Մինչ Մոսկուա Կը Հերքէ. Էրտողան. «Մոսկուա Պիտի Ստիպուի Կրել Հետեւանքները, Եթէ Շարունակէ Ոտնահարել Թուրքիոյ Գերիշխանութիւնը»

erdoghan 4 drapeau
Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան

01 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մեկնաբանելով այն լուրը, թէ ռուսական պատերազմական օդանաւ մը ոտնահարած է Թուրքիոյ օդային տարածքը, նշեց. «Եթէ Ռուսիա շարունակէ ոտնահարել Թուրքիոյ գերիշխանութիւնը, ապա ստիպուած պիտի ըլլայ կրելու ատոր հետեւանքները: Հակառակ ռուսերէնով եւ անգլերէնով զգուշացումին` այդ ոտնահարումը տեղի ունեցաւ շրջանին մէջ ճգնաժամը մագլցումի մղելու ձգտող Մոսկուայի ջանքերուն իբրեւ հետեւանք»:

Ան Հարաւային Ամերիկա շրջապտոյտի մը ծիրին մէջ Չիլի մեկնելէ առաջ Պոլսոյ Աթաթուրք միջազգային օդակայանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ ռուսական պատերազմական օդանաւին կողմէ Թուրքիոյ օդային տարածքի ոտնահարումը ՕԹԱՆ-ի օդային տարածքի ոտնահարում մըն է` աւելցնելով, որ ՕԹԱՆ այս հարցին կը հետեւի:

Էրտողան ըսաւ, որ այսպիսի անպատասխանատու արարքներ ո՛չ Ռուսիոյ նպաստաւոր են, ո՛չ ՕԹԱՆ-ի հետ անոր յարաբերութիւններուն, ո՛չ ալ շրջանային ու միջազգային խաղաղութեան եւ վտանգաւոր հետեւանքներ պիտի ունենայ` նշելով, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ իր մօտ կանչած է Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը եւ անոր փոխանցած խիստ ոճի բողոք մը:

«Սուրիոյ մէջ մեր սահմաններուն մօտիկ եղող շրջաններուն դէմ քաղաքային թիրախներու դէմ յարձակումներու շղթայազերծումը մեզ կը մտահոգէ: Յստակ է, որ շրջանին մէջ ռուսական գործողութիւնները ահաբեկչութեան դէմ պայքարին հետ կապ չունին, այլ ամբողջովին վերածուած է սուրիական վարչակարգը պահելու ձգտող ջանքերու», ըսաւ ան:

Էրտողան նշեց, որ Ռուսիա կը ռմբակոծէ մասնաւորաբար հիւսիսային Լաթաքիոյ գիւղական շրջանին մէջ գտնուող թիւրքմէններով բնակուած շրջանները: Ան աւելցուց, որ նշեալ շրջաններէն երեք հազար մարդիկ կ՛ապաստանին Թուրքիա, եւ այժմ աշխատանք կը տանի զանոնք բնակեցնելու:

Խօսելով Ժընեւի բանակցութիւններուն մասին` Էրտողան ըսաւ, որ իր երկիրը Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը կը նկատէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը եւ ատոր հետ չի կրնար մէկ սեղանի վրայ նստիլ: Ան նաեւ նշեց, որ իրենք յստակ տեղեկութիւններ ունին, թէ Մոսկուա ՔԱԿ-ին կ՛աջակցի:

Էրտողան յայտնեց, որ ինք ջանք կը թափէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպում մը ունենալու: Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին. «Մոսկուա Էրտողանը չի նկատեր երկխօսութեան գործընկեր մը»:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Իկոր Քոնաշինքով հերքեց այն տեղեկութիւնը, թէ ռուսական օդանաւ մը ոտնահարած է Թուրքիոյ օդային տարածքը:

Նշենք, որ Փենթակոն Ռուսիոյ կոչ ուղղեց յարգելու Թուրքիոյ օդային սահմանը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին նշեց, որ եթէ դէպքը կրկնուի, ապա իրենք պիտի հակադարձեն:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail