Թուրքիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտողականութիւնը Նոր Դրսեւորում Կը Ստանայ

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ – ARMENIAN GENOCIDE – I REMEMBER AND I DEMAND – GÉNOCIDE ARMÉNIEN – JE ME SOUVIENS ET J'EXIGE

Թուրքիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտողականութիւնը Նոր Դրսեւորում Կը Ստանայ

26 ՅՈՒՆԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութիւնը կը շարունակուի բոլոր մակարդակներու վրայ: Պետական քաղաքականութենէն ու քարոզչութենէն բացի՝ ժխտողական գործելաոճը տեղափոխուած է նաեւ հիմնադրամներու դաշտ: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով veryansintv.com-ը։

Հակահայկական ուղղուածութիւն ունեցող շարք մը կառոյցներ համախմբուած են ու ստեղծած «TEKAR» հիմնադրամը (հապաւում, որ կը նշանակէ թուրք-հայկական թեման ուսումնասիրող հիմնադրամ-խմբ.)։ Ասոր գլխաւոր նպատակն է հռչակուիլ «Հայոց Ցեղասպանութեան պնդումներու դէմ պայքարը»:

Նոր գրանցում ստացած այս հիմնադրամին առաջին ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 25-ին եւ այդպիսով պիտի աւարտի «TEKAR»-ի կազմաւորման իրաւական ընթացակարգը։ Գրող, լրագրող, վերլուծաբան Մեհմեդ Արիֆ Տեմիրերը, որ հիմնադրամի ստեղծման գաղափարին հեղինակն է, պիտի ըլլայ նաեւ «TEKAR» հիմնադրամի տնօրէններու խորհուրդին նախագահը։

Հիմնադրամը մշակած է նաեւ աշխատանքային ծրագիր, ուր նշուած է, որ իրենք կ՝ուզեն ապահովել ճիշդ ժամանակագրական յաջորդականութիւն՝ ներկայացնելով 1914-1924թթ. տեղի ունեցած իրադարձութիւնները «առողջ մօտեցումներով»: Բնականաբար, իրենց «առողջ մօտեցումը» կը նշանակէ ամէն գնով արդարացնել օսմանեան պետութեան ցեղասպան քաղաքականութիւնը։

Հիմնադրամը կը ծրագրէ նաեւ հրատարակել Էսաթ Ուրասի գիրքը, որուն մէջ զետեղուած են Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի հայեացքները, մտքերն ու յայտարարութիւնները հայերու, անոնց ծաւալած գործունէութեան եւ հայերու հետ փոխյարաբերութիւններուն մասին։

Էսաթ Ուրասը եղած է երիտթրքական կուսակցութեան անդամ, թրքական գաղտնի ծառայութիւններու աշխատակից։

yerakouyn.com/2022/06/24/թուրքիոյ-մէջ-հայոց-ցեղասպանութեան-ժխ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail