Նման Վարքագիծ ու Արարքներ Թոյլ Տուած Ջհանգիրեանը Այլեւս Չի Կրնար Պաշտօնավարել. «Հայաստան» Խմբակցութիւնը Դիմած է ՀՀ-ի Մէջ ԱՄՆ եւ ԵՄ Դեսպաններուն

Map of Armenia - Kingdom of Armenia under the Arsacid dynasty, c. 150 BCE

Նման Վարքագիծ ու Արարքներ Թոյլ Տուած Ջհանգիրեանը Այլեւս Չի Կրնար Պաշտօնավարել. «Հայաստան» Խմբակցութիւնը Դիմած է ՀՀ-ի Մէջ ԱՄՆ եւ ԵՄ Դեսպաններուն

20 ՅՈՒՆԻՍ 2022 — ՀԱՅԱՍՏԱՆ — ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՆՏԱՌԻ ՎՃԻՐՆԵՐ:

«Հայաստան» խմբակցութիւնը նամակով դիմած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ԱՄՆ եւ ԵՄ դեսպաններուն.

«Յարգելի՛ տիկին Թրէյսի,

յարգելի՛ տիկին Վիքթորին

Այսօր, Հայաստանի Հանրապետութեան Բարձրագոյն դատական խորհուրդի լիազորութիւնները կասեցուած նախագահ Ռուբէն Վարդազարեանը, հրապարակած է ձայնագրութիւն, որուն արժանահաւատութիւնը կասկածի տակ չէ դրած կողմերէն եւ ոչ մէկը։

Ձայնագրութիւնը կ՝ընդգրկէ յանցանքի ակնյայտ տարրերու, քրէական գործերուն միջամտութիւններու եւ յստակ պահանջներու չկատարման պարագային սպառնալիքներու փաստեր։

Նման երեւոյթներու մասին մենք բարձրաձայնած ենք բազմիցս եւ բացառապէս բախուած ձեր լռութեան։

Այդ յանգամանքները պէտք է քննութեան առարկայ դառնան այն իրաւապահ մարմիններուն կողմէ, որոնց, փաստացի, ըստ հրապարակուած ձայնագրութեան, պարտադիր կատարման ցուցումներ կրնայ տալ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի յայտնի անդամը՝ Գագիկ Ջհանգիրեանը։

Ձայնագրութիւնը նաեւ կ՝ընդգրկէ քաղաքական գործունէութեան միջամտելու խոստում, եւ անոր հետեւանքները փաստացի արձանագրուած են, ինչպէս՝ իբր արդար ու թափանցիկ խորհրդարանական ընտրութիւններով։

Դատական համակարգի թիւ մէկ պատասխանատու Գագիկ Ջհանգիրեանը կը խոստովանի, որ «Հայաստան» դաշինքի նախընտրական ցուցակը գլխաւորած Ռոպերթ Քոչարեանի եւ ՀՅԴ-ի քաղաքական գործունէութեան միջամտելու յանձնառութիւն ստանձնած է։

Յատկանշական է, որ 2021 թուականի Յունիս 20-ի ընտրութիւններուն օրը եւ անոր նախորդած ու այնուհետեւ յաջորդած ժամանակահատուածներուն ընդդիմադիր քաղաքական խումբի նկատմամբ դատական համակարգի ակնյայտ կողմնակալ, կախեալ վարքագիծի մասին մեր կողմէն քանիցս բարձրաձայնուած էր եւ կրկին բախուած ձեր լռութեան։

Մեկնելով վերոգրեալէն՝ կ՝ակնկալենք․

1) հրապարակաւ դիրքորոշում յայտնել հրապարակուած ձայնագրութեան եւ դատական, իրաւապահ համակարգի իրական վիճակին վերաբերեալ,

2) հրապարակաւ դիրքորոշում յայտնել՝ արդեօ՞ք Գագիկ Ջհանգիրեանի կիրառած ու յայտնած ձեւի ու բովանդակութեան դատական բարեփոխումները դեռ կ՝արժանանան ձեր աջակցութեան։

Նշուած հարցադրումներուն սեղմ ժամկէտի մէջ պատասխան չտրամադրելը ողջամտօրէն պիտի դիտարկուի իբրեւ նման ակնյայտ ապօրինութիւններուն խրախուսում ձեր կողմէն։

Պատճէնը՝ ՀՀ-ի մէջ հաւատարմագրուած բոլոր դեսպաններուն»։

yerakouyn.com/2022/06/20/նման-վարքագիծ-ու-արարքներ-թոյլ-տուած-ջ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail