
Բագրատ Եսայեան Եւ Գառնիկ Մելքումեան Ազատ Արձակուեցան – Բագրատ Եսայեան Եւ Գառնիկ Մելքումեան Ազատ Արձակուեցան
13 ՅՈՒՆԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՆՕՐԻՆԱԿԱՆ ՀԱՅՑԷՐ:
< Արտերկրի անկախ հայերը խստիւ կը դատապարտէն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի եւ ազգային ժողովի վերջին օրերու կեցուածքները < Արտերկրի Անկախ Հայեր – Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու բանակցութիւններու մասին >
Շաբաթ, 11 յունիս 2022-ին «Երկիր մետիա» պատկերասփիւռի կայանի տնօրէն Բագրատ Եսայեան ազատ արձակուած է:
Կալանաւորումը իբրեւ խափանման միջոց ընտրելու քննիչի միջնորդութեան մերժման մասին որոշումը յայտնի դարձաւ առաւօտեան, մինչ այդ դատարանը միջնորդութիւնը քննած էր գիշերը եւ քննութեան աւարտը եղած էր միայն առաւօտեան ժամը 4:00-ի մօտ: Փաստաբանները այդ ժամուն «Երկիր մետիա»-ի նկարահանող խումբին ըսած էին, որ կալանաւորման փորձը աւելի նման է խօսքի ազատութեան ճնշման, քանի որ Բագրատ Եսայեանին բերման ենթարկած էին պատկերասփիւռի կայանէն:
Բագրատ Եսայեանի ազատման ժամանակ դատարանին մօտ սպասող ներկաները վստահութիւն յայտնած էին, որ անոր նկատմամբ ներկայացուած կալանքի միջնորդութիւնը ապօրինի էր:
Միւս կողմէ, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը կը տեղեկացնէ, որ միութեան անդամ Գառնիկ Մելքումեանը կալանաւորելու միջնորդութիւնը դատարանը չէ բաւարարած:
«Դատարանը մերժեց ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութեան անդամ Գառնիկ Մելքումեանի նկատմամբ քննիչին կողմէ ներկայացուած ապօրինի կալանքի միջնորդութիւնը:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք փաստաբան Լուսինէ Մարտիրոսեանին` կատարած արհեստավարժ աշխատանքին համար», նշուած է միութեան յայտարարութեան մէջ:
aztagdaily.com/archives/549015





