Իրենց Պառակտիչ ու Ատելութեան Խօսքերով Լեցուն Զարեհ Սինանեանի Նման Ձայներ Լսելի Պիտի Չդառնան. Յայտարարութիւն ՀՅԴ Յունաստանի ԿԿ-ի
21 ՅՈՒՆԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի գործերու յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Փաթրա քաղաքին մէջ 23 Յունիսին Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս սփիւռքի հարցերու թեմայով հանդիպման մը պիտի մասնակցի։ Այս առիթով Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպանութեան կողմէ յատուկ հաւաք մը կազմակերպուած է Զարեհ Սինանեանին հետ Աթէնքի մէջ։
Երկար ժամանակէ ի վեր հայրենի մամուլին մէջ շրջանառուող լուրերուն հետեւած ըլլալով՝ ծանօթ ենք այլ գաղութներու մէջ Զարեհ Սինանեանի հետ նման հանդիպումներու արդիւնքներուն մասին, ուր տուեալ անձին կողմէ վիրաւորական ու անարգալից որակումներ հնչած են Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հասցէին, անտեսելով 132-ամեայ մեր կուսակցութեան դերն ու արժէքը Սփիւռքի գաղութներու կազմաւորման ու պահպանման, Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման գործին մէջ։ Ան իր պառակտիչ ու ատելութեան խօսքերով որեւէ օգտակար ներդրում չէ կարողացած ունենալ, այլ ընդհակառակը՝ տխուր հռչակ կը վայելէ, մանաւանդ երբ քանի մը առիթներով փորձած է շրջանցել ազգային ամուր կառոյցները եւ ստորացնել անոնց անժխտելի վաստակը։ Յաւելեալ, խորապէս մտահոգիչ եւ անհանգստացնող կը գտնենք հայ-թրքական յարաբերութիւններու մասին, ինչպէս եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման փաստին վերաբերող իր աղմկայարոյց յայտարարութիւնները, որ վտանգի տակ կ՚առնեն ամբողջ մեր ազգին ապագան։ Այս պատճառներով կարելի չէ ընդունիլ նման հաւաքի մասնակցելու որեւէ հրաւէր։
Յունահայ գաղութը, ինչպէս որեւէ գաղութ Սփիւռքի մէջ, ունի իր հասարակական-կուսակցական-ազգային-կրօնական կառոյցները։ Անոնք, 100 տարիներէ ի վեր կարողացած են աշխուժ ազգային կեանք ապահովել, միաժամանակ մեծ ձեռքբերումներ յաջողցնելով Հայ Դատի աշխատանքներու ծիրէն ներս եւ Հայաստան-Յունաստան քաղաքական երկկողմանի յարաբերութիւններու ամէնաբարձր մակարդակը նուաճելով։ Այս բոլորը յաջողուած է նաեւ գաղութի միասնականութեան ոգին պահպանելու բարձր տրամադրութեամբ, խուսափելով անկայունութիւնը փնտռող անհատներու անյոյս ճիգերէն։
Իրենց պառակտիչ ու ատելութեան խօսքերով լեցուն Զարեհ Սինանեանի նման ձայներ, որ կը փորձեն լարել կասկածամտութիւնն ու անվստահութիւնը գաղութներուն հանդէպ, լսելի պիտի չդառնա՛ն, ո՛չ ալ հանդուրժելի են։
Մենք հաստատ ու վճռակամ ենք մեր գաղութէն ներս համագործակցութեան ամուր մթնոլորտը պահպանելու գծով, հայապահպանութեան ուղղուած մեր քաղաքականութեան մէջ, ինչպէս եւ յունահայութեան իրաւունքներու ու շահերու պաշտպանութեան գործին մէջ։
Հ.Յ.Դաշնակցութեան Յունաստանի
Կեդրոնական կոմիտէ
20 Յունիս, 2022
yerakouyn.com/2022/06/20/իրենց-պառակտիչ-ու-ատելութեան-խ/