Վերականգնումը Կը Դառնա՞յ Ազգային, Քաղաքական, Մշակութային Եւ Ինքնութեան Իրա՛ւ Առաջադրանք – Յակոբ Պալեան
09 ՅՈՒՆԻՍ 2022 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ
Չլինէինք կէս՝
Հա՛յ կը լինէինք,
Եւ ո՛չ թրքահայ,
Կամ արաբահայ,
Կամ ֆրանսահայ
(Իսկ վաղն աստղահայ
Եւ կամ լուսնահայ)
Գէորգ Էմին, բանաստեղծ, Ի․ դար
Կրկին յիշեցի Գէորգ Էմինը: Ան չէ յաջողած հայատեսակներու ցանկը ամբողջացնել: Կամ սարսափած՝ այդ չէ ուզած ընել: Իրատեսի երեւակայութեամբ հասած է աստղերը եւ լուսին:
Եթէ ապրէր, մոլորակի ամէն անկիւն հայեր պիտի տեսնէր, իւրաքանչիւր անկիւնի ղեկավարներով, Հին Հայաստանի «նախարարներ»ուն պէս: Նորերը ինչո՞վ պակաս են իրենց նախահայր նախարարներէն:
Բանգէտները չեն լսեր իրենց բանաստեղծները… Աստղահայ են, կամ՝ լուսնահայ…
Այսօր կանգնած ենք ազգային, մշակութային, քաղաքական բազմաբնոյթ նահանջներու, կորուստներու եւ աւերներու դիմաց: Մեր ժողովուրդի եւ «ղեկավարութիւններ»ու ո՞ր տոկոսը պատմական պատասխանատուութիւն կը զգայ, եւ անմիջականն ու մակերեսայինը գերանցելով, նախ կացութեան անսեթեւեթ գնահատումը կ’ընէ, մանրուքներու մէջ չկորսուող վերականգնումի ծրագիր կը մշակէ եւ կը նուիրուի անոր իրականացման:
Խորագրի չորս բառերը մէկ են եւ կը վերաբերին հայութեան լինելութեան կամ չլինելութեան: ԱԶԳԸ ԻՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ, ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ ԵՒ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ թնճուկ դարձած, անելանելի թուացող հարցերու դիմաց կանգնած է:
Փաստ է, որ ազգը, ներսը եւ դուրսը, կանգնած է գոյութենական վտանգներու դիմաց, որքան որ ալ ուզենք խանդավառուիլ տեղական բնոյթի յաջողութիւններով, որոնք մասնակի երեւոյթներ են, սփիւռքի պարագային՝ տեղական եւ տեղայնական, որոնք կը վարագուրեն ազգի իրաւ կացութիւնը եւ կը գինովնանք կրկներեւոյթներով: Սովորութիւն չունինք, հաւանօրէն միջոցներն ալ չունինք, չենք ուզեր ալ ունենալ, վիճակագրութիւններ կազմելու եւ անոնց վրայ հիմնուելով տրամաբանելու, թիւելով մտածելու, դատումներ ընելու, եւ ապա միայն խօսելու ազգային, քաղաքական, մշակութային եւ ինքնութեան հարցերու մասին, անորակ վէճերը եւ մրցակցութիւննեը փոխարինելով առարկայականութեամբ:
Ինչ որ կարելի է արձանագրել ազգայինի գլխուն տակ, ոչ մէկ յստակութիւն ունի: Թուեմ.
ա. Ի՞նչ է հայ ժողովուրդի համրանքը: Հայաստան մարդահամար կը կատարուի: Այդ համրանքը մօտաւորապէս 3 միլիոն է, յարափոփոխ թիւ մը, քանի որ մեծ թիւ կը կազմեն նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն մէջ աշխատանքի պատճառով հոն գտնուողնեը, որոնք բոլորովին չեն անջատուած երկրէն եւ կան վերջնական կերպով հոն հաստատուածներ: Խորհրդային Մեծ Հայրենիքը կը շարունակէ մնալ իր Հայրենիքի դերին մէջ:
բ. Ռուսիա եւ նախկին հանրապետութիւններուն մէջ ապրող հայերու թիւը, զոր սովորութիւն դարձած է կոչել «ներքին սփիւռք», գնահատումներով, 2 միլիոն է, թերեւս աւելի, առանց հաշուելու նախախորհրդային շրջանի հայերը, որոնք, ստուար մեծամասնութեամբ, օտարացած են: Ոչինչ եղած է զանոնք վերադարձնելու հայկական համրանքին մէջ:
գ. Կայ Վրաստանի սահմաններուն մէջ ապրող հայութեան պարագան, որ հոն էր Հայրենիքի մէջ ըլլալու պէս, իր կրօնական, կրթական եւ քաղաքական կառոյցներով, մանաւանդ որ պատմական հայկական շրջաններ այսօր ներառնուած են Վրաստանի կազմի մէջ: Վրաստանի հայ ազգաբնակչութեան թիւը, ըստ գնահատումներու, պէտք է ըլլայ շուրջ 500.000:
դ. Իրանի հայութեան թիւը, վերջին տասնամեակներուն զգալապէս նուազած է, 70-80 հազարէն աւելի էր դեռ քսան տարի առաջ, հիմա շուրջ 50.000, առաւելաբար կեդրոնացած մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ:
ե. Միջին Արեւելքի խիտ հայութիւնը տարտղնուած է եւ համրանքը նուազած: Սուրիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի, Երուսաղէմի, Իրաքի հայերու թիւը զգալապէս նուազած է: Քիչեր հայրենադարձած են: Մեծամասնութիւնը գացած է Եւրոպա, մանաւանդ Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա, երբեմն նաեւ Հարաւային Ամերիկա, ուր կային հին հայկական գաղութներ, ինչպէս Արժանթին եւ Պրազիլ: Մեծ թիւ կը կազմեն աշխատանքի համար Ծոցի երկիրներ գացած հայերը, անոնք ստեղծած են թեմական կեանք, Քուէյթի մէջ ունին ամենօրեայ դպրոց եւ այլ վայրերու մէջ կան միօրեայ դասեր: Շատեր չեն վերադառնար Սուրիա կամ Լիբանան, ընդհանրապէս կ’երթան Քալիֆռրնիա, Գանատա, Աւստրալիա: Անցեալ դարու կէսերուն Սուրիոյ հայութիւնը աւելի քան 100.000 էր, Լիբանան՝ աւելի քան 200.000: Ֆրանսան ունի մեծաթիւ, հարիւր հազարաւորներով հին գաղութ, որուն վրայ աւելցած են Միջին Արեւելքէն, Թուրքիայէն եւ Հայաստանէն արտագաղթողները:
Պոլսահայութիւնը տարիներու ընթացքին հալած է, աճեցնելով Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հայերու համրանքը:
Այսօր յառաջած են նոր գաղութներ, ինչպէս Շուէտ, Սպանիա, Հոլանտա-Նետերլէնտ: Աւստրալիոյ գաղութը կ’աճի եւ կը տարածուի,- Սիտնի, Մելպուռն, Քանպերրա, Փըրթ, հիմա կը հասնի Նոր Զելանտա: Նոր գաղութներ կան քիչ մը ամէն տեղ, մինչեւ Չինաստան: Դասական սփիւռքի տեղաշարժերուն վրայ գումարուած են զանգուածային կերպով Հայաստանէն արտագաղթողները, որոնց թիւը մօտաւոր ճշգրտութեամբ արձանագրել դժուար է, մէկ միլիո՞ն, աւելի՞:
Ինչ որ կ’ըսեմ հեռու է կացութեան իրաւ պատկերը ըլլալէ:
Դեռ պէտք է խօսիլ Թուրքիոյ մէջ իսլամացած եւ թաքնուած հայերու մասին: Ինչպէ՞ս ազգին վերադաձնել այդ զանգուածները:
Փաստը այն է, որ այսօր հայկական համրանքի մեծամասնութիւնը հայրենիքէն դուրս է: Հակառակ կարգ մը գաղութներու մէջ եղող կազմակերպութիւններու, ընդհանուր պատկերը այնպէս է, որ սփիւռք(ներ)ը չի ղեկավարուիր, բայց կը բազմապատկուին «ղեկավարութիւններ»ը: Հարց է. ինչպէ՞ս ղեկավարել եւ ղեկավարուիլ օր աւուր աճող ղեկավարութիւններով: Սփիւռք(ներ)ը անորոշ համրանք է: Մէկ գաղութէ միւսը նմանութիւններ եւ ազգային ըմբռնումներու, մասնակցութեան, մշակութային, լեզուական եւ ինքնութեան տարբերութիւններ կան: «Ազգային»ը եւ «հայկական»ը վերադիրներ են, խորքային նոյն իմաստ չունին մէկ երկրէ միւսը:
Հայաստանի լաւատեսութեամբ 3 միլիոնէն տարբեր, քանի՞ միլիոն է հայութեան թիւը: Սովորաբար կը գոհանանք ենթակայական գնահատումներով: Ո՞վ այսօր, նոյնիսկ 20%ով սխալելու գինով, կրնայ ճշդել Հայաստանէն դուրս գտնուող հայերու թիւը, տա՞սը, քսա՞ն կամ աւելի միլիոններ:
Այս մարդկային դրամագլուխը ազգային եւ յանձնառութեան ի՞նչ որակ ունի, ո՞վ եւ որոնք պիտի տան այդ որակը, կարելի՞ է այդ որակը ստեղծել եւ պահել: Հայկական համարուող բազմութիւնները միացա՞ծ են, կրնա՞ն միանալ եւ ծառայել ազգին իր ինքնութեամբ տոկալու եւ տեւելու գոյութենական խնդրին, որ հայրենիքի եւ ժողովուրդի միացումն է:
Հայաստանէն դուրս ապրող այս արտղնուած զանգուածները հաւաքական ուժ չեն: Կան մասնակի ուժեր, որոնք հայկական միլիոններու եւ անոնց նիւթաբարոյական ուժը չունին իրենց ետին:
Հաստատուած է համայնքներու դրութիւն, անոր հունով՝ համայնքային մտայնութիւն եւ մասնակիի երեւելիական ընտրանիի ղեկավարում: Ո՞վ այսօր կրնայ ըսել, թէ ի՞նչ կատարած է, կը կատարէ, կ’ուզէ կատարել ջարդուած ազգային մէկութիւնը վերականգնելու համար: Հաշիւ տուող չկայ, քանի որ կոտորակուած ազգը դադրած է հաշիւ պահանջելէ, այսինքն՝ ինք իր ճակատգրին տիրութիւն ընելէ:
Պիտի գտնուի՞ն յարգելի, հեղինակաւոր, կողմերը գերանցող մտաւորականներ, ոչ անպայման չէզոքներու խումբ մը, ոչ ինքնակոչիկներու իսկական ընտրանի մը, որ միացեալ կոչով հրապարակ պիտի գայ, զգաստութեան հրաւիրելով «ղեկավարութիւններ»ը, որ վերջ տան իրենց բազմացման եւ ազգի կոտորակման, եւ նախաձեռնեն հասարակաց համազգային առաջադրանքներու ամբողջի մը շուրջ խմբուելու, միշտ պէտք է կրկնել, ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքներու եւ անոնց մանրուքներուն համար, այլ՝ յաւելեալ պարտքի:
Այս ընելու համար, ազգը, իր մեծերով եւ պզտիկներով, պզտիկցած մեծերով, պէտք է ինքզինք ներդնէ այն բարոյական մեծութեան մէջ, որ պէտք է կարենայ ըսել՝ ԴՈՒՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՈՒՆԻՍ: Երբ բազմաթիւ են իրաւունք ունեցողները, ճշմարտութեան մենաշնորհը իրենք իրենց վերապահողները, կը նշանակէ, որ ո՛չ բարոյական կայ ո՛չ ալ՝ ճշմարտութիւն: Կը մնան խարխափումներ, նահանջ, խառնակութիւն, պարտութիւն:
ԻՐԱՒ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆ պիտի նուաճեն անոնք որոնք պիտի յաջողին մեր տարտղնուած եւ տարտղնուող միլիոնները վերածել ՄԷԿՈՒԹԵԱՆ, վերջ տալով իւրաքանչիւրի թաղային մանրուք փառասիրութիւններուն, այլապէս պիտի շարունակենք սպասել հրաշքը՝ որ երկինքէն պիտի գայ… Մինչ այդ, ի՞նչ պիտի ըլլան մեր միլիոնները:
Այս օրակարգը բաց է: Հարկ է խօսիլ եւ գործել:
yerakouyn.com/2022/06/09/վերականգնումը-կը-դառնա՞յ-ազգային-քաղ/