Հայ Սեւ Գօտիներու Միութիւնը (ԱՊՊԱ) 9 Ոսկի Մետալներ Կ՛ապահովէ

Առողջ մարմին Արթուն միտք Ազնիւ հոգի

Հայ Սեւ Գօտիներու Միութիւնը (ԱՊՊԱ) 9 Ոսկի Մետալներ Կ՛ապահովէ

08 ՅՈՒՆԻՍ 2022 – ՄԱՐԶԱԿԱՆ:

Հայ սեւ գօտիներու միութեան մարզիկները միութեան հիմնադիրին` մասթըր Կարօ Քէպապճեանին նշանաբանին («Առողջ մարմին, արթուն միտք, ազնիւ հոգի»), հետեւելով մասնակցեցան Լիբանանի Ուու շու-քոնկ ֆուի ֆետերասիոնին կազմակերպած Լիբանանի ախոյեանութեան մրցումներուն եւ ապահովեցին 8 ոսկի մետալներ:

Մրցումները տեղի ունեցան կիրակի, 5 յունիս 2022-ին, Այնճարի ՀՄԸՄ-ի մարզադաշտին մէջ:

Ոսկի մետալներ ստացան հետեւեալ մարզիկ-մարզիկուհիները.

Յարութ Վարդանեան – 2 ոսկի մետալ
Ճէյսըն Աբիկեան – 2 ոսկի մետալ
Արամօ Կորկոտեան – 1 ոսկի մետալ
Անթոնի Արզումանեան – 2 ոսկի մետալ
Լիանա Քէշիշեան – 1 ոսկի մետալ
Անի Վարդանեան – 1 ոսկի մետալ

Իսկ Հայ սեւ գօտիներու միութեան մարզիչները ստացան հետեւեալ վկայագիրները.

Րաֆֆի Սարգիսեան – 4 «տան»
Վարդան Գիրազեան – 3 «տան»
Պետիկ Թօսունեան – 2 «տան»
Մաթէոս Պաղամեան – 2 «տան»:

aztagdaily.com/archives/548422

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail