Ուքրանական Բանակը Սեւերոտոնեցքէն Նահանջելու Հրաման Ստացաւ

Azerbaijan Destroys More Armenian Monuments Than the Terrorists Do in the Middle East – US Ex-Senator

Ուքրանական Բանակը Սեւերոտոնեցքէն Նահանջելու Հրաման Ստացաւ

26 ՅՈՒՆԻՍ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Լուկանսքի շրջանի ուքրանացի կառավարիչ Սերկէյ Կայտայ երէկ յայտնեց, որ ուքրանական ուժերը շաբաթներ շարունակ ռուսական բանակին հետ ճակատելէ ետք պիտի ստիպուին նահանջել Ուքրանիոյ արեւելքը գտնուող Սեւերոտոնեցք քաղաքէն:

«Ուքրանական զինեալ ուժերը պիտի ստիպուին նահանջել Սեւերոտոնեցքէն: Անոնք նահանջելու հրաման ստացան», «Թելեկրամ»-ի վրայ գրեց ան:

«Դժբախտաբար, մենք ստիպուած պիտի ըլլանք մեր զինուորները Սեւերոտոնեցքէն դուրս բերել, որովհետեւ անիմաստ է ջախջախուած դիրքերու մէջ ըլլալ. զոհերուն թիւը կ՛աճի», նշեց ան:

Բացի ատկէ, Կայտայ յայտնեց, որ ռուսական բանակը գրաւած է նաեւ Նիքոլայեւքա գիւղը, որ կը գտնուի Լիսիչանսքի հարաւ-արեւմուտքը:

Ռուսիոյ դաշնութեան Չեչենիոյ հանրապետութեան նախագահ Ռամատան Քատիրով քանի մը օր առաջ յայտնած էր, որ ռուսական ուժերը «յաջողեցան ազատագրել Միթլքինօ գիւղը», որ կը գտնուի Լուկանսքի Սեւերոտոնեցք քաղաքին մօտ:

Լուկանսքի ժողովրդային հանրապետութեան ներքին գործոց նախարար Վիթալի Քիսիլիով իր կարգին յայտարարեց Սեւերոտոնեցքի հարաւը գտնուող Թուշքովա գիւղին գրաւումը:

Ուքրանիոյ բանակը նախապէս յայտարարած էր ռազմավարական այդ քաղաքի կեդրոնէն նահանջելը:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս ամսուան սկիզբը յայտարարեց, որ ուքրանական բանակը Սեւերոտոնեցքի մէջ իր ուժերուն 90 առ հարիւրը կորսնցուց եւ սկսաւ դէպի Լիսիչանսք քաղաք նահանջել:

Միւս կողմէ, Խերսոնի մէջ Ռուսիոյ կողմէ նշանակուած պաշտօնատար մը զոհ գնաց ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին:

Նշենք, որ ուքրանական ուժերը երէկ կէսօրէ ետք յայտարարեցին, թէ սկսած են ռազմավարական դիրք ունեցող Սեւերոտոնեցք քաղաքէն հեռանալ:

Չեչենիոյ նախագահ Քատիրով իր կարգին յայտարարեց Լուկանսքի մէջ Կորսքոյէ գիւղի «ազատագրում»-ը, որմէ 2 ժամ ետք յայտարարեց նաեւ Զոլոթիէ գիւղի «ազատագրում»-ը:

«Արապիա» հաղորդեց, որ ռուսական ուժերը ամբողջովին գրաւած են Լուկանսքի Հերսքի քաղաքը:

Պլինքըն. «Պատրաստ Ենք Ուքրանիոյ Տագնապի Որեւէ Հաւանական Դիւանագիտական Լուծումի Աջակցելու»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ յայտնեց. «Ուքրանացի ժողովուրդը միակը չէ, որ ռուսական ներխուժման պատճառով կը տառապի, այլ պետութիւններ եւս կը տառապին»:

«Եթէ Ռուսիան հաշուետուութենէ պրծի, առանց Ուքրանիոյ մէջ իր յանցագործութիւններուն համար պատիժի ենթարկուելու, ապա ատիկա արդարութեան սկզբունքներէն հրաժարելու պատգամը պիտի յղէ», աւելցուց ան:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են Ուքրանիոյ տագնապի դիւանագիտական որեւէ լուծումի աջակցելու:

«Փութինին նպատակը Ուքրանիոյ` իբրեւ գերիշխան պետութիւն, վերջ տալն է, սակայն (Ուքրանիան) Փութինին ցանկացածէն աւելի պիտի տոկայ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ռուսիան Ուքրանիոյ մէջ իր պատերազմին մէջ գումակային դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ, եւ անոր ղեկավարները ճշմարտութիւնը չեն ըսեր»:

«Ռուսիան կ՛ուզէ իր դրացիներուն տիրել, եւ մենք չենք կրնար ատիկա արտօնել», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը` շեշտելով. «Ռուսիոյ դէմ ուժեղ դաշինք մը կառուցեցինք, եւ յառաջիկայ շաբաթ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ընթացքին պիտի ամրապնդենք մեր միասնականութիւնը»:

aztagdaily.com/archives/550360

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail