Մշակութային – Անձնատուր Ըլլալ Մերժողները – ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ – RESISTANCE – المقاومة – RÉSISTANCE – СОПРОТИВЛЕНИЕ

Մշակութային – Անձնատուր Ըլլալ Մերժողները – ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

01 ՅՈՒԼԻՍ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ:

Ռամպոնի զինուորները կ՛երդնուն երբեք անձնատուր չըլլալ

Խորքին մէջ մենք չենք գիտեր, թէ ներքնապէս որքան հզօր ենք` մինչեւ ողբերգութեան, պատերազմներու եւ արտակարգ իրավիճակներու ատեն մեր ներքին ուժին դրսեւորումը: Գոյատեւելու եւ ինքզինք նորացնելու մարդկային կարողութիւնները հիանալի են: Կեանքը բազմաթիւ անակնկալներ կրնայ մատուցել մեզի: Բայց խուճապի չմատնուելու ունակութիւնը, բաւարար գիտելիքներու գոյութիւնը մեզի կ՛օգնեն արագ լուծումներ գտնելու: Պատերազմի ամէնէն վտանգաւոր պահերու մինչ ոմանք կը նահանջեն, անձնատուր կ՛ըլլան, բայց յաճախ կը գտնուին զինուորներ, որոնք այլ ուղի կ՛ընտրեն: Հիսթըրի կայքը հրապարակած է յօդուած մը` տարբեր ժամանակներու  զինուորներու մասին, որոնք պարզապէս մերժած են անձնատուր ըլլալ: Որքա՜ն ճիշդ են հետեւեալ խօսքերը` «Երբեմն նոյնիսկ ապրիլը քաջութեան արարք է» կամ` «Եթէ դուք իսկապէս ուզէք յարգուած ըլլալ ձեր սիրելի մարդոց կողմէ, դուք պէտք է ապացուցէք անոնց, որ կրնաք գոյատեւել առանց իրենց»:

 Ն.

ԶինուորներՈրոնք Մերժած Են
Անձնատուր Ըլլալ

Ծանօթացէ՛ք  զինուորներու, որոնք իրենց զէնքերը վար չեն դրած, նոյնիսկ` պատերազմի աւարտէն տարիներ ետք:

Հիրու Օնոտա

Հիրօ Օնոտա 1975-ին

Հարիւրապետ Հիրու Օնոտա այսպէս կոչուած ճափոնական թաքստոցներու մէջ մնացած ամէնէն յայտնի զինուորականներէն է:

Անոնք կայսերական բանակի այն անդամներն էին, որոնք Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտէն ետք քանի մը տարի շարունակած են պահուըտիլ Խաղաղական ովկիանոսի հարաւային շրջանին մէջ:

Հետախուզութեան սպայ Օնոտա 1944 թուականին ուղարկուեցաւ Ֆիլիփփիններու Լուպանք կղզի` ոչ մէկ պարագայի անձնատուր ըլլալու հրամանով: Երբ 1945-ին դաշնակից ուժերը գրաւեցին Լուպանքը, ան եւ երեք այլ զինուորներ պահուըտեցան կղզիի խիտ անտառապատ բլուրներուն մէջ:

Անոնք քանի մը տարի շարունակեցին իրենց յարձակումները` ի վերջոյ սպաննելով շուրջ 30 ֆիլիփփինցիներ: Օնոտայի զինակիցներէն մէկը 1950 թուականին անձնատուր եղաւ ֆիլիփփինեան ուժերուն, իսկ 1972 թուականին ոստիկանութիւնը սպաննեց միւս երկուքը:

Բայց, հակառակ առանձին մնալուն, Օնոտա մերժեց անձնատուր ըլլալ եւ շարունակեց խուսափիլ ֆիլիփփինեան բանակի եւ ոստիկանութեան տասնեակ շրջուն ջոկատներէն:

Ճափոնական կառավարութիւնը փորձեց փնտռել զայն հետախուզման խումբերու միջոցով եւ նոյնիսկ անտառներուն վրայ նետեց թռուցիկներ, ուր կ՛ըսուէր, որ պատերազմը աւարտած է, բայց Օնոտա այդ փորձերը նկատեց խաբէութիւն:

Ան անձնատուր չեղաւ մինչեւ 1974 թուականի մարտը, պատերազմի աւարտէն շուրջ 30 տարի ետք, երբ անոր նախկին հրամանատարը մեկնեցաւ կղզի եւ հրամայեց անոր դադրեցնել կռիւը:

Զարմանալի է, որ 51-ամեայ Օնոտային նման այլ ճափոնցի մը` Թերուօ Նաքամուրա, մինչեւ նոյեմբեր 1974 շարունակեց մնալ Ինտոնեզիոյ Մորոթայ կղզիին մէջ:

Օնոտա մահացաւ 16 յունուար 2014-ին: Անոր փորձառութիւնը ներկայացուած է երեք ժամնոց շարժապատկերի մը մէջ` «Օնոտա. 10 հազար գիշերներ անտառին մէջ», որ արժանացած  է քննադատներու գնահատանքին եւ հակասութիւններ յառաջացուցած` Քանի փառատօնի մէջ իր առաջին ներկայացումէն` 2021 թուականէն ի վեր:

«Հոտեկեն» գործողութիւն

Շփիցպերկեն կղզին

Բ. Համաշխարհային պատերազմի «Հոտեկեն» գործողութիւնը գերմանական արշաւախումբ մըն էր, որուն  նպատակն էր ստեղծել օդերեւութաբանական կայան մը Նորվեկիոյ Սուալպարտ արշիպեղագոսի մէջ:

1944 թուականի 11 սեպտեմբերին 11 հոգիէ բաղկացած անձնակազմը մեկնեցաւ փոթորկոտ Շփիցպերկեն կղզի` հիւսիսային Ատլանտեան շրջանի եղանակի մասին տուեալներ հաւաքելու համար:

Անոնց առաքելութիւնը խիստ գաղտնի էր: Իրականութեան մէջ այնքան գերգաղտնի էր, որ նացիական կառավարութեան փլուզումէն ետք զանոնք պատահաբար լքեցին կղզիին մէջ:

Մինչ անձնակազմը մայիս 1945-ին ստացաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուէր, որ պատերազմը աւարտած է, անոնք հետագային կորսնցուցին հաղորդակցութեան բոլոր միջոցները գերմանական ուժերուն հետ:

Հիւսիսային բեւեռի շրջանին մէջ մնալով, առանց օգնութեան նշաններու, «Հոտեկեն» գործողութեան անդամները յաջորդ չորս ամիսները անցուցին զերոյէն նուազ ջերմաստիճանի, ուժեղ քամիներու եւ բեւեռային արջերու յարձակումներու մնայուն սպառնալիքի դէմ պայքարի մէջ:

Փրկութիւնը վերջապէս եկաւ 1945 թուականի սեպտեմբերին, երբ նորվեկիացիները լսեցին արշաւախումբի աղէտի կոչերէն մէկը եւ փոկի որսորդական նաւ ուղարկեցին կղզի: Զէնքերը վար դնելով` օդերեւութաբանները դարձան գերմանացի վերջին զինուորները, որոնք անձնատուր կ՛ըլլան Բ. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ:

Ամէն պարագայի, անձնատուութինը բարեկամական ընթացք մը ունեցաւ. ըստ հաղորդուած տեղեկութիւններու, գերմանացիները այնքան ուրախ եւ հանգստացած էին, որ փրկուեցան, զիրենք  գերեվարողները ընդունեցին տօնական մթնոլորտի մէջ:

Ճէյմս Ուատըլ եւ «Շենանտոա» նաւը

«Շենանտոա» Աւստրալիոյ մէջ, 1865-ին

Համադաշնակցային յարձակողական նաւը` «Շենանտոա», ունէր անստոյգ տարբերակ, երբ պատահաբար արձակեց քաղաքացիական պատերազմի վերջին կրակոցները: Բրիտանացիներէն գնուած նաւը շահագործման յանձնուեցաւ 1864 թուականի հոկտեմբերին եւ ուղարկուեցաւ` «փնտռելու եւ ի սպառ ոչնչացնելու» միութեան առեւտուրը բաց ծովուն մէջ:

Նաւապետ Ճէյմս Ուատըլի հրամանատարութեամբ, «Շենանտոա»-ն ճամբորդեց աշխարհի կէսը` Մատէյրայէն Աւստրալիա, նախքան Խաղաղական ովկիանոս մտնելը:

Նաւարկելով դէպի հիւսիս` Պերինկի ծով, նաւը 1865 թուականի ամառը անցուց աւերներ գործելով կէտ որսացող ամերիկեան նավատորմին: «Շենանտոա»-ն գրաւեց վեց նաւ, այրեց 32 ուրիշներ եւ գերեվարեց աւելի քան 1000 անձեր:

«Շենանտոա»-ի անձնակազմին անյայտ այս արշաւանքը տեղի ունեցած է Համադաշնակցութեան փլուզումէն ետք:

1865 թուականի 2 օգոստոսին էր, երբ նաւապետ Ուատըլ իմացաւ, որ պատերազմը աւարտած է, եւ ան արագ հասկցաւ, որ իր մարդիկ կը դատուին որպէս ծովահէններ, եթէ ձերբակալուին Միացեալ Նահանգներու նաւատորմին կողմէ:

Ձերբակալութենէն խուսափելու համար ան որոշեց նաւարկել Հարաւային Ամերիկայի ծայրը եւ նաւարկել դէպի Անգլիա: Այդ ընթացքին «Շենանտոա»-ն դարձաւ միակ դաշնակցային նաւը, որ աւարտեց երկրագունդի շրջագայութիւնը:

Ուատըլ եւ անոր խումբը վերջապէս անձնատուր եղան բրիտանական իշխանութիւններուն 1865 թուականի 6 նոյեմբերին, Ռոպերթ Է. Լիի`  Ափփոշաթոքսի մէջ անձնատուր ըլլալէ գրեթէ 7 ամիս ետք:

Հերման Տեցնըր

Հերման Տեցնըր 1919-ին

Ա. Համաշխարհային պատերազմի մարտերը կրնային աւարտած ըլլալ 1918 թուականի 11 նոյեմբերի զինադադարով, բայց առնուազն գերմանացի սպայ մը կարողացաւ խուսափիլ գերութենէ մինչեւ յաջորդ յունուար:

Հերման Տեցնըր, որ  հողեր չափագրող էր, 1914 թուականի յունուարին ուղարկուեցաւ ներկայիս Փափուա Նոր Կինէա (այն ժամանակ` մասամբ Գերմանիոյ հսկողութեան տակ), խիտ անտառները քարտէսագրելու հրամանով:

Անոր հետախոյզներու փոքր խումբը անտառի խորքերն էր,  երբ 1914 թուականի ամրան սկսաւ Ա. Համաշխարհային պատերազմը, եւ Տեցնըր չէր գիտեր, որ նոյնիսկ հակամարտութիւն կայ, մինչեւ որ  Աւստրալիոյ ուժերը գրաւեցին գերմանական Նոր Կինէան:

Պատերազմի մասին գիտնալով` Տեցնըր մերժեց անձնատուր ըլլալ եւ գերմանացի սպաներու ու բնիկներու փոքրաթիւ ուժերով նահանջեց անտառներուն խորքը:

Լուտերական միսիոնարներու օգնութեամբ, որոնք անոր սնունդ եւ պաշարներ կու տային, ան անցուց յաջորդ չորս տարիները` պահուըտելով անտառներուն մէջ: Մինչ այդ ան  շարունակեց ծածանել կայսերական Գերմանիոյ դրօշը:

Այդ ընթացքին ան շարք մը անյաջող փորձեր ըրաւ անցնելու Նետերլանտներու կողմէ բռնագրաւուած Նոր Կինէա եւ ատով իսկ դարձաւ առաջին եւրոպացին, որ ուսումնասիրեց կղզիին ներքին  քանի մը հատուածներ:

Լսելով, որ պատերազմը աւարտած է, Տեցնըր վերջապէս դուրս եկաւ անտառէն եւ անձնատուր եղաւ աւստրալիական ուժերուն 1919 թուականի յունուարին:

Հետագային ան գրեց հանրածանօթ, մասամբ գեղարուեստական պատմութիւն մը այն ժամանակի մասին, երբ մուկ ու կատու կը խաղար թշնամիի շրջուն ջոկատներուն հետ:

Ժոզեֆ Շելպի

Ժոզեֆ Շելպի

Համադաշնակցութեան պետական բանակի զօրավար Ժոզեֆ Օ. Շելպի այնքան շատ պայքարած եւ անձնատուր չէ եղած ամերիկեան ուժերուն, որ անոր ստորաբաժանումը ստացաւ «Անպարտելի» անուանունը: Շելպի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին ղեկավարած էր հեծելազօրի շարք մը արշաւանքներ` Միսուրիի եւ Արքանզասի մէջէն:

Հակամարտութեան աւարտին անոր  «Երկաթեայ ստորաբաժանում»-ը, որ այդպէս կոչուած է իր առասպելական տոկունութեան պատճառով, միլիոնաւոր տոլարներու վնաս հասցուցած է ամերիկեան մատակարարումներուն եւ ունեցուածքին:

Յայտարարելով, որ իրենք ընտրած են «աքսորը` անձնատուր ըլլալու փոխարէն», Շելպի եւ 600 զինուորներ Համադաշնակցութեան բանակի  փլուզումէն ետք ուղեւորուեցան հարաւ` Մեքսիքա:

Անապատին մէջ եռամսեայ ճամբորդութենէն ետք իրենց ծառայութիւնները առաջարկեցին աւստրօ-հունգարացի Մաքսիմիլիան Ա.-ին, որ Մեքսիքայի կայսր նշանակուած էր 1864 թուականին:

Մինչ կայսրը կը հրաժարէր ապստամբ զինուորները ներառել իր բանակին մէջ, ան արտօնեց Շելպիի մարդոց օգնել` հիմնելու Քարլոտայի գաղութը` Համադաշնակցութեան գաղթականներու փոքր բնակավայրը:

Նոր համայնքը կը վայելէր բարգաւաճման կարճ ժամանակաշրջան մը, բայց ի վերջոյ լուծարուեցաւ, երբ Մաքսիմիլիան կայսրը գահընկէց եղաւ:

Երբեք անձնատուր չըլլալով դաշնակցային ուժերուն` Շելպի եւ անոր ընկերներէն շատերը 1867 թուականին վերադարձան Միացեալ Նահանգներ եւ վերսկսան քաղաքացիական կեանքը:

Սպանական ուժեր` Պալերի պաշարման ատեն

Պալերի պաշարումէն փրկուածները Սպանիա վերադառնալէ ետք

Պալերի պաշարումը տեղի ունեցաւ սպանական-ամերիկեան պատերազմի եւ Ֆիլիփփինեան յեղափոխութեան խառնաշփոթի ատեն, երբ ֆիլիփփինցի ազատամարտիկները ապստամբեցան սպանական գաղութատիրութեան դէմ:

Տարօրինակ դրուագը սկսաւ 1898 թուականի յունիսի վերջաւորութեան, երբ 800 ֆիլիփփինցի ապստամբներ իջան Պալեր քաղաք, զոր այն ժամանակ գրաւեց միայն 57 սպանացի հետեւակայիններէ բաղկացած փոքր ջոկատ մը:

Դէմ առ դէմ գալով ֆիլիփփինցիներու գերակշիռ թիւին` սպանացիները ապաստան գտան քարաշէն եկեղեցւոյ մը մէջ: Ֆիլիփփինեան ուժերը անմիջապէս պաշարեցին եկեղեցին, սակայն սպանական ջոկատը յամառօրէն հրաժարեցաւ  զէնքերը վար դնելէ:

Հակառակ անոր որ  հիւանդութիւններէ եւ քաղցէ հալածուած էին, սպանական ուժերը կը դիմանան իրենց ժամանակաւոր ամրոցին մէջ մինչեւ 1898 թուականի դեկտեմբեր, սպանական-ֆիլիփփինեան ռազմական գործողութիւններու պաշտօնական աւարտէն ետք:

Այս ընթացքին ֆիլիփփինցիները բազմիցս փորձած են համոզել սպանացիները, որ պատերազմը աւարտած է` անոնց թերթեր եւ այլ հաղորդագրութիւններ ուղարկելով, սակայն սպանացիները մերժած են եւ այդ փորձերը սուտ նկատած են:

Անկիւնադարձային պահը եղաւ այն պահը, երբ սպանացի սպան նկատեց իրեն ծանօթ մէկու մը հարսանիքի յայտարարութիւնը ֆիլիփփինցիներու կողմէ ուղարկուած թերթին մէջ: Համոզուած ըլլալով փաստաթուղթի իսկութեան` սպանացիները վերջապէս անձնատուր եղան 1899 թուականի 2 յունիսին, իրենց պատերազմի աւարտէն մօտ վեց ամիս ետք:

aztagdaily.com/archives/550851

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail