Հայ Դատը Հանդիպեցաւ Լոս Անճելըսի Հրէական Դաշնակցութեան Հետ
03 ՄԱՅԻՍ 2022 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները 20 Մայիսին առցանց հանդիպում մը ունեցան Լոս Անճելըսի Հրէական դաշնակցութեան ղեկավարութեան հետ՝ քննարկելով երկու համայնքները յուզող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան կարելիութիւնները։
Օրակարգի վրայ էին հակահայ եւ հակահրէական յարձակումները, յատկապէս 44օրեայ պատերազմի օրերուն եւ Ուքրանիոյ տագնապին ընթացքին, ինչպէս նաեւ միջհամայնքային հաւաքներու կազմակերպումը եւ իրարու շահերը պաշտպանելու նպատակով ջատագովման միացեալ արշաւներու կազմակերպումը։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Լինա Դաւիթեան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ երկու կողմերուն միջեւ գործակցութիւնը կը շարունակուի, յիշեցնելով, որ 44օրեայ պատերազմի օրերուն, Լոս Անճելըսի Հրէական դաշնակցութեան ղեկավար ռաբբի Նօա Ֆարքաս եւ մօտաւորապէս 70 հրեայ համայնքային ղեկավարներ զօրակցութիւն յայտնած էին Արցախի հայութեան, դատապարտելով Պաքուի բռնարարքները եւ Անգարայի մեղսակցութիւնը։
asbarez.am/420183/հայ-դատը-հանդիպեցաւ-լոս-անճելըսի-հրէա/