
Պայքարը Պիտի Շարունակուի Եւ Ընդարձակուի Նոր Ոճով Ու Միջոցներով — ՅՈՎՍԷՓ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
20 ՅՈՒՆԻՍ 2022 — ՀԱՅԱՍՏԱՆ — ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
ՅՈՎՍԷՓ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ
Ինչպէս միշտ, անցնող օրերուն/ամիսներուն դաշնակցական երիտասարդութիւնը ստանձնեց իր պատմական դերը եւ խանգարեց հայութեան շահերը հարուածող ծրագիրները: Պայքարը պիտի շարունակուի եւ ընդարձակուի նոր ոճով ու միջոցներով:
Ոչ մէկ ուժ կրցած է շեղել մեր երիտասարդութիւնը իր նպատակներէն, որ տոգորուած է յարատեւ պայքարի գաղափարներով, յանուն ազգային շահերու: Այս դաստիարակութիւնը փոխանցուած է սերունդէ սերունդ` Քրիստափորէն Արամ, Դրոյէն Համբիկ, Պետոյէն Կիմ եւ հասած է ՀՅԴ ՀԵՄ-ին, ՆԱՈՒՄ-ին ու իրենց հազարաւոր աշխարհասփիւռ ընկերներուն:
Ճնշում, հալածանք, առեւանգում, բանտարկութիւն, ֆիզիքական սպառնալիք եւ աւելին ապրած է դաշնակցական երիտասարդութիւնը իր պատմութեան ընթացքին: Ներկայիս այս բոլորը տեղի կ՛ունենան հայրենիքէն ներս թրքական եւ ազերիական շահերը սպասարկող ներկայ իշխանաւորներուն կողմէ:
Անհաւասար, երկարաշունչ, թերեւս անյոյս թուացող պայքարի վարժ է դաշնակցական երիտասարդութինը, իսկ Փաշինեանը եւ իր ներկայացուցիչները Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ խելքի պէտք է գան, պատմութեան գիրքերը լեցուած են հակադաշնակցական պայքարներու ճակատագրին մասին:
Բանտերուն մէջ գտնուող, Արցախի, Երեւանի թէ օտար մայրաքաղաքներուն մէջ պայքարող ՀՅԴ երիտասարդներ, այս մռայլ իրականութեան մէջ դուք էք մեր ազգի փրկութեան ու վերելքի յոյսը:
aztagdaily.com/archives/549701





