Իշխան Սաղաթէլեան. «Բերձորը Յանձնելով` Թշնամին Կը Յայտնուի Տեղ Գիւղի Սահմանին, Ուր Առաջնագիծ Չկայ»
01 ՅՈՒԼԻՍ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ:
9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան մէջ յստակացում չկայ, որ Բերձոր եւ Աղաւնօ բնակավայրերը պէտք է յանձնուին Ազրպէյճանին, այնտեղ գրուած է, որ երեք տարուան ընթացքին կողմերու համաձայնութեան պարագային պէտք է հաստատուի այլընտրանքային երթուղիի նախագիծը, սակայն Ազրպէյճանը կը շտապէ, քանի որ կը վախնայ, որ Հայաստանի մէջ իր գործընկերը կորսնցելէ ետք իր հայադաւ ծրագիրները չկարենայ աւարտին հասցնել: «Փաստինֆօ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:
«Շատ յստակ քայլերով ու գործողութիւններով կը փորձեն երկիրը տանիլ նոր պարտուողականութեան եւ հայաթափել Արցախը: Հայաստանի աճապարանքը եւ այս բոլորին իր համաձայնութիւնը տալը, այլեւս նորութիւն չեն, Բերձորը, Աղաւնոն կամ Սուսը կորսնցնելէ ետք նաեւ կորուստներ պիտի ունենանք», ըսած է ան:
Իշխան Սաղաթէլեան վստահութիւն յայտնած է, որ եռակողմ համաձայնագիրէն բացի, կան նաեւ այլ պայմանաւորուածութիւններ:
Զրուցակիցը նաեւ ահազանգած է, որ եթէ այս տարածքները անցնին թշնամիի վերահսկողութեան տակ, ապա ազրպէյճանական զօրքերը պիտի կանգնին Սիւնիքի Տեղ գիւղի սահմանին, ուր առաջնագիծ չկայ:
aztagdaily.com/archives/550803