ՍՓԻՒՌՔ – Լոս Անճելըսը Մերժեց Փաշինեանի Յանձնակատար Սինանեանը – Լոս Անճելըսը Մերժեց Փաշինեանի Յանձնակատար Սինանեանը

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ – RESISTANCE – المقاومة – RÉSISTANCE – СОПРОТИВЛЕНИЕ

ՍՓԻՒՌՔ – Լոս Անճելըսը Մերժեց Փաշինեանի Յանձնակատար Սինանեանը – Լոս Անճելըսը Մերժեց Փաշինեանի Յանձնակատար Սինանեանը

09 ՅՈՒՆԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:

oragark.com

Զարեհ Սինանեանը բնիկ Լոսանճելըսահայ է: Դաշնակցութեան եւ Հայ Դատի միջոցով քաղաքական աշխարհ մուտք գործած ու անոնց թեւերուն տակ մինչեւ Կլենտէյլի քաղաքապետ հասնիլը չարգիլեց անոր որ միանայ Նիկոլ Փաշինեանի Սփիւռքը քայքայելու գործընթացին եւ դառնայ անոր գործադիր յանձնակատարը:

Ան առաջ անցաւ Փաշինեանին ծառայելու իր կասկածելի մոլուցքով մինչեւ այն աստիճան, որ Մայիսի սկզիբը, երբ Միջին Արեւելքի հայկական համայնքներէն մերժուած վերադարձաւ Հայաստան, Արման Բաբաջանեանի հեռուստացանցէն հարցազրոյցով դաշնակցութեան գործունէութիւնը «դաւաճանութիւն» որակեց հայկական պետականութեան դէմ:

Ասիկա առաջին անգամ չէր, որ Սփիւռքի Յանձնակատարի լիազօրութիւններէն ու իր քաղաքական մակարդակէն անցնելով, Սինանեանը փորձեց դաշնակցութեան հասցէին գնահատականներ հնչեցնել: Առաջին անգամ ատիկա ըրաւ, երբ բացայայտօրէն սկսաւ հովանաւորել ՀՅԴ Արեւմտեան ԱՄՆ շրջանի շարքերէն հեռացուած ապօրինի խմբակը, իբր ժողովրդավարութեան դասեր տալով
Դաշնակցութեան:

Հետաքրքրական է, որ այս նորելուկ քաղաքական «գործիչները» մինչեւ անգամ չեն գիտեր իրենց յայտարարութիւններու եւ գործունէութեան հետեւանքները: Ան թերեւս մտածեց ազատ է, ինչ կ՝ուզէ կ՝ըսէ ու կ՝ընէ Սփիւռքի ու Դաշնակցութեան մասին ու դարձեալ կրնայ գալ եւ բեմ բարձրանալ այս համայնքին մէջ:

Երեքշաբթի` Յունիս 7-ին, Զարեհ Սինանեանը փորձեց համախոհներ հաւաքել Քալիֆորնիոյ Հիւսիսային Հոլիուտի ճաշարանի մը մէջ, հանդիպման համար: Ճաշարանը լեցուած էր ներկաներով: Այնուամենայնիւ, ի տխրութիւն Սինանեանի` ներկաներուն ճնշող մեծամասնութիւնը ո՛չ թէ լսելու կամ սատարելու եկած էր Սինանեանի հռետորաբանութիւնը` ի պաշտպանութիւն Փաշինեանի վարչակարգին, այլ՝ աւելի շատ` բողոքելու ինչպէս Լոս Անճելըսի մէջ անոր ներկայութեան, այնպէս ալ Փաշինեանի վարած ապազգային քաղաքականութեան մէջ անոր ստանձնած շարունակական դերին համար:

Ճաշարանի ներկաները Սինանեանը դիմաւորեցին ընդգծուած բղաւելով` «Սինանեան դաւաճան» եւ «Նիկոլ դաւաճան» վանկարկումներով: Սինանեանի այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ մինչ այժմ կրցած էր կանխել մեծ ամբոխը, փոխարէնը ընտրելով փոքր, վերահսկուող հանդիպումներ ձեւաչափը: Այս գիշեր, սակայն, Սինանեանը չկրցաւ խուսափիլ իրական Սփիւռքի հետ առերեսուելէ:

Անցեալ ամիս Սինանեանը վրդովեցուց Սփիւռքը` յայտարարելով, որ անոնք, որոնք դէմ են Արցախի եւ անոր կառավարութեան թրքամէտ դիրքորոշումներուն Փաշինեանի դաւաճանական քաղաքականութեան, «դաւաճաններ» են: Ցուցարարները Սինանեանին յիշեցուցին, որ Սփիւռքը պիտի շարունակէ զգօն մնալ Հայաստանի ապագային նկատմամբ, եւ որ ինքը եւ իր փարած վարչապետը Սփիւռքը լռեցնելու հարցով ձախողած են՝ ինչպէս Հայաստանի մէջ:

Ձեռնարկի կազմակերպիչները, հասկնալով, որ ամբոխը հաւաքուած է Սինանեանի դէմ բողոքելու համար, ակնյայտօրէն թշնամացան եւ սկսան հայհոյանքներ ու սպառնալիքներ հնչեցնել ցուցարարներու հասցէին: Սինանեանը, որ նոյնպէս նկատելիօրէն ջղայնացած էր, սկսաւ բղաւել ամբոխին վրայ եւ կազմակերպիչները շտապ դուրս հանածեցին զինք:

Այնուհետեւ, ճաշարանի տէրերը ամբոխը տեղեկացուցին, որ ձեռնարկը կը չեղարկուի: Ցուցարարներուն մեծ մասը դուրս եկաւ ճաշարանէն, սակայն աւելի ուշ պարզ դարձաւ, որ Սինանեանը կրկին ներս մտած է ետեւի դուռէն եւ փորձած է հանդիպիլ մնացած մօտ մէկ տասնեակ մարդոց, ներառեալ` կազմակերպիչներուն, որոնք մնացած են այնտեղ: Մօտ հարիւր ցուցարար շարունակ բողոքի ցոյցը ճաշարանէն դուրս:

Բողոքի ցոյցէն մէկ ժամ անց՝ դէպքի վայր ժամանեց Լոս Անճելըսի ոստիկանական բաժանմունքը եւ հետաքրքրուեցաւ, թէ ինչ ընթացք ունի: Ոստիկանութիւն, ըստ երեւոյթին, կանչած էին Սինանեանի հանդիպման կազմակերպիչները: Ոստիկաններուն բացատրեցին, որ ցուցարարները հաւաքուած էին բողոքելու Սինանեանին, որուն քաղաքականութեան հետ իրենք համաձայն չէին, եւ ոստիկանները հեռացան:

Ցուցարարներն իրենց բողոքը աւարտեցին` երգելով հայկական հայրենասիրական «զարթիր լաօ» եւ «գինի լից» երգերը, այնուհետեւ՝ Հայաստանի օրհներգը:

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail