Սուրբ Միւռոնը եւ Հայութիւնը – Օրերս տեղի ունեցաւ Սուրբ Միւռոնօրհնէքի արարողութիւն Անթիլիասի Մայրավանքի մէջ, – Զարեհ Եահնիեան

Map of historic Armenia

Սուրբ Միւռոնը եւ Հայութիւնը – Օրերս տեղի ունեցաւ Սուրբ Միւռոնօրհնէքի արարողութիւն Անթիլիասի Մայրավանքի մէջ, – Զարեհ Եահնիեան

03 ՅՈՒԼԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Բարեւս տուի անցայ գնացի – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Սուրբ Միւռոնը եւ Հայութիւնը

Թող այս գրութիւնս ոմանց մօտ թիւր կարծիք չկազմէ թէ ես կը հեռանամ Եկեղեցիէն կամ որեւէ կերպ քննադատական կը մօտենամ Եկեղեցւոյ եւ Եկեղեցական մասունքներու նկատմամբ․

Օրերս տեղի ունեցաւ Սուրբ Միւռոնօրհնէքի արարողութիւն Անթիլիասի Մայրավանքի մէջ, Միւռոն՝, այն հեղուկը զորս կը կրէ ամէն Հայ քրիստոնեայ, Միւռոնը որ մեր գոյութեան նաեւ խորհրդանիշն է սակայն նաեւ այսօր կարիք կայ անդրադառնալու եւս մէկ անգամ թէ ինչ՞ է Եկեղեցւոյ դերը քաղաքականութեան մէջ, նկատի ունիմ պետական քաղաքականութեան մէջ եւ ոչ ներքին Եկեղեցական․

Երբեմն տարբեր առիթներու եւ տարբեր ժամանակներու մէջ կը պատահին երեւոյթներ երբ աշխարհիկ անհատը Եկեղեցականին կըսէ «մի խառնուիր մեր գործին, մնայ Եկեղեցւոյ սահմաններու մէջ», եւ եկեղեցականը, հոգեւորականը կընդվզի ու բացատրութիւններ կուտայ ան-ուղեղ աշխարհիկին թէ Եկեղեցին ինք քաղաքականութիւն է, Եկեղեցին միշտ եղած է ժողովուրդի հետ եւ Եկեղեցին պարտաւոր է ըսելու իր խօսքը իսկ պետութիւնը պարտաւոր պիտի ըլլայ լսելու անոր կարծիքը․․․

Բնականաբար ինքս կը կիսեմ հոգեւորականի տուած պատասխանը այդ ան-ուղեղ քաղաքական տհաս գործչին սակայն այսօր հարց կուտամ, այսօր երբ Հայութեան գոյութեան պայքար կը մղուի, այսօր Հայ Ազգի ապագան կրնայ որոշուիլ ինչու՞ լուռ է Եկեղեցին, Ինչու՞ հոգեւորականները ամէնօրեայ քարոզներու մէջ Հայի պահպանումը չեն քաջալերէր, ինչու՞ այսօր ընդվզում չկայ կատարուածի դէմ, ինչու՞ միայն օտար թշնամիին պիտի անիծենք, ինչու՞․․․

Եկեղեցին այսօր պիտի տէր կանգնի իր Ազգին այլապէս այդ Միւռոնի կաթսան պիտի մնայ լեցուն որովհետեւ պիտի չգտնուին այնքան Հայեր որ մկրտուին․․․, պահպանենք ճակատները Հայկական որպէսզի Միւռոնը քսելու տեղ ունենաք․․․

Կըսեն Զարթնիր Լաօ, միշտ խեղճ ու կրակին կուզէն արթնցնել ով յոգնած է արդէն, ով ուժ չունի, ով դրամ ալ չունի, ով ժպիտ անգամ չունի , ինչպէս՞ զարթնի, առաջին զարթնողները պիտի ըլլան կառոյցները, կուսակցութիւնները, Եկեղեցին Հայկական որպէսզի լաօներուն օրինակ ծառայէն․․․

Պատիւ ունիմ եւ հպարտ եմ որ 58 տարի կը կրեմ Սուրբ Միւռոնը իմ ճակատին․․․

Բարեւս տուի անցայ գնացի

ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail