Քլաար. «Առանց Ղարաբաղի Հայերուն Կարծիքը Հաշուի Առնելու Կարելի Չէ Հասնիլ Լուծումի»
07 ՅՈՒՆԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Առանց Ղարաբաղի հայերուն կարծիքը հաշուի առնելու կարելի չէ հասնիլ լուծումի», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերուն մասնակցութիւնը նկատի ունեցա՞ծ է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելը, երբ պրիւքսելեան եռակողմ հանդիպումէն ետք յայտարարեց, թէ տեւական եւ արդար խաղաղութեան համար պէտք է շահագրգիռ բոլոր կողմերուն մասնակցութեամբ բոլոր հիմնական հարցերուն շուրջ քննարկում ըլլայ:
«Կը կարծեմ, ի վերջոյ, Ղարաբաղի հայերը, ի հարկէ, կողմ մըն են, որոնք պէտք է ըլլան լուծումին մաս` ինչ ձեւով ալ ատիկա տեղի ունենայ… Եւ շատ յստակ է, որ Ղարաբաղի մէջ ապրող մարդիկ հիմնական շահագրգռուածութիւն ունին համապարփակ լուծման հասնելու հարցին մէջ: Ես անձամբ չեմ տեսներ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք հասնիլ նման լուծումի` առանց այդ մարդոց կարծիքն ու տեսակէտը հաշուի առնելու», նշեց ան:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի` «այդուհանդերձ, Շարլ Միշել Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումէն ետք խօսեցաւ միայն Ղարաբաղի ծագումով հայ բնակիչներու իրաւունքներուն մասին` որեւէ բան չնշելով ապագայ կարգավիճակի վերաբերեալ, ինչ որ մտահոգութիւն յառաջացուց Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» դիտարկման Քլաար պատասխանեց. «Կը կարծեմ, ի վերջոյ հարցը այն է, որ ասիկա պէտք է ըլլայ համապարփակ լուծում: Եւ մենք բոլորս գիտենք, թէ ինչպէ՛ս սկսաւ տագնապը, եւ անիկա պէտք է վերջնականապէս փակուի: Նախագահ Միշելը իր յայտարարութեան մէջ եւս շատ բան չէ նշած: Ասիկա յայտարարութիւն չէր, որ կ՛ընդգրկէր բոլոր այն խնդիրները, որոնք պէտք է լուծուին: Սակայն փաստը այն է, որ մենք միշտ ընդգծած ենք, որ տագնապին համապարփակ լուծումը անհրաժեշտ է, եւ մենք ճիշդ այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատինք»:
aztagdaily.com/archives/548366