27 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Պոսթընի «Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագրականին մէջ կը կարդանք.
Փորձաքար մը եղաւ Յունուար 25-26-ին, Սթրազպուրկի մէջ կատարուած Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստը:
Արդարեւ, հակառակ նախաձեռնուած համացանցային ստորագրահաւաքին, օրակարգին վրայ նկատի առնուած էին երկու հակահայկական բանաձեւեր, որոնք տարբեր մօտեցումներով, կը փորձէին Արցախի հիմնահարցին գծով, բոլորովին շրջանցել պարզուած պատկերը, եւ Հայաստանը դատապարտել իբրեւ նախայարձակ եւ շրջանէն ներս անկայուն վիճակ ստեղծող պետութիւն:
Երկու բանաձեւերն էին.- առաջին՝ «Բռնութեան աճը՝ Արցախի եւ Ատրպէյճանի այլ գրաւեալ տարածքներէն ներս», իսկ երկրորդը՝ «Կանխամտածուած կերպով, ջուրէ կը զրկուին Ատրպէյճանի սահմանամերձ բնակավայրերու բնակիչները»:
Բնականաբար, կարեւոր եւ առաջնահերթ է թէ, այս խեղաթիւրուած եւ աղաւաղուած հարցերու ետին ովքե՞ր թաքնուած են:
Դժուար չէ գուշակել թէ թրքական եւ ազերի քարոզչական մեքենան կանգնած է, այս յերիւրածոյ բանաձեւերու ետին:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ կատարելու համար, այս պատրաստուած թղթածրարները մրոտած են երկու գործակալներ՝ Բրիտանացի Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Ռապըրթ Ուալթըր եւ Պոսնիացի Միլիցա Մարքովիչ:
Այս երկրորդին պարագային, յատկապէս նկատի ունենալով սննդային-ընկերային բնոյթ ունեցող նիւթը, որուն կիզակէտը Սարսանկի ջրամբարն էր, կարելի էր դիւրութեամբ խաբել եւ խեղադիւրելով ու աղաւաղելով հակահայկական թղթածրար մը պատրաստել, որուն համար ընկերային հարցերու մէջ մասնագիտացած Պոսնիացի քաղաքագիտուհին բաւական գումարներ ալ ստացած է: Իր յատուկ նիւթին իսկ պատճառով, այս հակահայ բանաձեւը դժբախտաբար վաւերացուեցաւ, մինչդեռ նախապէս բաւական սուր պայքարէ ետք, թուրք կողակիցի ազդեցութեան տակ գտնուող եւ… թրքական անցագրի տէր եւ Անգարայի հլու կամակատար՝ բրիտանացի Ռապըրթ Ուալթըրի սուտ ու փոյթ բանաձեւը չկրցաւ ապահովել մեծամասնութեան քուէն:
Այս բանաձեւը, իր պատրաստութեամբ, գաղափարով եւ իմաստով, այնքան մը խոտոր էր, որ լուրջ հարցադրումներու դուռ կը բանայ: Արդարեւ, մէկ նախադասութեամբ մը, Ֆերիտէ Ալփի կողակից՝ Ուալթըրը Հայաստանը վերածած էր ծաւալողապաշտ երկրի մը, որ ըստ իր երեւակայած ստաբանութիւններուն, հողաշերտեր գրաւած է Ատրպէյճանէն:
Հոս տեղին է հարց տալ, յատկապէս եւրոպական մակարդակի քուէարկողներուն, թէ Արցախի կողքին, Հայաստանէն գրաւեալ այլ տարածք մըն ալ չէ՞ Նախիջեւանը, որուն խաչքարերուն սրբապղծումը, հետեւողական քանդումն ու ոչնչացումը նոյնքան ծարաւ չի պատճառէ՞ր մշակոյթի բնագաւառէն ներս: Արդեօք տիկին Միլիցա Մարքովիչն ու իր գրիչը հովանաւորող ոչ-կառավարական հիմնարկները չե՞ն բարեհաճիր կամ յանդգնիր, այս գծով ալ թղթածրար մը լոյս ընծայելու:
Վերադառնանք Ռապըրթ Ուալթըրզի առաջադրած բանաձեւին…Դժբախտաբար մտահոգիչը այն է, թէ միայն չորս քուէի տարբերութեամբ, անոր խեղաթիւրումներն ու աղաւաղումները անվաւեր դուրս եկան: Այսքանն ալ ընդվզեցուցիչ է եւ գեր-մտահոգիչ:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com