Անդրադարձ – Իշխանութիւններ – Ընդդիմութիւն Վիհը – Իշխանութիւններ – Ընդդիմութիւն Վիհը

Անդրադարձ – Իշխանութիւններ – Ընդդիմութիւն Վիհը – Իշխանութիւններ – Ընդդիմութիւն Վիհը

07 ՅՈՒՆԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Ա. Ա.

Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ ընդդիմութեան միջեւ տարակարծութիւնները բնաւ լաւատեսութիւն չեն ներշնչեր:

Մինչ ազրպէյճանական կողմը վերջին օրերուն իր հռետորաբանութեան դարձեալ թափ տուած է` յայտարարելով, որ Հայաստան պէտք է նոր իրողութիւններուն ճիշդ գնահատականներ տայ, հայաստանեան քաղաքական կեանքին մէջ տիրական է խոր տարակարծութիւնը, ինչ կը վերաբերի Հայաստան – Ազրպէյճան բանակցութիւններուն օրակարգին եւ Արցախի վերջնական կարգավիճակին, որ տագնապին էութիւնն է:

Ընդհանուր իրավիճակին լոյսին տակ պէտք է ուշադրութիւն կեդրոնացնել քանի մը կարեւոր հանգամանքներու վրայ, որոնց շուրջ է, որ իշխանութիւններ – ընդդիմութիւն տարակարծութիւնները օրէ օր աւելի կը շեշտուին: Առաջին խնդիրը կը վերաբերի Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն մէջ ազրպէյճանական զօրամիաւորումներու գոյութեան, որուն ներկայացուցած իրական վտանգին եւ սպառնալիքին տակ է, որ Երեւանի իշխանութիւնները կը պատրաստուին բանակցութիւններ վարել ազրպէյճանական կողմին հետ: Բնականաբար այս կէտին շուրջ իշխանութիւններուն եւ ընդդիմութեան տեսակէտները, մօտեցումները եւ մեկնաբանութիւնները էապէս կը տարբերին իրարմէ:

Ընդդիմութիւնը կը համարէ, որ կարելի չէ վարել բանակցութիւններ, երբ ատրճանակը ճակտիդ ուղղուած է: Այս սպառնալիքը իրական է, եւ նման իրավիճակի մէջ բանակցութիւնները անիմաստ են: Ըստ ընդդիմադիր ճակատին, սահմանազատման եւ սահմանագծման հոլովոյթները պէտք է ընթացք առնեն ազրպէյճանական զօրամիաւորումներուն Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն հեռանալէն ետք:

Իշխանութիւնները, սակայն, ընդդիմութեան այս արդար պահանջը նախապայման կը համարեն եւ կը շեշտեն, որ Երեւան ոչ մէկ ատեն նախապայմաններու լեզուով խօսած է: Իսկ ազրպէյճանական զօրամիաւորումներու ներկայութեան պատճառով ստեղծուած վտանգաւոր կացութեան մէջ բանակցութիւններու սկսելու տրամաբանութիւնը, ըստ Երեւանի իշխանութիւններուն, կը բխի Հայաստանի պետութեան շահերէն: Այլ խօսքով, երբ կարելի չէ եղած ազրպէյճանցիները համոզել, որ իրենց ուժերը Հայաստանի տարածքներէն հեռացնեն, աւելի նպատակայարմար է սկսիլ սահմանազատման եւ սահմանագծման բանակցութիւններուն եւ աշխատանքներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ ընդհանուր նպատակներու:

Մինչ այդ պէտք չէ մոռնալ, որ իշխանութիւններ -ընդդիմութիւն տարակարծութիւններուն պատճառով յօդս ցնդեցաւ Ազգային ժողովին մէջ արտակարգ նիստի մը ընթացքին Արցախի կարգավիճակին եւ սահմանազատման ու սահմանագծման հոլովոյթներուն մասին խորհրդարանական յայտարարութիւն մը հրապարակելու ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններուն նախաձեռնութիւնը, որովհետեւ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը վճռեց, որ նիստին պիտի չմասնակցի: Այսինքն` յայտարարութիւն կարելի չէ հրապարակել: Մինչ ընդդիմութիւնը կը պահանջէ, որ Ազգային ժողովի մակարդակով պաշտօնապէս յայտարարուի, թէ Երեւանի իշխանութինները կը մերժեն Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ, «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը կը համարէ, որ նման յայտարարութիւն կը սահմանափակէ հայկական կողմին բանակցելու հնարաւորութիւնները: Արցախի վերջնական կարգավիճակին վերաբերեալ իրենց յստակ պատկերացումին մասին ոչինչ հրապարակելով` Երեւանի իշխանութիւնները կը ջանան հայաստանեան հանրային կարծիքը տպաւորել հայկական շահերուն պաշտպանութեան ի խնդիր բանակցութիւններ կայացնելու իրենց «առարկայական» մօտեցումներով, որոնք ի սկզբանէ մերժուած են ընդդիմութեան կողմէ:

Երկու հակադիր կեցուածքներուն մասին պատճառաբանութիւնն ու մեկնաբանութիւններն ալ ցոյց կու տան իշխանութիւններ – ընդդիմութիւն տարակարծութիւններուն խոր տարողութիւնը: Ընդդիմութիւնը գրեթէ համոզուած է, որ Երեւանի իշխանութիւնները Արցախի կարգավիճակին վերաբերեալ նահանջ արձանագրած են եւ «Անկախ Արցախ» նպատակէն հրաժարած են: Իրենց կարգին, Երեւանի իշխանութիւններուն խոր համոզումն է, որ ընդդիմութիւնը անելի դիմաց կը գտնուի եւ կը ջանայ Արցախի կարգավիճակի խնդիրը քաղաքական իր շահերուն ծառայեցնել:

Նման կացութեան մը մէջ հայկական կողմը կը պատրաստուի բանակցութիւններու Ազրպէյճանի հետ, որուն նախագահը կը շարունակէ պնդել, որ Լեռնային Ղարաբաղ անունով վարչական տարածք գոյութիւն չունի, որովհետեւ տագնապը լուծուած է: Ալիեւի այս դիրքորոշման դիմաց չկայ հայկական միացեալ կեցուածք, որովհետեւ իշխանութիւնները կը ջանան բանակցութիւններու սկսիլ ոչ թէ տագնապին իսկական պատճառին` Արցախի վերջնական կարգավիճակին, այլ հարաւային կովկասեան փոխադրութեան ուղիներու վերաբացման հեռանկարներուն եւ կարելիութիւններուն շուրջ: Այս մարտավարութիւնը պարզապէս Արցախի վերջնական կարգավիճակին ճշդումը ցնոր տնօրինութիւն կը յետաձգէ` հայաստանեան ընդդիմութեան մտավախութիւնները առաւել հիմնաւորելով:

aztagdaily.com/archives/548305

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail