Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա. «Ազրպէյճանի Պետութեան Կազմին Մէջ Յայտնուելու Պարագային Արցախին Կը Սպասէ Արագ Հայաթափում»
07 ՅՈՒՆԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան հրապարակած է յայտարարութիւն մը` մտահոգութիւն յայտնելով վերջին շրջանին Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ծաւալուող իրադարձութիւններուն առնչութեամբ:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի.
«Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ վերջին շրջանին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան շուրջ ծաւալուող իրադարձութիւններուն առնչութեամբ:
Ըլլալով ապաքաղաքական կառոյց, որուն կանոնադրական խնդիրը գիտութեան զարգացումն է, ակադեմիան, սակայն, չի կրնար անհաղորդ մնալ մեր պետութեան եւ ազգին համար գոյաբանական քաղաքական մարտահրաւէրներուն: Այդպիսի մարտահրաւէր է այսօր արցախահայութեան հաւանաբար հայրենազրկման եւ ցեղասպանութեան վտանգը, որ կարմիր գիծ է մարդկութեան համար:
Հազարամեակներու հայոց քաղաքակրթութեան մաս կազմող Արցախը մեր հայրենիքի անբաժան մասն է, արցախահայութիւնը մեր ազգի ամէնէՆ երկար պետականութիւն պահպանած հատուածն է, մեր արեւելեան պատուարը: Սակայն սկսած առնուազն 20-րդ դարու սկիզբէն` կովկասեան թաթարները, թրքական շրջանակներու աջակցութեամբ, այնուհետեւ անոնց ազրպէյճանցի յետնորդները կը գործադրէին բոլոր ջանքերը` վերացնելու հայկական որեւէ հետք Արցախի մէջ: Այդ բոլորը կ՛ուղեկցուէր մարդկութեան դէմ իրագործուող յանցանքներով:
Այդ քաղաքականութիւնը շարունակուեցաւ նաեւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք եւ առանձնայատուկ թափ ստացաւ 2020-ի
44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով ձեւաւորուած նոր իրողութիւններու պայմաններուն մէջ` փաստացի վերածուելով
Ազրպէյճանի Հանրապետութեան պաշտօնական գաղափարախօսութեան անքակտելի մէկ բաղադրիչին: Այսօր մենք ականատես ենք այս արատաւոր քաղաքականութեան այնպիսի բացայայտ դրսեւորումներու, ինչպիսիք են յայտարարագրուած ծրագիրները ի սպառ վերացնելու հայկական պատմամշակութային հետքը իր վերահսկողութեան տակ անցած նոր տարածքներուն վրայ, հայատեացութեան սփռումը բոլոր կարելի միջազգային հարթակներուն վրայ, պատմութեան զեղծարարութիւնը, արհամարհանքը միջազգային իրաւունքի հանդէպ, մասնաւորապէս, ռազմագերիներու հետ վարուելակերպի մասին Ժընեւի համաձայնութեան ոտնահարումը եւ այլն:
Ազրպէյճանի պետութեան կազմին մէջ յայտնուելու պարագային Արցախին կը սպասէ արագ հայաթափում, արցախահայութեան` հայրենազրկում, ցեղասպանութիւն: Արցախը ոչ մէկ կարգավիճակով կրնայ մաս կազմել պետութեան մը, որ իր քաղաքացիներուն արդէն քանի մը սերունդ կը դաստիարակէ մոլի հայատեացութեան մթնոլորտի մէջ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի իրագործման երաշխաւորն է: Մենք չենք կրնար հրաժարիլ այդ հիմնարար սկզբունքէն:
Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Արցախի Հանրապետութիւնը այսօր կանգնած են լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ: Անհրաժեշտ է համախմբել մեր ամբողջ ներուժը` դիմագրաւելու այդ մարտահրաւէրները, լուծումներ գտնելու յառաջացած խնդիրներուն:
Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան պատրաստ է Հայաստանի Հանրապետութեան պետական իշխանութեան մարմիններուն տրամադրելու մասնագիտական խորհրդատուութիւն, կրնայ դառնալ այն հարթակներէն մէկը, ուր կրնան քննարկուիլ համահայկական նշանակութիւն ունեցող հիմնահարցեր, լուծումներ եւ այլընտրանքային տարբերակներ առաջարկուիլ համահայկական օրակարգի ձեւաւորման համար»
aztagdaily.com/archives/548368