«Մենք Կողքիդ Ենք». Աջակցութիւն Կարօ Փայլանին՝ Թուրքիոյ Մտաւորականներէն

HDP Diyarbakır Milletvekili Garo Paylan, TBMM'de basın toplantısı düzenledi. ( Raşit Aydoğan - Anadolu Ajansı )

«Մենք Կողքիդ Ենք». Աջակցութիւն Կարօ Փայլանին՝ Թուրքիոյ Մտաւորականներէն

18 ՅՈՒՆԻՍ 2022 –

Թուրքիոյ խումբ մը մտաւորականներ, ներառեալ՝ 47 լրագրող եւ իրաւաբան, տարածած են համատեղ յայտարարութիւն՝ աջակցութիւն յայտնելով Թուրքիոյ ընդդիմադիր, քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանին: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է, որ Փայլանի հասցէին հնչող բոլոր սպառնալիքներն ու վիրաւորանքները մտաւորականները կը համարեն նաեւ իրենց հասցէագրուած։

Երբ Փայլանը խորհրդարանի մէջ ներկայացուց «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ցեղասպանութիւն իրագործածներու անունները հանրային տարածքներէն հեռացնելու» մասին օրինագիծ, ատիկա պատճառ դարձաւ, որ ընդդիմադիր պատգամաւորը թիրախ դառնայ թէ՛ իշխանութեան եւ թէ՛ ընդդիմութեան կողմէ:

Ազգայնական ուղղուածութեան «Լաւ» (İYİ Parti) կուսակցութեան առաջնորդ տիկին Մերալ Աքշեները Կարօ Փայլանը բնութագրած է իբրեւ իր չափը չճանչցող գործիչ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը հրահանգած է դատական ​​համակարգին, որ Փայլանի՝ «սահմաններ չճանչցող, հակաիրաւական եւ բարոյազուրկ այդ քայլը» արժանանայ համապատասխան գնահատականի:

Իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (ԱԶԿ-AKP) խօսնակ Օմեր Չելիքն ալ յայտարարած է, որ Փայլանի դէմ «իրաւական գործընթաց» պիտի սկսին։

Յիշեցնելով ատելութեան խօսքի զոհ այլ հայ գործիչի մը՝ Հրանդ Տինքի ճակատագիրը՝ մտաւորականները նշած են, որ թրքական պետութիւնը եւ պաշտօնատար այրերը, ազգը ներկայացնող բոլոր քաղաքական գործիչները, իրաւապահ համակարգը, տեղական իշխանութիւնները պատասխանատու են Կարօ Փայլանի ապահով եւ անվտանգ կեանքին համար։

yerakouyn.com/2022/06/17/մենք-կողքիդ-ենք-աջակցութիւն-կարօ-փա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail