Միւս կողմէ մարդիկ կարմիր փառատօնին գինին կը խմէին եւ անտարբերութեամբ կը նպաստէին ազգակործան դաւաճանի աւերիչ քայլերուն – Րաֆֆի Տէմիրճեան

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ – RESISTANCE – المقاومة – RÉSISTANCE – СОПРОТИВЛЕНИЕ

Միւս կողմէ մարդիկ կարմիր փառատօնին գինին կը խմէին եւ անտարբերութեամբ կը նպաստէին ազգակործան դաւաճանի աւերիչ քայլերուն – Րաֆֆի Տէմիրճեան

04 ՅՈՒՆԻՍ 2022 – ՍՓԻՒՌՔ: ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

Րաֆֆի Տէմիրճեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Այսօր կարմիրը տիրական էր Հայրենիքի մէջ։ Մէկ կողմէ ոստիկանութիւնը, նիկոլին գոհացնելու համար, կարմիր արեան հեղեղի պատճառ պիտի դառնար, եթէ ընդդիմադիրները համապատասխան հասունութիւնը եւ գիտակցութիւնը չցուցաբերէին։ Միւս կողմէ մարդիկ կարմիր փառատօնին գինին կը խմէին եւ անտարբերութեամբ կը նպաստէին ազգակործան դաւաճանի աւերիչ քայլերուն։

Այս կացութեան մէջ, եւ ոստիկաններու անպատասխանատու կեցուածքներուն դիմաց, հարկ է ըլլալ առաւելագոյն չափով ուշադիր՝ պահելով պայքարի վճռակամ մօտեցումը եւ աստիճանական զարգացումները։

Կարմիր գինին եւ նահատակներու արիւնը խմողները պէտք է դատուին։ Մէկուն յանցանքը լռութիւնն է, իսկ երկրորդին՝ ուղղակի մասնակցութիւնը եւ երկրի քանդումը։

Յաւելեալ պատասխանատուութեամբ ուժ եւ կորով դիմադրական շարժումի բոլոր մասնակիցներուն, անխտի’ր։

Այսօր ազգային պայքարը նոր եւ առաւել դժուար փուլի մէջ մտաւ։ Անպայման հայու տեսակը պիտի յաղթէ։

Րաֆֆի Տէմիրճեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail