Բաբայեան. «Արցախի Գոյութիւնը Աշխարհաքաղաքական Հաւասարակշռութեան Պահպանման Կարեւորագոյն Գործօն Է»
03 ՅՈՒՆԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՐՑԱԽ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան հրապարակած է գրութիւն մը, ուր Արցախի գոյութիւնը կը նկատէ շրջանային եւ նոյնիսկ համաշխարհային աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութեան պահպանման կարեւորագոյն գործօն:
Ան նշեց, որ եթէ չըլլայ Արցախը, ապա արմատապէս կը փոխուի աշխարհաքաղաքական դաշտանկարը Անդրկովկասի մէջ, իսկ անկէ ետք` նաեւ յարակից շրջաններուն մէջ, որմէ ետք գործնականօրէն անկարելի կ՛ըլլայ աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութեան պահպանումը` աւանդական միջոցներով (աշխարհառազմավարական հակակշիռներու համակարգ եւ այլն):
«Ասիկա պիտի յանգեցնէ ուժային կեդրոններու բաց, կարծր եւ անմիջական առճակատման: Իսկ ի՞նչ կրնայ ըլլալ, երբ անկարելի է աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը պահպանել աւանդական միջոցներով, եւ երբ համաշխարհային եւ շրջանային մեծ տէրութիւնները բացայայտօրէն պիտի հակադրուին մէկզմէկու: Կը կարծեմ` պատասխանը շատ պարզ է. աշխարհը նոյնիսկ կրնայ յայտնուիլ հիւլէական պատերազմի շեմին», նշեց նախարարը իր գրառումին մէջ:
Իսկ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան «Թելեկրամ»-ի իր ալիքին ընդմէջէն պատասխանեց Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութեան` հաստատելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացն ու արդիւնքները պէտք չէ ազդեն Արցախի Հանրապետութեան ներկայ ու ապագայ կարգավիճակին վրայ:
«Վերջ ի վերջոյ, ղարաբաղեան տագնապը ոչ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ է, այլ` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան: Ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապը չէ լուծուած, ինչ որ կ՛ընդունի ամբողջ աշխարհը` անկախ շահերու ու ձեւակերպումներու որոշակի տարբերութիւններէն: Իսկ եթէ Ազրպէյճանը կը ցանկայ փակել տագնապի էջը եւ յստակացնել Արցախի կարգավիճակը, ապա կրնայ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթաց իրականացնել նաեւ Արցախի Հանրապետութեան հետ` միեւնոյն ժամանակ վերադարձնելով մեր բռնազաւթուած տարածքները եւ ճանչնալով մեր անկախութիւնը», նշեց Բեգլարեան:
aztagdaily.com/archives/547777