27 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016′
Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ Պրետ Շերման եւ քոնկրեսական, հետախուզութեան հարցերով կոմիտէի անդամ Ատամ Շիֆ կոչ ըրած են ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիին յստակ դիրքորոշում ցուցաբերելու ընդդէմ ԵԽԽՎ-ի մէջ ձախողած հակաղարաբաղեան բանաձեւերուն:
Այս մասին՝ ըստ «Արմենփրես»-ի՝ կը տեղեկացնէ Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբը:
Քերիին ուղղուած նամակին մէջ Շիֆ յորդորած է ԱԳ նախարարին «բարձրագոյն մակարդակներու վրայ յստակօրէն ի ցոյց տալ այն, որ բանաձեւը միակողմանի է, ոչ ճշգրիտ եւ կը վնասէ խնդրի խաղաղութեան ու կայունութեան»: Յիշեցնելով, որ Ատրպէյճան բազմաթիւ սադրիչ գործողութիւններ իրականացուցած է շփման գիծին վրայ, ինչ որ աւարտած է քաղաքացիական անձերու մահուան կամ վիրաւորուելու դէպքերով` ԱՄՆ քոնկրեսականը մտահոգութիւն յայտնած է, որ զեկոյցին մէջ չէ ներառուած այն, որ Իլհամ Ալիեւ «կը հրաժարի շփման գիծին վրայ տեղադրել յատուկ սարքեր, որոնք դիտարկման պիտի ենթարկեն դիպուկահարներու եւ հրետանիի կիրառումը», մինչդեռ հայկական կողմը իր համաձայնութիւնը տուած է:
ԱՄՆ միւս քոնկրեսական Շերման կոչ ըրած է Քերրին անմիջապէս գործողութիւններու անցնելու` ցոյց տալու ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի առաջատար դերը: «Մինսկի խումբէն հրաժարիլը ոչ միայն վատ քաղաքականութիւն է, այլ վիրաւորանք ամերիկեան ժողովուրդին եւ ջանասէր ու ամերիկացի դիւանագէտներուն նկատմամբ»,- նշած է ան:
Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի Յունուար 26-ի նիստին բրիտանացի պատգամաւոր Ռապըրթ Ուոլթըրի հեղինակած «Բռնութիւններու աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միւս գրաւեալ տարածքներուն մէջ» զեկոյցի ընդունումը ձախողեցաւ 66 կողմ եւ 70 դէմ ձայներու համեմատութեամբ յ: Մինչդեռ պոսնիացի պատուիրակ Միլիցա Մարքովիչի «Ատրպէյճանի սահմանամերձ շրջաններու բնակիչները միտումնաւոր զրկուած են ջուրէ» վերտառութեամբ զեկոյցը 98 կողմ, 71 դէմ յարաբերակցութեամբ ընդունուեցաւ:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com