Անդրադարձ – Գաղթականը – Ջարդին հարիւր տարին լրանալուն քանի մը տարի մնացեր էր, – ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ
02 ՅՈՒԼԻՍ 2022 – ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ:
Ջարդին հարիւր տարին լրանալուն քանի մը տարի մնացեր էր, բայց մենք արդէն մոռցեր էինք արեան հետ մեզի հասած այդ ծանր ապրումը` շնորհիւ մեզ հիւրընկալած Միջին Արեւելքի արաբական երկիրներու պետութիւններուն, բայց մանաւանդ` անոնց բարի եւ հիւրընկալ ժողովուրդներուն ասպնջականութեան:
Մեր հայրենիքը եւս, թօթափած լուծերուն ծանրագոյնը, սկսեր էր շնչել ու ապրիլ` փորձելով արժանապատիւ կեանքի մը պայմանները ստեղծել ժողովուրդին համար:
Բայց ժամանակը կարծես ներողամիտ չէր մեզի հանդէպ. «Ինչո՞ւ վատութիւն կ՛ընէ ինծի, երբ ես բարիք չեմ ըրած իրեն» կ՛ըսէ առածը: Մենք ի՞նչ ըրած էինք այսքան վատութիւն ստանալու համար:
Եթէ միայն նկատի առնենք մէկ կողմէ մեր ստեղծագործական հսկայ կարողութիւնը, միւս կողմէ` մեր նոյնքան հսկայ ինքնահաւանութիւնը, թերեւս հասկնանք, թէ ինչո՛ւ ժամանակը միշտ ալ ներողամիտ չէ եղած մեզի հանդէպ:
Աւելի քան կէս դարէ ի վեր, 1975-ի Պէյրութի քաղաքացիական պատերազմէն մինչեւ այսօր, երբ պահ մը վերանայինք պատմութիւնը, կը տեսնենք, թէ ո՛ւր ալ որ գտնուեր ենք, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ, աղէտներու դէմ յանդիման կեցեր ենք:
– Կար ժամանակ, երբ մեր տուներուն խաղաղութեան մէջ նստած` այլ երկիրներու աղէտներուն լուրերը մտիկ կ՛ընէինք ու յետոյ կը դառնայինք ետ մեր խաղաղ առօրեային: Այսօր մե՛նք դարձեր ենք լուր, ուրիշներ մտիկ կ՛ընեն մեր լուրերը, յետոյ կը շարունակեն իրենց առօրեան:
Սկիզբը Պէյրութն էր, յետոյ Պարսկաստանը, ապա տնտեսական անկումը, յետոյ Սուրիոյ պատերազմը, յետոյ կրկին Պէյրութ, ապա` Արցախ:
Գաղթականներու հսկայ հոսք մը դուրս եկաւ այս երկիրներէն` ցրուելու համար տարբեր երկիրներ, նուազագոյնի իջեցնելով մեր հաւաքական կեանքի առողջ եւ ուժեղ վիճակը, որմէ թէեւ յաճախ կը գանգատէինք` «Սփիւռքի մէջ չե՛նք կրնար հայ ապրիլ», այսօր սակայն կը տեսնենք, որ հայօրէն ապրեր էինք, կառուցեր էինք, ստեղծեր էինք, եւ իրենց պատկանելիութեան գիտակից սերունդներ հասեր էին:
Անշուշտ կացութիւնը այլ էր «Արեւմտեան կողմն աշխարհի», ուր ճերմակ ջարդը, լուռ եւ աննշմար, իր աւերը կը գործէր:
Պէյրութի օրերէն իսկ կրկին սկսած էր գաղթը մէկ երկրէն միւսը: Յաճախ կատակով ըսուած է` եթէ Ամերիկայէն ալ անդին երթալիք տեղ ըլլար, կ՛երթայինք:
Բայց գացողները ընդհանրապէս գացած են իրենց աչքը ետեւ ձգած, որովհետեւ ո՛ւր ալ որ հասեր են, իրենց նախկին կեանքը փնտռեր են:
Գաղթական ըլլալը վիճակ է, որուն բնաւ պիտի չուզէինք վերադառնալ: Ա՛յս է պատճառը հաւանաբար, որ շատեր նախընտրեցին մնալ իրենց ապրած քաղաքներուն մէջ` հակառակ անտանելի կացութիւններուն, որոնք կը նսեմանային կարծես գաղթականի վիճակին հետ բաղդատելով:
Կարգ մը երկիրներու մէջ որքան ալ երկար ապրէին եկուորները, «գաղթական» անունը կպած կը մնար իրենց, մինչ այլ երկիրներ բնաւ չեն օգտագործեր այդ բառը, եւ եկողը ինքզինք անմիջապէս կը զգայ մէկը երկրին քաղաքացիներէն:
Բայց®
Բայց գաղթականը մարդ է, որ կորսնցուցեր է իր ինքնութիւնը, իր լեզուն, իր վայրը` նոր վայրին մերուելու իր ճիգին մէջ: Նոյնիսկ եթէ չի կրեր «գաղթական» անունը, իր հոգին սակայն դիւրաւ չի կրնար մոռնալ իր ապրած վիճակը, թէեւ կ՛ուզէ մոռնալ, մանաւանդ` մոռնալ պատճառները, որոնք զինք բերած են հոն, ուր որ է այսօր:
Ժամանակը սակայն շատ արագ կը թաւալի, գաղթականը կը դառնայ քաղաքացի, կը դառնայ այլ երկրի մը քաղաքացին: Ինչ որ կը կարծէինք, թէ մեր մենաշնորհն է` սփիւռքահայ ըլլալ նոյնիսկ մեր հայրենիքին մէջ, դարձաւ յանկարծ աշխարհի կէս ժողովուրդներուն վիճակը: Կարծես վերադարձանք Բաբելոնի խառնակութեան եւ անշուշտ սկսանք չհասկնալ զիրար. աւելի՛ չհասկնալ զիրար, որովհետեւ սկիզբէն իսկ կային նախ լեզուներու, ապա ինքնութիւններու տարբերութիւնները:
Կը յիշեմ, տասնամեակներ առաջ, երբ հայ տանտիկին մը կ՛երթար թաղի իսլամ նպարավաճառէն գնում ընելու, հայերէնով կ՛ըսէր ուզածը, մարդը կը հասկնար, արաբերէն կը պատասխանէր եւ կու տար կնոջ ուզածները: Լեզուն խոչընդոտ չէր, որովհետեւ մարդկային հասկացողութիւն մը կար նոյն թաղը ապրող տարբեր ազգի եւ տարբեր կրօնի մարդոց միջեւ:
Անհամար թիւով մարդիկ ձգեցին իրենց տուները եւ գացին տարբեր ուղղութիւններով` նոր տուներու մէջ, նոր թաղերու մէջ, նոր լեզուներու մէջ ապահովութիւն փնտռելով: Չունեցան նախկին, տարիներու աշխատանքով կերտուած տուներու շքեղութիւնը. որքան ալ համեմատական ըլլայ այդ բառը, իւրաքանչիւրին համար «իր տունը պալատ է»: Շրջան մը ետք, սակայն, անդրադարձան, որ սկսեր են գոհանալ ամէնէն էականով եւ նշմարեցին, որ շատ աւելի հանգիստ է այդպէս ապրիլը: Դրական արդիւնք, շատ նման ճեմարանական օրերու մեր թեւաւոր խօսքին` «այրած սրտի մխիթարանք»-ին: Իւրաքանչիւր գաղթող նաեւ նոր լեզու մը սորվեր էր` հակառակ վաղուց անցած ըլլալուն սորվելու տարիքը:
Այլ դրական երեւոյթ մըն էր այն, որ մարդիկ սկսան գրել-նկարել- քանդակել, մէկ խօսքով` ստեղծագործութեամբ արտայայտել գաղթականի իրենց հոգեվիճակը. թէեւ տխուր է նման արուեստը, բայց արուեստ ըլլալէ չի դադրիր:
Եւ գաղթականը, հակառակ իր դժխեմ առօրեային, կը սնանի աւելի լաւ առօրեայի մը հեռանկարով, կը սեղմէ շրթները եւ կը լծուի այդ աշխատանքին:
aztagdaily.com/archives/550732