Ազգային Ժողովը Սաղաթէլեանը Եւ Յակոբեանը Իրենց Պաշտօններէն Հեռացուց
01 ՅՈՒԼԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
ԵՐԵՒԱՆ.- Ազգային ժողովը 1 Յուլիսին, փակ-գաղտնի քուէարկութեամբ, Իշխան Սաղաթէլեանը յետս կոչեց Ազգային ժողովի փոխնախագահի պաշտօնէն եւ դադրեցուց Վահէ Յակոբեանի լիազօրութիւնները՝ Տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնը:
107 պատգամաւորներէն քուէարկութիւններուն մասնակցեցան 66ը, որոնք «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ի անդամներ էին, անվաւեր քուէաթերթիկներ չկային, ձայները բաշխուեցան հետեւեալ կերպով՝ Իշխան Սաղաթելեանը պաշտօնէն յետս կոչելու՝ թեր 66, դէմ 0, Վահէ Յակոբեանը պաշտօնէն արձակելու` թեր 66, դէմ 0:
«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ազգային ժողովի արդէն նախկին փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան հաստատեց, որ զինք եւ Յակոբեանը պաշտօններէն հեռացնելը քաղաքական հետապնդում է, իսկ այս գծով իշխանականներուն հիմնաւորումները` ծիծաղելի:
Խորհրդարանի փոխնախագահի պաշտօնէն հեռացուելու լուրը ստանալէ ետք ան յայտնեց, որ «Հայաստան» խմբակցութիւնը ինքնակամ պիտի հրաժարի Ազգային ժողովին մէջ իր վարած միւս պաշտօններէն եւս:
Այս յայտարարութենէն շատ չանցած` «Հայաստան» խմբակցութենէն Տարածաշրջանային եւ եւրասիական համարկման հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Գէորգեան, Ֆինանսավարկային եւ պիւտճէական հարցերու յանձնաժողովի փոխնախագահ Արթուր Խաչատրեան, Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու յանձնաժողովի փոխնախագահ Թադեւոս Աւետիսեան յայտնեցին իրենց հրաժարականներուն մասին: Միւս ընդդիմադիր խմբակցութենէն` «Պատիւ Ունեմ»էն Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի փոխնախագահ Հայկ Մամիջանեան յայտարարեց իր պաշտօնէն հեռանալու մասին:
Երկու խմբակցութիւնները՝ «Հայաստան»ը եւ «Պատիւ Ունեմ»ը, Սաղաթէլեանի եւ Յակոբեանի պաշտօնազրկման մասին հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անոնք կը յայտնեն, թէ խորհրդարան մուտք գործելու առաջին իսկ օրէն իրենք շեշտեցին, որ Ազգային ժողովի վարչական պաշտօնները իրենց համար ինքնանպատակ չեն, այլ՝ ընդդիմադիր գործունէութեան օժանդակելու գործիք, ինչ որ կը բխի Սահմանադրութենէն եւ ժողովուրդին տուած քուէէն:
«Փաստ է, որ օրուայ իշխանութիւնները տեւական ժամանակ է` ջրբաժան են գծել Սահմանադրութիւնից, Անկախութեան հռչակագրից ու օրինականութիւնից` առհասարակ: Այս եւ դրան նախորդած վարքագիծը կայուն բռնապետութեան ցուցիչ է, ինչն աննախադէպ է, միւս կողմից էլ` Հայաստանում աւելի է խորանում քաղաքական ճգնաժամը: Միջազգային հանրութիւնը, չնայած պառլամենտարիզմի (խորհրդարանական դրութեան) ակնյայտ նահանջին, յամառօրէն փորձում է չնկատել առկայ իրավիճակը, մինչդեռ իշխանութեան այսպիսի վարքագծին պէտք է հետեւեր կտրուկ եւ անմիջական արձագանգ: Այս վարքագծով օրուայ իշխանութիւնները եւս մէկ անգամ հաստատում են, որ իրենք մտահոգուած են բացառապէս պաշտօններով, զբաղուած` հետապնդումներով, զուրկ` երկրի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներին դիմակայելու որեւէ հնարաւորութիւնից, չունեն լեգիտիմութիւն (օրինականութիւն), չեն ներկայացնում Հայաստանի ու Արցախի շահերը, իսկ այս պայմաններում հեռացումն անխուսափելի է», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:
Ընդդիմադիր 2 խմբակցութիւններուն խորհրդարանի 1 փոխնախագահի, 12 յանձնաժողովներէն 3ի նախագահի եւ 3ի փոխնախագահի պաշտօն յատկացուած է։
Սաղաթէլեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ իրենք չեն քննարկեր պատգամաւորական յանձնառութիւններէն հրաժարելու հարցը: «Ո՛չ, չենք քննարկում, որովհետեւ ասել ենք, որ այդ մանդատը (յանձնառութիւնը) քանի դեռ ծառայում է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներին, շարունակելու ենք պահել: Եթէ մի օր հասկանանք, որ դա այլեւս այդ նպատակին չի ծառայում կամ արդիւնաւէտ չի, այդ մանդատը պահելը երբեք ինքնանպատակ չի», ընդգծեց ան։
Մինչ Ազգային ժողովին մէջ կը քննարկուէին ընդդիմադիրները՝ պաշտօնէ հեռացնելու հարցը, «Դիմադրութիւն» շարժումը բողոքի ցոյց կատարեց Ազգային ժողովի շէնքին առջեւ, ուր հաւաքուած էին մեծ թիւով ոստիկաններ:
Ցոյցին մասնակցողները դէմ արտայայտուեցան ընդդիմադիր պատգամաւորները պաշտօններէ զրկելու որոշման: «Առնուազն 270 հազար քաղաքացի ձայն է տուել «Հայաստան» դաշինքին` առաջին հերթին ՔՊից ազատուելու համար, հետեւաբար, դաշինքի ընդդիմադիր պայքարը պէտք է գնահատի դաշինքին ընտրած քաղաքացին, եւ ինքը գնահատական տայ` օրէնքով ընդդիմութեանը բաժին ընկնող այդ խորհրդարանական պաշտօններին արժանի՞ են նրանք, թէ՞ ոչ», յայտնեցին անոնք։
Մասնակցողներու ձեռքին կային` «Մանդատներ ընդդիմութեանը տուել է ժողովուրդը», «Ես իմ ձայնը տուել եմ ընդդիմութեանը, որ անի այն ինչ անում է», «Հայկական Բերձոր» եւ այլ գրութիւններով պաստառներ:
Անոնք շեշտեցին, որ ներկայիս մեր երկրի օրակարգին վրայ է հայկական Բերձոր քաղաքի ու յարակից գիւղերու ճակատագիրը, որովհետեւ այդ ճամբայէն նաեւ կախեալ է Հայաստանի ու հայութեան ճակատագիրը։
Ցոյցին աւարտին մասնակցողները՝ իբրեւ խորհրդանիշ, հայկական Բերձորի նկարները թողեցին խորհրդարանին մօտ` անգամ մը եւս արձանագրելով, որ ասիկա Հայաստանի եւ հայութեան այսօրուան առաջնային օրակարգն է:
asbarez.am/421837/ազգային-ժողովը-սաղաթէլեանը-եւ-յակոբե/