Պարտինք Ազգային Սրբութիւնը Պահպանելու Նախանձախնդրութեամբ Կենարար Շունչ Պարգեւել Մեր Ազգին Եւ Սփիւռքին – Թամար Թուֆէնքեան

Պարտինք Ազգային Սրբութիւնը Պահպանելու Նախանձախնդրութեամբ Կենարար Շունչ Պարգեւել Մեր Ազգին Եւ Սփիւռքին – Թամար Թուֆէնքեան

23 ՅՈՒՆԻՍ 2022 – ՍՓԻՒՌՔ:

Ինչպէս նախապէս փոխանցած էինք, Արամ Ա. կաթողիկոսի հռչակած «Սփիւռքի տարի»-ին նուիրուած Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ համալիրին մէջ 12 մայիսին տեղի ունեցաւ մշակութային ձեռնարկ մը: Եկեղեցիի հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի խորհրդատուութեամբ, Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս ազգային վարժարանին կողմէ պատրաստուած ձեռնարկը ընթացաւ հայ երգով ու պարով, ասմունքով, ինչպէս նաեւ սփիւռքի ամենակենսունակ` Լիբանանի համայնքի պատմութեան ներկայացումով:

Օրուան բանախօսն էր ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի գործավար, մանկավարժ Թամար Թուֆէնքեանը. ստորեւ` անոր խօսքը.

Գերաշնորհ տէր Թորգոմ սրբազան եպիսկոպոս Տօնոյեան` առաջնորդ Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմին, գերաշնորհ, գերապատիւ, հոգեշնորհ եւ արժանապատիւ հոգեւոր հայեր,

Ազգային իշխանութեանց եւ պատկան մարմիններու պատուական ներկայացուցիչներ,

Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս ազգային վարժարանի տնօրէնութիւն, թանկագին հիւրեր եւ շատ սիրելի աշակերտներ,

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառը «Սփիւռքի տարի» հռչակեց 2022 թուականը: Իսկ մայիսը հայ ազգի յաղթանակներու ամիսն է: Ուրեմն այսօր, գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը, Հոլիվուտի մեր գաղութը պատեհ առիթը ստեղծած է, որպէսզի նշենք ընդհանրապէս սփիւռքի յաղթանակները եւ կանգ առնենք անոր պանծալի կռուաններէն` Լիբանանի դերին առջեւ:

Միջին Արեւելքի մեր գաղութները գոյութիւն ունեցած են դարերէ ի վեր` իբրեւ հայ առեւտրականներու եւ արհեստաւորներու գաղթավայրեր: Պէյրութն ալ, այլ քաղաքներու պէս, իբրեւ այդ օրերու միջինարեւելեան ոստան, լիբանանեան իւրայատուկ ու բազմագոյն պաստառին վրայ ընդգրկած է նկատելի թիւով հայեր, որոնք հոն բնակած եւ աշխատած են Ցեղասպանութենէն շատ առաջ, իրենց ազգային ուրոյն կնիքով:

Միջին Արեւելքի մէջ եւ այլուր դարերէ ի վեր կազմաւորուած եւ հիւսուած ժողովրդային խճանկարները բազմաթիւ վայրերու մէջ հայկական դրոշմ կրած են: Հայկականութիւնը պարուրած է հին պատմական քաղաքներու բուրումնաւէտ մթնոլորտը: Անոնցմէ յիշենք միջազգային համբաւ վայելող Հալէպը եւ Պէյրութը` իբրեւ շքեղութեան ու առեւտրական յառաջդիմութեան քաղաքներ եւ զարգացած կեդրոններ:

Անոնք իրենց կենցաղային խմորումներուն եւ առեւտրական առօրեային մէջ կարեւոր դեր տրամադրած են նշանաւոր հայ դէմքերու եւ համայնքին, որոնք այդ օրերուն կը գտնուէին համեմատաբար նեղ սահմաններու մէջ: Յիշենք միայն, որ Ցեղասպանութենէն դարեր առաջ Հալէպը, Զըմմառն ու Պէյրութի Ս. Նշան եկեղեցին իրենց դիրքը գրաւած էին հայրենամերձ սփիւռքի քարտէսին վրայ: Անոնք միակը չէին, իսկ Պարսկաստանի մեր գաղութը կերտած է իր դարաւոր ու իւրայատուկ պատմութիւն:

Բնութեան օրէնքին հետեւողութեամբ, դժբախտութեան միշտ պէտք է յաջորդէ բարեբախտութիւն մը: Համիտեան ջարդերն ու հալածանքները շուքի մէջ ձգած Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքին ալ յաջորդեց «սփիւռք հրաշք»-ը, որուն շնորհիւ ծաղկեցան ու աճեցան այն համեստ հայաբնակ վայրերը, եւ ծնունդ առին մեղուաբոյնի բծախնդրութեամբ ու ինքնաբաւութեամբ գործող մեր գաղութները` իրենց դպրոցներով, եկեղեցիներով, ակումբներով, որբանոցներով, ծերանոցներով, բժշկական կեդրոններով, խմբագրատուներով, տպարաններով, դատական ատեաններով, մարզադաշտերով, կազմակերպութիւններով, կուսակցութիւններով, կրօնական համայնքներով եւ այլազան կառոյցներով: Գաղութները իրենց աշխուժութեամբ եւ տուեալ երկիրին մէջ տիրող պայմաններուն բերումով իրարմէ կը տարբերէին աշխատելաոճին ու դրսեւորումներուն մէջ, սակայն անոնց ոգեղէն էութիւնը կը սնանէր մէկ սկզբնաղբիւրէ` հայկականութենէ: Այսպէս, Ցեղասպանութեան պատճառով ցրիւ եկած մեր ժողովուրդը վերապրելու մղումով ուռճացուց եւ ծաղկեցուց մեր գաղութները, որոնց մէջ իւրայատուկ դեր վիճակուեցաւ իրողական երկուորեակներուն` Պէյրութի ու Հալէպի:

Պէյրութը` Միջերկրականի ափին բազմած գեղատեսիլ ու Միջին Արեւելքի երբեմնի աչքը համարուող քաղաքը, իր միջազգային համբաւին կողքին, իւրաքանչիւր սփիւռքահայու համար ազգային ջերմ կապի կռուանը եղաւ եւ ընդհանրապէս հոյակապ բան մը ամրագրեց անոր հայկական ինքնութեան ծալքերուն մէջ:

Ցեղասպանութենէն ետք մեր ազգի դաժան ճակատագիրին մատնուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը 10 տարիներու գաղթական եւ անորոշ կարգավիճակէ եւ անհորիզոն թուացող դեգերումներէ ետք, Պէյրութի մօտակայ Անթիլիաս աւանին մէջ հաստատեց նոր մայրավանքը եւ խարսխեց հայ ազգի զաւակներուն յոյսերը: Իբրեւ կրօնական բնօրրան` ան հաւաքեց նաւաբեկեալ ժողովուրդի ծուէնները ու միացուց չվհատող մեր ժողովուրդը ազգի ամբողջականութեան հարթակին վրայ:

Պէյրութի գաղութը բարեբախտութիւնը ունեցաւ վայելելու գիտակից եւ անձնուէր ղեկավար սերունդի մը հովանին, որ գիտէր ոչինչէն կերտել ամէն ինչ: Այդ հաւատքով էր, որ անոնք հիմնած էին Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ապա նոյն փորձառութեամբ իրականացուցին սփիւռքի ամէնէն ամրակուռ գաղութը: Հայաստանի Հանրապետութեան 4-րդ վարչապետին` Սիմոն Վրացեանի բառերով` «Անոնք վարչապետ էին, դարձան վարժապետ» եւ յաջողեցան գաղութները կազմակերպել ու հայ կեանքը վերականգնել իրենց անձնուրացութեան, ազգային ոգիին, կորովին ու ջանքերուն շնորհիւ: Հանրապետութիւն կերտող սերունդը, սփիւռքի համեստ պայմաններուն մէջ, աննկուն կամքով կռանուած կարողութիւններով, միաժամանակ ազգային հրաշքներու հաւատացող ու անշահախնդրօրէն գործող նուիրեալներու փաղանգով մը լծուեցան «սփիւռք հրաշք»-ի կերտման աշխատանքին ու «արարեցին» Լիբանանը: Վրացեանի, Աղբալեանի եւ Շանթի նման հայ մշակոյթի հին, բայց մշտանորոգ աստուածները հաւատացին եւ գործեցին Ճեմարանի ոգեղէն տաճարէն ներս` թրծելու համար վերականգնող հայութեան ու ապագայ Հայաստանը կերտող սերունդներու հոյլը: Հայաստանի լուսաւորութեան նախարարութիւնը հիմա սփիւռքի մէջ ճառագայթելու թելադրանքին տակ կը գտնուէր: Աղբալեանն ու Շանթը հայ մշակոյթի անմահութեան հաւատալով` հիմնեցին Համազգային մշակութային միութիւնը, որ իր արուեստի ու մշակոյթի երանգապնակով կոփեց եւ պատրաստեց հայ մարդը: Հայաստանի խորհրդայնացման դառնութիւնը ճաշակած ու ստիպողաբար հայրենիքէն դուրս եկած սերունդն էր այդ, բայց հայրենիքը ՄԻՇՏ իրենց էութեան մէջ պահած, հմուտ վարպետի մը շնորհքով եւ հայրենիքի ոգեղէն պատկերով ներշնչուած` կերտեց գլուխ գործոց մը` Լիբանանը իր Պէյրութով, Թրիփոլիով, Սայտայով, Սուրով, Ճիւնիով, Պիքֆայայով եւ ամէն ինչով: Նոյն այդ սերունդն էր, որ առաջնորդեց Լիբանանի հայութեան մուտքը` երկրի պետական համակարգին մէջ, Լիբանանի անկախութենէն առաջ եւ մանաւանդ անկախութեան հռչակումէն ետք: Հայկական երեսփոխանական պլոքն ու նախարարներ իրենց կնիքը դրին հայութեան ու Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ, անուրանալի դերակատարութիւն ունեցան մասնաւորաբար քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն: Անոնք գաղթավայրերէն քալեցին դէպի հիւրընկալող երկիրի խորհրդարանը:

1939-ին Մուսա Լերան վերջին շունչը եկաւ ու հասաւ Այնճար, Լիբանան, բոլորիս յիշեցնելու համար էական պատգամ մը. թշնամին միշտ պատրաստ է մեր հողերը խլելու եւ մեզ ոչնչացնելու: Լիբանանի համայնապատկերը հարստացաւ նոր ապրումով մը: Այնճարը հարազատ էր, եւ աւելի թարմ էր անկէ հասած հայրենի հողի բուրմունքը ու հետեւաբար` ափսոսանքը: Այնճարը Մուսա Լերան սփոփանքն էր եւ Լիբանանի մէջ նոր յոյսի ծիածան մը:

1950-ականներու վերջերուն եւ 60-ականներու սկիզբներուն Սուրիոյ մէջ ստեղծուեցան անբարենպաստ վիճակներ, որուն պատճառով հայութեան ալիք մը, բազմաթիւ ղեկավարներով հանդերձ, հասաւ Լիբանան, ուր կար աւելի ազատ գործելու կարելիութիւն: Այդ ալիքը նոր աւիշ պարգեւեց Լիբանանի հայ գաղութին եւ առաւել ծաղկումի ու բարգաւաճման առիթ ընծայեց անոր: Ազգային, քաղաքական, կրօնական եւ մշակութային կեանքը իր գագաթնակէտին հասնող թռիչքներ կատարեց, եւ հետզհետէ ամէն բնագաւառէ ներս ծաւալող աշխուժ գործունէութեամբ ուռճացաւ Լիբանանը եւ նոր սլացքով ընդարձակեց իր գործունէութեան թափն ու ծաւալը: Այդ կարողականութիւնն էր, որ երկար շունչ տուաւ Լիբանանի վիթխարի հայ գաղութին` միասնական շարքերով, կուսակցութեանց եւ համայնքներուն ձեռքերուն միացումով դիմանալու քաղաքացիական 15 տարի տեւած ծանր ու մաշեցնող պատերազմին, տնտեսական տագնապներուն եւ իր խրոխտ շարքերը նօսրացնող արտագաղթին: Լիբանանը մնաց սփիւռքը սնուցանող մշակութային եւ ազգային մայր երակը, ինչպէս նաեւ` Հայ դատի պայքարի արդարութեան եւ լոյսի մարտիկը:

Բառացիօրէն եւ նիւթական առումով, ոչինչէն ծնունդ առած սփիւռքը հայ մարդը ապրեցուց հայրենիքի մանրակերտով` զայն իր հոգիին խորքը զգացնելով: Անիկա ստեղծագործեց եւ ապրեցաւ հայութեան համար, բայց մանաւանդ` հայրենիքի վերանկախացման սրբազան իտէալին համար: Սփիւռքը կերտող սերունդը ծանրագոյն պայմաններու մէջ պահպանեց ազգային ամէն արժէք եւ իբրեւ մասունք փոխանցեց յաջորդ սերունդներուն: Այսօր մենք պերճախօս վկաներն ենք այդ ազնիւ սերունդի պայծառատեսութեան ու յաջող արարչագործութեան:

Լիբանանի մէջ գործող ղեկավարութիւնը եւ գաղութը, ինչպէս` սփիւռքի բոլոր օճախներէն ներս, վառ պահեցին հայրենիքի սէրն ու կարօտը իրենց հոգիներուն մէջ: Խապրիկ մը սպասեցին ամէն կռունկէ: Համայնավարութեան ազգակուլ տարիներուն Լիբանանը դարձաւ հայրենիքի անաղարտ ոգեղէն պատկերը եւ այդ հանգամանքով պահեց ազգային բոլոր արժէքները, որոնցմէ ամէնէն էականը ազգային ոգին եւ շունչն են: Սփիւռքը կանգուն մնաց հայրենիքէն հեռու ապրելով հանդերձ, որովհետեւ իր հոգիին մէջ էր հայրենիքը, եւ կը հաւատար, որ օր մը հայրենիքը դարձեալ պիտի անկախանայ, պիտի գրկէ իր զաւակները` ջերմ գուրգուրանքով ու անսահման հոգատարութեամբ:

Լիբանանը եւ ի մասնաւորի Պէյրութը իտէալական հայրենիքի անաղարտ պատկերն էին, հայկական թաղերու անուններով, հայախօս վաճառականներով եւ արհեստաւորներով, ակումբներու եռուզեռով, քաղաքական պայքարներով, թերթերու ցրուիչներով եւ մինչեւ իսկ քաղաքացիական պատերազմի օրերուն` Պուրճ Համուտը իր սեփականը համարելով, հողին ամուր կառչած ու զայն մինչեւ վերջին շունչը պաշտպանած երիտասարդ ու պատանի իր զինեալներով® Այս էր սփիւռք երեւոյթը, որուն ուժն ու կարողականութիւնը իր ամէնէն ծանր պայմաններուն մէջ արդարօրէն դրսեւորուած է խիզախ կեցուածքով: Նոյն այդ միջավայրէն ծնունդ առին եւ աշխարհով մէկ գործեցին ցեղասպան պետութեան ժառանգորդները պատուհասող երիտասարդ բազուկները, նոյն այդ միջավայրէն էր, որ դէպի երկիր վազեցին երիտասարդ փաղանգներ, երբ Արցախը կանչեց զիրենք:

Լիբանանի պետական համեմատաբար ազատ համակարգը առիթ ընծայեց գաղութի տեղական մարմիններուն ազգային յանդուգն որոշումներ որդեգրելու: Գաղութը կ՛ապրէր այսպէս կոչուած «անկախ հայրենիք»-ի կարգավիճակով, որ լայն հնարաւորութիւններու եւ փորձառութիւններու հսկայական առիթ կ՛ընծայէր հայութեան:

Այս պատճառով Պէյրութէն ահազանգեց ոսկեղենիկը պահպանելու վճռական եւ քաղաքական կարեւոր ու անյետաձգելի որոշումը: Լիբանանը նախակարապետը եղաւ օտար երաժշտութիւնը հայկականով փոխարինելու հրամայականին: «Թրքերէն խօսողին հայերէն պատասխանէ՛» կարգախօսը բարձրացաւ նա՛եւ Պուրճ Համուտէն ու անով դաստիարակուեցաւ ամբողջ սփիւռքը: Սփիւռքը սրբացաւ մայրենիի վերականգնումով, Պուրճ Համուտի թաղերը սկսան հայերէն շնչել ու ապրիլ: Աստիճանական զարգացումներով տարիներ ետք երիտասարդ սերունդին մօտ վերջին նորաձեւութիւն եւ չափազանց գրաւիչ համարուեցաւ մաքրամաքուր հայերէնխօսութիւնը: Անոնք բարի նախանձով հետեւեցան այդ հմայիչ նորաձեւութեան: Ապրեցան լեզուով, լեզուամտածողութեամբ զինուեցան, հայկական ծիներու յիշողութիւնները փորփրեցին հայկական ձայնասփիւռի կայաններով, հայկական երաժշտական ձեռնարկներով, երգչախումբերով, պատկերասփիւռի հայկական կայաններով, թատրոնով, շարժապատկերով, երաժշտանոցով, կերպարուեստով եւ, տակաւին, ամէն նրբութիւններով, որոնց շնորհիւ հայօրէն շնչելու հնարաւորութիւն կարելի էր ձեռք ձգել: Այս բոլորին մէջ իւրայատուկ տեղ ունեցաւ Հայկազեան քոլեճը, որ տարիներ ետք բարձրացաւ համալսարանի մակարդակին` դառնալով սփիւռքի տարածքին գործող հայկական առաջին եւ միակ հայկական բարձրագոյն կրթութեան օճախը:

Այսօր, այս հրաշագործութեան օրինակով զինուած, պարտինք մեր ազգային կեանքը զօրաշարժի ենթարկել եւ նախորդ սերունդներու աւանդէն ու փորձառութենէն օգտուելով եւ մեր լայն հնարաւորութիւններով զինուած` պարտաւոր ենք մեր ազգային կեանքի բոլոր մասնիկները վերակենդանացնել բծախնդրութեամբ:

Մանաւանդ պարտինք ազգային սրբութիւնը պահպանելու նախանձախնդրութեամբ կենարար շունչ պարգեւել մեր ազգին ու սփիւռքին: Նախորդ սերունդը ստեղծեց «սփիւռք հրաշք»-ը աննպաստ եւ գրեթէ անկարելի պայմաններու մէջ: Այսօր մեր ունեցած զարգացած միջոցներով եւ նիւթական ծաղկուն պայմաններով պարտինք ազգային մեր իրականութիւնը օժտել «սփիւռք հրաշք»-ի մերօրեայ կարգախօսով եւ հրամայականով:

Լիբանան փայլուն աստղը մեզի կը կտակէ երկու հիմնական պատգամ: Առաջին հերթին օրինակելի է հրաշքը, զոր իրագործեց մեզմէ շատ աւելի դժուար, թշուառ ու աննպաստ պայմաններու մէջ ապրող նախորդ սերունդը: Անոնց հաւատքը եւ պայծառատեսութիւնը դարձաւ իրենց աշխատանքի հիմնական խթանը եւ յաջողութեան առաջնորդը: Լիբանանը դարձաւ աշխարհասփիւռ հայահոծ գաղութներու կիզակէտը` ազգային, կրթական, մշակութային եւ քաղաքական ներշնչարան ու կենարար աղբիւր ըլլալու իրականութեամբ: Գաղութին շողարձակման շնորհիւ` նոր բողբոջ տուած հեռաւոր գաղութները եւ անհաստատ քայլերու խարխափումի մէջ տուայտող սփիւռքեան օճախներ վերընձիւղուեցան:

Երկրորդ` քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, գաղափարական տարբերութիւնները հարթելով, միասնական կեցուածք որդեգրող կուսակցութիւններն ու համայնքները, իրենց իմաստուն եւ բարձրոգի կեցուածքին շնորհիւ, գաղութը դարձուցին անքակտելի եւ ուժեղ: Այսպէս կրցան տոկալ եւ անտեսել դժուարութիւնները` հասնելու համար նպատակին:

Այսօր հայրենիքը, սփիւռքը եւ մանաւանդ ներազգային մեր իրականութիւնը անգամ մը եւս պիտի դաստիարակուի մեր շատ մօտիկ անցեալի պատմութեամբ: Լիբանանի փրկութիւնը կը պարտի համայնքային ու կուսակցական տարբերութիւններէն վեր բարձրանալու ազգային գիտակից եւ հաւասարակշռուած ղեկավարութեան կեցուածքին:

Այսօր մենք կը տեսնենք իտէալական գաղութի մը պատկերը: Դարաւոր գաղութի կեանքին մէջ տարբեր երանգներու երբեմնի անհամերաշխ շերտաւորումները միաձուլուած են եւ կրցած են նկարել այն կտաւը, որուն առջեւ ամէն հայ պիտի խոնարհի ու հիացմունք պիտի ապրի անոր ստեղծած հմայքին համար:

Ուրեմն գիտակից մօտեցումով Լոս Անճելըսի, Փարիզի եւ այլ հեռակայ գաղութներու մեր ներկային կամրջենք Լիբանանի եւ Սուրիոյ փորձառութեանց դրական աւանդները, հեռու մնանք ժխտականէն, որպէսզի նոյն կամքով ու հասունութեամբ յարմարագոյնը որդեգրենք նաեւ Հայաստանի ու Արցախի նպատակասլաց ապագայի հեռանկարին ուրուագիծերը յստակացնելու համար:

ԹԱՄԱՐ ԹՈՒՖԷՆՔԵԱՆ

aztagdaily.com/archives/549969

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail