Դար Մը Ետք, Սնանկացած Թուրքիան Հսկայական Գումարներ Կը Վատնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ժխտելու Համա – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
01 ՅՈՒԼԻՍ 2022 – Գլխաւոր Լուրեր, Յօդուածներ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը նոյնքան ապարդիւն է, որքան մարդու մը գլուխը անընդհատ պատին զարնելը՝ յուսալով, որ պատը պիտի փլի:
Աւելի քան մէկ դար շարունակ, թրքական իշխանութիւնները ամէն կարելիութիւն ի գործ դրած են՝ իրենց նախորդներուն իրականացուցած Հայոց Ցեղասպանութեան սարսափելի ոճրագործութիւնը կոծկելու համար: Մինչեւ այսօր, ոչ մէկ թուրք ղեկավար քաջութիւնը եւ պարկեշտութիւնը ունեցած է ընդունելու ճշմարտութիւնը: Փոխարէնը, Թուրքիա հսկայական գումարներ վատնած է՝ անհերքելին հերքելու համար։ Համայն աշխարհի մէջ, անիկա կաշառած է կասկածելի գիտնականներ եւ քաղաքական խարդախ գործիչներ՝ խեղաթիւրելու համար պատմական իրողութիւնները: Անգարա հարիւրաւոր խաբուսիկ գիրքեր հրատարակած է եւ քանի մը ցածրորակ ժապաւէններ նկարահանած՝ իր ոճրագործութիւնները ծածկելու համար: Քանի մը տասնամեակներու ընթացքին, Թուրքիա բազմամիլիոն տոլարներ ծախսած է ամերիկեան լոպիական ընկերութիւններ վարձելու համար՝ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին վրայ ճնշում գործադրելու նպատակով, որպէսզի վերջինս չճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս բոլոր ջանքերը խայտառակ կերպով ձախողած են: Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը 1975ին, 1984ին եւ 2019ին: Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը միաձայնութեամբ ճանչցաւ զայն 2019ին: Աւելին, Միացեալ Նահանգներու երկու նախագահներ ընդունած են զայն. Ռանըլտ Ռէյկըն՝ նախագահական հռչակագիրին մէջ՝ 1981ին, եւ նախագահ Ճօ Պայտըն՝ 2021 եւ 2022ի Ապրիլ 24ին, իր ոգեկոչական յայտարարութիւններուն մէջ: Հայոց Ցեղասպանութեան ամէնէն հեղինակաւոր ճանաչումը տեղի ունեցած է 28 Մայիս 1951ին, երբ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պաշտօնական զեկոյց ներկայացուցած է Համաշխարհային դատարան՝ նշելով, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը «ցեղասպանութեան յանցագործութեան ակնառու օրինակներէն է»:
Հակառակ թրքական բոլոր ճնշումներուն, սպառնալիքներուն եւ կաշառքներուն, աւելի քան 30 երկիրներ պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ասիկա՝ ի լրումն 1948ին, ՄԱԿի Պատերազմական յանցագործութիւններու յանձնախումբին, 1985ին՝ ՄԱԿի Խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնախումբին եւ 1987էն ի վեր՝ Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ բազմիցս կատարուած ճանաչումներուն:
Այս ճանաչումներուն մեծ մասը տեղի ունեցած է այն ատեն, երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իբրեւ անկախ պետութիւն գոյութիւն չունէր: Հայկական Սփիւռքը, «Դաւիթը ընդդէմ Գողիաթի ճակատամարտին», կրցաւ դիմակայել թրքական հզօր կառավարութեան ժխտողականութիւնը, որուն կ՛աջակցէին ՆԱԹՕի իր դաշնակիցները եւ իսլամական բազմաթիւ պետութիւններ:
Բոլոր այս ժխտողական ջանքերը հիմնուած են այն պարզ թիւրըմբռնման վրայ, որ եթէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ապա պարտաւոր կ՛ըլլայ հատուցում վճարելու ողջ մնացած հայերուն: Ցաւօք, շատ հայեր ունին նոյն թիւրըմբռնումը: Փաստը այն է, որ թրքական իշխանութիւնը պարտաւոր է փոխհատուցում վճարելու եւ վերադարձնելու բռնագրաւուած հայկական ունեցուածքն ու տարածքները, անկախ անկէ, թէ թուրք ղեկավարները կ՛ընդունի՞ն իրենց մեղքը, թէ ոչ: Կառավարութեան ղեկավարներու քաղաքական յայտարարութիւնները դատարանին մէջ արժէք չունին: Դատարանները կը զբաղին փաստերով եւ փաստաթուղթերով: Անկախ անկէ, թէ Թուրքիա քանի՛ անգամ կը հերքէ Ցեղասպանութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը իրաւո՛ւնք ունի փոխհատուցման եւ տարածքներու վերադարձման պահանջներով դիմելու Արդարադատութեան միջազգային դատարան (Համաշխարհային դատարան), ուր նմանօրինակ իրաւասութիւն ունին միայն կառավարութիւնները:
Ամբողջ դար մը ժխտելէ ետք, Թուրքիոյ կառավարութիւնը անցեալ շաբաթ յայտարարեց Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերուն հակազդելու իր վերջին յուսահատ փորձին մասին՝ ստեղծելով TEKAR հիմնադրամը (Հայկական հարցի թրքական հետազօտական հիմնարկ): Այս մէկը համախմբումն է թրքական երեք կազմակերպութիւններու՝ Կրթական ընկերներ հիմնադրամ, «Պասքենթ» (Մայրաքաղաք) ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոն եւ Հայկական ֆանաթիք սուտերու դէմ պայքարի կեդրոն: Նոր հիմնարկին անդրանիկ համագումարը տեղի ունեցաւ Յունիս 25ին:
TEKAR-ը կը նախատեսէ վերահրատարակել Էսաթ Ուրասի (1882-1957) գրած թրքական ժխտողական գիրքը՝ «Հայերը Պատմութեան Մէջ Եւ Հայկական Հարցը» վերնագիրով: Իբրեւ «Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն» կոմիտէի (երիտթուրքեր) անդամ, Ուրաս առանցքային դեր խաղացած է Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագրման եւ իրականացման գործին մէջ: Անոր գիրքը լեցուն է կոպիտ խեղաթիւրումներով:
Թրքական սոյն հիմնարկը նաեւ յայտարարած է, որ «պիտի հրատարակէ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի տեսակէտները, միտքերն ու յայտարարութիւնները՝ հայերու, հայկական գործունէութեան եւ հայկական յարաբերութիւններուն մասին»: Յոյս ունիմ, որ հիմնադրամը չի մոռնար մէջբերելու 1 Օգոստոս 1926ին, Լոս Անճելըսի Examiner-ին կողմէ հրապարակուած Աթաթուրքի հետ հարցազրոյցը, որուն ընթացքին ան ըսած է. «Նախկին երիտթրքական կուսակցութեան այս մնացորդները պէտք է պատասխան տան կեանքին համար միլիոնաւոր մեր քրիստոնեայ հպատակներուն, որոնք անխղճօրէն զանգուածաբար վտարուեցան իրենց տուներէն եւ կոտորուեցան…։ Անոնք մինչեւ հիմա ապրած են թալանով, կողոպուտով եւ կաշառակերութեամբ»:
TEKAR հիմնարկը իր հոգաբարձուներու խորհուրդին մէջ ունի 23 անդամ: Խորհուրդի նախագահը Մեհմետ Արիֆ Տեմիրերն է, որ ոչ թէ պատմաբան է, այլ՝ ճարտարագէտ-քիմիագէտ: Անհասկնալի է այն, որ խորհուրդը կազմուած է վեց զինուորականէ, երեք ճարտարագէտէ, երկու տնտեսագէտէ, մէկ կենցաղասէրէ, մէկ ուսանողէ եւ տարբեր փորձառութիւն ունեցող քանի մը այլ մարդոցմէ: Կարծես թէ TEKAR հիմնարկի իրական նպատակը՝ Էրտողանի ընկեր-բարեկամները աշխատանքով ապահովելն է: Թէեւ լաւ է, որ այս թուրքերը կը փափաքին ուսումնասիրել Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն անոնց նպատակը ճշմարտութիւնը փնտռելը չէ…
Այնպէս կ՛երեւի, որ թուրք ժխտողականները երբեք չեն հասկցած, թէ որքա՛ն շատ ժխտեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ որքա՛ն երկար խօսին անոր մասին, այնքա՛ն աւելի աշխարհը իրազեկ կը դառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան: Այլ կերպ ըսած, Թուրքիա յիմարաբար կը շարունակէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ծանօթացնել նոր սերունդներուն՝ թէեւ զայն ժխտել փորձելով:
Երկրորդ բանը, զոր թուրք ղեկավարները երբե՛ք չեն հասկցած, այն է, որ անոնք որքա՛ն շուտ ընդունին իրենց նախորդներուն ոճրագործութիւնները, այնքա՛ն շուտ կ՛արժանանան միջազգային հանրային կարծիքի յարգանքին: Ի վերջոյ, եթէ թուրք ղեկավար մը ընդունի ճշմարտութիւնը, ան պիտի գովաբանուի ամբողջ աշխարհին մէջ եւ կրնայ նոյնիսկ առաջադրուիլ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի: Թուրք ղեկավարները իրենց ժխտումներով մեծ վնաս կը հասցնեն իրենց իսկ հեղինակութեան, ա՛լ չեմ խօսիր այդ հսկայական գումարներուն մասին, զորս անոնք կը վատնեն այս պահուն, երբ թրքական տնտեսութիւնը սնանկացած է:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
asbarez.am/421779/դար-մը-ետք-սնանկացած-թուրքիան-հսկայակ/