Սասունցի Դաւիթէն եւ Մսրայ Մելիքէն Ետք՝ Նիկոլ եւ Ալիե՞ւ Պիտի Պատմեմ Թոռներուս – Յակոբ Պալեան

Սասունցի Դաւիթէն եւ Մսրայ Մելիքէն Ետք՝ Նիկոլ եւ Ալիե՞ւ Պիտի Պատմեմ Թոռներուս – Յակոբ Պալեան

Սասունցի Դաւիթէն եւ Մսրայ Մելիքէն Ետք՝ Նիկոլ եւ Ալիե՞ւ Պիտի Պատմեմ Թոռներուս – Յակոբ Պալեան

01 ՅՈՒՆԻՍ 2022 – – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ:

Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Սասունցի Դաւիթէն եւ Մսրայ Մելիքէն Ետք՝ Նիկոլ եւ Ալիե՞ւ Պիտի Պատմեմ Թոռներուս – Յակոբ Պալեան

Ամբոխը կրնայ խռովութիւններ ընել:

Յեղափոխութեան համար անհրաժեշտ է ժողովուրդը:

Վիքթոր Հիւկօ

Այսօր 29 Մայիս: Մեր Մեծ Տօնին վաղորդայնը: Երէկ, օրուան աւարտին, ժամերու տարբերութեամբ, հետեւեցայ Հայաստանի զանգուածային ցոյցերու պատկերներուն. մեծ, պզտիկ, հայեր, յորդահոսան գետի պէս կը քալէին պողոտաներու վրայ եւ ցասում կ’արտայայտէին:

Աւելի քան ամիս մը շարունակ, զանգուածները ոտքի կարելի չէ հանել սուտ ու փուտ կարգախօսներով, ողջախոհութիւնը այդ կը մերժէ: Նոյն ողջախոհութիւնը պէտք է թելադրէ Ամերիկայի նախագահ Ճոն Ֆիցճերըլտ Քեննըտէի իմաստութիւնը, ըստ որուն, «Անոնք որոնք անկարելի կը դարձնեն խաղաղ յեղափոխութիւն մը, անխուսափելի պիտի դարձնեն բիրտ յեղափոխութիւն մը»: Հայաստանի իշխանութիւնները հազարաւոր ոստիկաններու ջոկատներով այսօր կրնան հունաւորել համաժողովրդական ցասումը, բայց՝ ո՛չ վաղը:

Իշխանութիւններ եւ ղեկավարութիւններ, եթէ ժողովուրդին հանդէպ նուազագոյն յարգանք ունին, պէտք է լսեն զանգուածի ձայնը:

Հայութիւնը, Հայաստան եւ սփիւռք, Սասունցի Դաւիթի ներիմացական թելադրութեամբ, ոտքի ելած է ազգի ապագան հարկի տակ դնող պարտութեան եւ լքումներու դէմ:

Ազատութեան եւ վստահութեան կարգախօսներով իշխանութիւն դարձած վարչապետը, որ հեծանիւով ման կու գար, այսօր ոստիկանական կառքերու շարասիւնով կը տեղափոխուի:

Հեռուի եւ մօտի հայը, նաեւ օտարը, ի՞նչ կը մտածէ այս պաշտպանուածութեան մասին: Պարզ. թաւշեայ յեղափոխութեամբ իշխանութիւն նուաճած վարչապետը,- որ ամբոխահաճութեան (պոպուլիզմ) զոհ զանգուածէն կը խուսափի, կը վախնայ: Թերեւս դեռ կան նախնական մտավախութիւն ունեցողներ, որ եթէ իշխանափոխութիւն ըլլայ թալանչիները կը վերադառնան: Միթէ՞ դուխէն ետք զանգուածները վարակուած են հաւկուրութեամբ, եւ Հայաստանի մթագնած երկինքին տակ իրենց հետեւելիք ճամբան չեն տեսներ, իրականութիւններէն կը փախչին:

Մարդիկ, ներսը եւ դուրսը, իրենք իրենց հետ անկեղծութեան պահու մը, հարց պէտք է տան,- կու տա՞ն,- թէ վերանկախութեան երեսուն տարիներուն Հայաստան ինչպէ՞ս յաջողեցաւ մնալ տէր եւ պաշտպան իր սահմաններուն, ինչպէ՞ս հանրաքուէով ինքնորոշուած Արցախը մնաց անկախ պետութիւն: Ուժերու համեմատութիւնը նոյնն էր, քաղաքական յարաբերութիւնները եւ գնահատակաները չէին փոխուած:

Արդար քննադատութիւնները առանց զանց առնելու, ողջմիտ հայը, քաղաքական կեանքին հետեւողը, կրնայ յանգիլ անշրջանցելի տրամաբանական եզրակացութեան մը. Հայաստան մնայուն պատերազմական վիճակի կացութիւնը ըմբռնած գործի ղեկավարութիւն ունէր, ինքնահաստատուած քաղաքականութեան եւ կռուի դաշտին վրայ, գիտէր թէ թշնամիներ կան եւ ըստ այնմ գործած էր:

Ամբոխահաճական (պոպուլիստական) ալիքի վրայ իշխանութեան հասնողներու անցեալը եւ կարողութիւնները փորձաքարի չէին զարնուած: Շատեր բանակի ծառայութենէ ալ խուսափած էին: Կացութիւնը վատթարացաւ, քանի որ մտաւորականութիւնը, մեծամասնութեամբ, մնաց հանդիսատես, ժողովուրդին եւ իր միջեւ ստեղծելով հեռաւորութիւն, զայն չլսելով, չլուսաբանելով: Չյայտնուեցաւ ֆրանսացի յանձնառու մտաւորական Ժան-Փոլ Սարթրի օրինակով մէկը, որ ըսէր. «50 տարիէ ի վեր ժողովուրդը եւ մտաւորականները իրարմէ բաժնուած են: Անհրաժեշտ է որ մէկ ըլլան»: Թէ ի՞նչ էր այս խզման պատճառը, օր մը պէտք է խօսիլ այդ մասին: Յուսախաբ եւ նիւթապաշտ-գործնապաշտ դարձած ժողովո՞ւրդն էր պատճառը, թէ՞ անհանգիստ ըլլալ չուզող մտաւորականութիւնը:

Մտաւորականութիւնը պէտք է որ խօսէր, քննադատէր, լուսաբանէր, գիտնալով, որ քինախնդրութեամբ եւ ամբոխահաճութեամբ ընդարմացածները դժուար պիտի լսէին զինք: Հասկնալի է այդ դժուարութիւնը, զոր իրատեսութեամբ բանաձեւած է Վիքթոր Հիւկօ, կայսր մը զինք դատապարտած էր աքսորի, քանի որ լուռ չէր մնար: Իր խօսքը դիպուկ է եւ մտածելու պէտք է մղէ մտաւորականը եւ զանգուածը. «Յաճախ ամբոխը կը դաւաճանէ ժողովուրդին»: Արդարեւ, ամբոխահաճական մթնոլորտի մէջ արժէքներ եւ արդար գնահատումներ գլխիվայր կը շրջուին, մարդիկ չեն մտածեր, կը նային դառնութեան պարտադրած մէկ եւ միակ ուղղութեամբ:

Հայաստանի մէջ ցոյցերը կը շարունակուին: Զանգուածը, գէթ անոր մէկ մասը, հասկցած է, որ հայրենիք կորսնցնելու վտանգին դէմ կանգնած է: Թշնամին եկած նստած է հայրենիքի սահմաններուն վրայ, ամէն օր կը կրակէ հայկական դիրքերու եւ գիւղերու ուղղութեամբ, սովորական դարձած է լսել, որ գրաւած է բլուր մը, փակած է ճանապարհ մը եւ անցակէտ դրած: Վարչապետը կը վարէ բանաւոր զիջումներու քաղաքականութիւն, փաստաթուղթ չի ստորագրեր: Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ճանապարհներ պիտի տրուին, այդ միակողմանի զիջում պիտի ըլլայ:

Պիտի ըլլայ սահմանագծում եւ սահմանազատում: Փոքրացած եւ պարտուած Հայաստանը կրկին փոքրացնելու համար նոր պահանջներ կան, կը պահանջեն անցեալին ազերիներով բնակուած գիւղեր եւ շրջաններ, բայց չի խօսուիր անցեալին հայերով բնակուած շրջաններու մասին: Օրինակ, Տիգրանաշէն-Գարգիի մասին խօսողները լուռ են Արծուաշէնի մասին:

Ամէն օր անփառունակ պարտութեան հետեւանքներով կ’ապրին Հայաստանը եւ հայութիւնը: Պետութիւնը պարտութեան նկատմամբ ունի կրպակավաճառի վերաբերում, կը փորձէ ինքզինք պահել զիջումներով, կարծելով, որ այդ ձեւով քաղաքական-ռազմական յաջողութեան դռները պիտի բանայ: Փոխանակ կասեցնելու ռազմական աւերը, պարտուած ղեկավարութիւնը կ’ընտրէ նաեւ հոգեբարոյական զիջումներու ուղին, յաղթական թուրքը եւ ազերին սիրելի դարձնելու համար, նորահաս սերունդին, կ’ուզէ սորվեցնել թրքերէն եւ ազերիերէն:

Մեր ժողովուրդը, Հայաստան եւ սփիւռք, վերականգնելու համար ինքզինք լուսարձակի տակ պէտք է բռնէ, եւ հասկնայ, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ խաբուեցաւ, սխալեցաւ եւ պարտուեցաւ:

Մեր թուագրութենէն հինգ դար առաջ ապրած յոյն իմաստունը, Եւրիպիտես, հասկցած էր ամբոխահաճութեան չարիքը, նոյնիսկ եթէ իր օրերուն դեռ եզրը չկար: Ըսած է. «Այո՛, արդարեւ, պարկեշտ մարդոց համար մեծ չարիք է, որ խոտոր անձ մը բարձրանայ պատիւներու՝ ժողովուրդը իր պերճախօութեամբ հմայելով, երբ նախորդ օրը ոչնչութիւն մըն էր»: Եթէ ամէն կարգի ամբոխահաճութիւններու զոհը, զանգուածը, հասկնան այս հին-նոր չարիքը եւ անոր հետեւանքները, նուազ դժբախտ կ’ըլլան: Եւրիպիտեսի իմաստութեան լոյսին տակ եթէ դիտենք մեր կեանքը, դատենք բախտախնդիրները, պատեհապաշտները եւ սնափառները, մեր ժողովուրդին կը խնայենք կոպիտ սխալներ եւ պարտութիւններ:

Պարտուած Հայաստանի պարտուած իշխանութիւնները կը շարունակեն հմուտ աճպարարի հնարներով ոտքի քնացնել ժողովուրդը, Եւրիպիտեսի պերճախօսութեան հմայքով, ոչինչ նշանակող եւ անհասցէ խօսքերով: Այս պերճախօսութեան նմոյշ մըն է իշխանական արտաքին գործոց նախարարի արտայայտութիւնները հնդկական ՎԻՈՆ լրատուամիջոցին տրուած հարցազրոյցին մէջ. «2020 թուականին Ատրպէյճանի կողմից Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սանձազերծուած պատերազմի յետցնցումները դեռեւս ազդում են Հայաստանի եւ ողջ տարածաշրջանի վրայ»….«մեր տարածաշրջանում իրավիճակը շարունակում է մնալ անկայուն եւ լարուած, ռազմական գործողութիւնները դադարեցուելուց յետոյ շատ հարցեր դեռեւս լուծուած չեն»: «Պաշտօնական Պաքուից դեռ շարունակւում են հռետորաբանութիւնը հայերի նկատմամբ»:

Ուշադրութեամբ պէտք է լսել ինչ որ կ’ըսէ Արարատ Միրզոյեան. «Դեռեւս հոգեբանական տեռոր է իրականացուում Լեռնային Ղարաբաղի հայերի նկատմամբ, ինչպէս, օրինակ, բարձրախօսներով հնչեցուող կոչերը` լքելու իրենց տները` հակառակ դէպքում սպառնալով ստիպել, որ լքեն, կամ գազամատակարարման դադարեցումը եղանակային ծանր պայմաններում: Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ դեռեւս հրադադարի խախտումներ են տեղի ունենում: Վերջին դէպքը Մարտի 24-ին ատրպէյճապանական զինուժի ներխուժումն է Լեռնային Ղարաբաղի Փառուխ գիւղ: Այնուամենայնիւ, մենք կարծում ենք, որ լուծումը խաղաղութիւնն է, ոչ թէ պատերազմը, եւ Հայաստանը շարունակում է իր ջանքերը` ուղղուած տարածաշրջանում խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատմանը»:

Այս յայտարարութիւններէն ետք ի՞նչ կարելի է եզրակացնել. պատերազմը դադրա՞ծ է թէ՞ ոչ: Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ զինադադար, եթէ ներխուժում կայ:

Յետոյ ի՞նչ պիտի ըլլայ:

Ատրպէյճան պահանջներ ունի, զանոնք կ’ուզէ պարտադրել: Պարտուած իշխանութիւնը ինչպէ՞ս պիտի փոխէ կացութիւնը: Ցարդ ի՞նչ արդիւնք տուին Պրիւքսէլ, Մոսկուա եւ Տուշանպէ այցելութիւնները:

Հայաստանի իշխանութիւնները կորսնցնելէ ետք պատերազմը, ի վիճակի չեն իրաւունք պաշտպանող բանակցութիւններ վարելու: Եւ ամբոխահաճութեան զոհ զանգուածը կրաւորականութեամբ կը հետեւի, ինչ որ մեղսակցութեան համազօր է:

Վերականգնումի կամք ունեցող ցուցարարներու հասարակութիւն մը կը հաւատայ, որ իշխանափոխութեամբ տուեալները կը փոխուին: Յամենայնդէպս աւելի վատ չեն կրնար ըլլալ:

Հիմա Մսրայ Մելիքը յաղթած է Սասունցի Դաւիթը: Այդ պիտի չպատմեմ թոռներուս:

Իշխանափոխութեամբ կրնայ վերածնիլ յոյսը, կը յաղթահարուի պարտութեան բարդոյթը, կ’իրականացուի կենսական Միացումը:

Կեանքը ցոյց տուաւ, որ ֆրանսացի Վիքթոր Հիւկոն ճիշդ տեսած էր եւ այսօր պէտք է օգտուինք իր իմաստութենէն: Կ’եզրակացնեմ կրկնելով իր խօսքերը. «Ամբոխը կրնայ խռովութիւններ ընել: Յեղափոխութեան համար անհրաժեշտ է ժողովուրդը»:

yeerakouyn.com/2022/06/01/սասունցի-դաւիթէն-եւ-մսրայ-մելիքէն-ետք/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail