կը պայթէր Բ. Համաշխարհային պատերազմը:
1940
Ապրիլ 9-ին գերմանական բանակները երկու շաբթուան մէջ կը գրաւեն Դանիան եւ Նորվեկիան, 5 շաբաթէն` Հոլանտան, 17 օրուան մէջ Պելճիքան, 6 շաբաթէն Ֆրանսան, 3 շաբաթէն` Յունաստանը, 11 օրէն Եուկոսլաւիան, ուրեմն Անգլիայէն զատ` Գերմանիոյ սահմանները հասած էին մինչեւ Պրեսթ-Լիթովսքի:
1941
Յունիս 22-ին Ատոլֆ Հիթլեր խզելով Մոսկուայի հետ կնքած բարեկամական դաշնագիրը` կը յարձակէր այս անգամ Խորհրդային Միութեան վրայ, Լեհաստանի վրայով, Լաթվիան, Լիթուանիան, Էսթոնիան, Պիելոռուսիան եւ Ուքրանիան կը գրաւուին, եւ գերմանացիք կը հասնին մինչեւ Լենինկրատի մօտերը, հարիւր հազարաւոր գերիներ կը բերեն Գերմանիա` գործարաններու մէջ գործելու:
Դեկտեմբեր 7-ին Գերմանիոյ դաշնակից Ճափոնի օդանաւատորմը յանկարծակի յարձակելով Միացեալ Նահանգներու` Փըրլ Հարպըրի վրայ, կը փճացնեն ամերիկեան նաւատորմը:
Դեկտեմբեր 11-ին Միացեալ Նահանգներն ալ պատերազմ կը յայտարարեն:
Ռուսական «ամառ»-ը շատ կարճ կը տեւէ Հիթլերի համար, օրէ օր վատ լուրեր կը հասնէին Պերլին, Լենինկրատի պաշարումը արդէն Հիթլերին մէջքը կոտրած էր, հիւանդ էր, մինակ էր, միայն մարշալ Կիւրինկը իրեն յոյսեր կու տար, գերման պաշարուած բանակին օդէն օգնել, բայց ան ալ չյաջողեցաւ:
265 հազար պաշարուած զինուորներէն մինչեւ պատերազմի վերջը 100 հազարէն աւելի սպաննուած էին, տասնեակ հազարներ` հիւանդ եւ վիրաւոր, միայն 34 հազար վիրաւոր պաշարուած էր, 90 հազար գերի կը տանին ռուսերը դէպի Ռուսիոյ զանազան կողմերը, պատերազմէն ետք շատ տարիներ ետք քիչեր կը յաջողէին վերադառնալ:
1944 յուլիս 20-ին գերմանական խումբ մը սպաները կը փորձէին Ատոլֆ Հիթլերը սպաննել, բայց չեն յաջողիր, բոլորն ալ կը գնդակահարուին եւ անոնց ընկերներն ու բարեկամները կը բանտարկուին:
1945 ապրիլ 28-ին Հիթլեր կ՛ամուսնանայ իր ընկերուհի Էվա Պրաունի հետ: 40 ժամ վերջ երկուքը միասին անձնասպան կ՛ըլլան «Ֆիւհրիրի պունքրի» մէջ:
1945 մայիս 8-ին գերմանական բանակի հրամանատար զօրավար Քայթելը չորս մեծ պետութիւններու առջեւ կը ստորագրէ Գերմանիոյ անձնատուութիւնը:
1945 սեպտեմբեր 2-ին Ճափոն պաշտօնապէս անձնատուր եղաւ, իրականութեան մէջ ամերիկեան երկու հիւլէական ռումբերը վերջացուցին Բ. Համաշխարհային պատերազմը:
«Little Boy»-ը 6 օգոստոսին կործանեց Հիրոշիմա քաղաքը: «Fat Man»-ը 9 օգոստոսին կործանեց Նակազաքի քաղաքը: Այս երկու քաղաքներուն մէջ մահացաւ 200 հազար հոգի:
Բ. Համաշխարհային պատերազմի սարսափի հաշուեկշիռը.
Պատերազմը տեւեց ճիշդ 5 տարի, 8 ամիս եւ 6 օր: Իսկ միայն Եւրոպայի մէջ տեւեց 2077 օր, 49.842 ժամ եւ 35 վայրկեան:
Պատերազմի վերջին 120 օրերը տեղի ունեցած են միայն Գերմանիոյ հողին վրայ:
Պատերազմին մասնակցած են 61 երկիրներ, որոնք իրարու դէմ պաշտօնական պատերազմ են յայտարարած: Եւրոպայի մէջ կային 5 չէզոք երկիրներ` Զուիցերիա, Սպանիա, Փորթուգալ, Իրլանտա եւ Շուէտ:
Բ. Համաշխարհային պատերազմը արժեց 375 միլիառ ամերիկեան ոսկի տոլար, Գերմանիոյ համար արժեց 657 միլիառ ռայշս մարք, Միացեալ Նահանգներուն համար` 109 միլիառ տոլար:
Պատերազմի ժամանակ մաս մը երկիրներու կորուստները.
Երկիր քաղաքայիններ զինուորներ
Խ. Միութիւն 7.000.000 13.000.000
Գերմանիա 3.640.000 3.250.000
Լեհաստան 6.000.000 120.000
Ֆրանսա 270.000 250.000
Եուկոսլաւիա 130.000 300.000
Իտալիա 70.000 330.000
Աւստրիա 230.000 40.000
Անգլիա 290.000 60.000
Եւրոպա 39.600.000,
մէջը ըլլալով հրեաներ` 5.900.000
Ասիա 20.950.000
Ընդհանուր 60.550.000
Խորհրդային Միութեան մէջ ապրող հայերը Բ. Համաշխարհային պատերազմին մասնակցած են աւելի քան 500 հազարով, եւ անոնցմէ 103-ը արժանացած են Խորհրդային Միութեան հերոսի կոչումին, իսկ զոհերուն թիւը հասած է 300 հազարի:
1945-ի ապրիլ եւ մայիս ամիսներուն Պերլինի շուրջ տեղի ունեցած ճակատամարտին զոհուած են մօտաւորապէս 250 հազար քաղաքացիներ եւ զինուորներ, միայն Պերլինի Ռայշսթակի շուրջ 30 ապրիլին զոհուած են մօտ 2000 հոգի:
Մայիս 2-ին խորհրդային բանակը բոլորովին գրաւած էր Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինը, բանակին մէջ էին նաեւ հայ ժողովուրդի բազմաթիւ զաւակներ` զօրավարներ, սպաներ եւ զինուորներ: Պիելոռուսիոյ ռազմաճակատի հրամանատար մարշալ Ժուքովի զինակիցն էր ռազմաճակատի քաղվարչութեան պետ` զօրավար Սարգիս Հալաջեան, հրասայլերու հրամանատար զօրավար Համազասպ Բաբաջանեան, կորպուսի հրամանատար զօրավար Սարգիս Մարտիրոսեան: Պերլին քաղաքի մէջ տեղի ունեցած կռիւներուն կը մասնակցէին` զօրավար Սարգիս Կարապետեան, զօրավար Իսահակ Գասպարեան եւ ուրիշ հրամանատարներ:
Պերլինի գրաւման եւ ճակատամարտին մասնակցող հայկական 89-րդ «Թամանեան» հռչակաւոր հրաձգային զօրաբանակի հրամանատար զօրավար Նուէր Սաֆարեան, 1943-ին Երեւանէն «Թամանեան» զօրաբանակին գլուխ անցած յաղթական մարտեր մղած էր նացի Գերմանիոյ բանակներուն դէմ Ղրիմի մէջ եւ մասնակցած էր Լեհաստանի այլ քաղաքներու ազատագրման, եւ անցնելով Օտեր գետը` գրաւած էր Ֆրանքֆուրթ-Օտերը ու մինչեւ Պերլին:
Հայ մեծանուն զինուորական զօր. Նուէր Գէորգ Սաֆարեան ծնած էր Վասպուրականի Արճէշ գիւղը, 1907-ին: 1915-ին տեղի ունեցան հայկական կոտորածները, գործադրուեցաւ պատմութեան աննախընթաց ցեղասպանութիւնը: Աւերուեցաւ հայրենի Արճէշը, ութ տարեկան պատանին որբացած ու անօթեւան պատահաբար յաջողեցաւ ազատիլ թրքական արիւնոտ եաթաղանէն: Գաղթի փշոտ ճամբան բռնածներուն մէջ էր Նուէրին մայրը` երկու զաւակներով, զանազան տառապանքներէ ետք յաջողեցան Էջմիածին հասնիլ:
1944-ին աշնան զօրավար Ն. Սաֆարեանի գունդերը հրաման կը ստանան տեղափոխուիլ մարշալ Գէորգի Ժուքովի ենթակայութեան տակ, արդէն ժամանակին Կովկասի մէջ զօր. Սաֆարեան ըսած էր` Կարս, Էրզրում, Վան չգիտեմ… բայց Պերլին կը մտնեմ:
Անմահ մեծ վանեցի զօրավար Նուէր Սաֆարեան կատարեց իր խոստումը, իր գունդերը հասցուց մինչեւ Պերլին եւ մասնակցեցաւ Պերլինի ճակատամարտին: Մինչեւ 50-60-ական թուականներուն Ռայշսթակի շէնքին քանդուած պատերուն վրայ հայերէնով գրուած էին ինքնագրեր, որոնք գրուած էին յաղթող հայ հերոս զինուորներու կողմէ:
Այո՛, «Թամանեան» զօրաբանակի հրամանատարի եւ իր անձնակազմի եւ ամբողջ հայ ժողովուրդի յաղթանակի հանդէսն էր:
Ազգասէր եւ հայրենասէր Սաֆարեանին դեռ 41 տարեկան է, երբ անաստուած պոլշեւիկ հայերը իրեն իբրեւ հիւանդ յայտարարեցին եւ ղրկեցին հանգստեան թոշակի:
Յետ երկարատեւ հիւանդութեան, 1982 սեպտեմբեր 2-ին, Երեւանի մէջ դեռ ՎԱՆը չազատած, մահացաւ հայ զինուորական տաղանդի մէկ հռչակաւոր ներկայացուցիչ` անմահ զօրավար Նուէր Գէորգ Սաֆարեան:
Ինծի համար մեծ պատիւ մըն էր 1978 մայիս 8-ին Երեւանի իր բնակարանին մէջ անմահ վանեցի զօրավարին ձեռքը եւ ճակատը համբուրել…
Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի Թիւերն Ու Փաստերը (1939-1945)
http://www.yerakouyn.com/?p=88608