Եւրոպական Խորհրդարանը Պէտք է Յստակ Կերպով Քննադատէր Թուրքիոյ Ապակառուցողական Դերը Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Մէջ
10 ՅՈՒՆԻՍ 2022 – ՍՓԻՒՌՔ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Եւրոպական խորհրդարանը ընդունած է Թուրքիոյ վերաբերեալ ամենամեայ յառաջընթացի զեկոյց։ Ինչպէս նախորդ վեց տարիներուն, խորհրդարանը կոչ կ՝ընէ Թուրքիոյ՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ յղում ընելով 2015 թուականի Ապրիլ 15-ին ընդունուած` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի բանաձեւը։
Եւրոպական խորհրդարանը, մասնաւորապէս
– կը հորդորէ Թուրքիոյ` յանձնառու ըլլալու թուրք եւ հայ ժողովուրդներու միջեւ իրական հաշտեցման, ներառեալ Հայոց Ցեղասպանութեան շուրջ վէճի կարգաւորումը, եւ լիովին կատարելու հայկական եւ այլ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան պարտաւորութիւնները,
– կոչ կ՝ընէ ԵՄ-ին եւ անդամ պետութիւններուն` ուսումնասիրելու «Գորշ գայլեր» աջ ծայրայեղական շարժման գործունէութեան արգիլման հնարաւորութիւնը ԵՄ երկիրներուն մէջ,
– կը հորդորէ թրքական իշխանութիւնները մեծցնելու ջանքերը՝ արդիւնաւէտ կերպով կարգաւորելու երկրին մէջ հայերու եւ այլ փոքրամասնութիւններու ծայրաստիճան վատ իրավիճակը,
– մտահոգուած է, որ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը վերջին տարիներուն կը հակասէ ԵՄ արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութեան ընդհանուր նպատակներուն, յատկապէս երբ խօսքը կը վերաբերի Կովկասի տարածաշրջանին,
– կը համարէ, որ Թուրքիան հետեւողականօրէն հեռու կը մնայ ԵՄ արժէքներէն եւ չափանիշներէն։
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը կ՝ողջունէ Եւրոպական Խորհրդարանի սոյն բանաձեւը, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերող հատուածը։ Այնուամենայնիւ, խորհրդարանը պէտք է յստակ կերպով քննադատէր Թուրքիոյ ապակառուցողական դերը Ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ, ինչպէս ըրաւ իր անցեալ տարուան զեկոյցով։ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ընթացող երկխօսութեան գործընթացը գնահատելով` Եւրոպական խորհրդարանը եւ առհասարակ ԵՄ-ն պէտք է հորդորեն Թուրքիոյ զերծ մնալու նախապայմաններ յառաջադրելէ, մասնաւորապէս, հայ-թրքական հաշտեցման գործընթացը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ կապելէ եւ այդպիսով ազրպէյճանական շահերուն ծառայելէ։ Դժբախտաբար, ցայժմ երկխօսութեան ժամանակ թրքական մտադրութիւնները եղած են կամ ընդօրինակութիւն, կամ նպատակադրուած են պարտադրելու սեփական կամքը, գործընթաց մը, որ քիչ կապ ունի սեփական անցեալին անկեղծօրէն առերեսուելու հետ։
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը պիտի շարունակէ վերոյիշեալ հարցերը պահել ուշադրութեան կեդրոնին։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
10.06.2022 թ.