Թուրքիոյ Ֆաշիստ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն – Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Ճնշումները Երեւանին Չեն Արտօներ Կարգաւորման Ուղղութեամբ Համարձակ Քայլերու Ձեռնարկել
05 ՅՈՒԼԻՍ 2022 – Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է:
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման ճամբուն վրայ գլխաւոր խնդիրները Երեւանի իշխանութիւններուն վրայ ճնշումներն են: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երէկ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն` Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Շալենպերկի հետ Անգարայի մէջ ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
Անոր համաձայն, Անգարան կողմնակից է Երեւանի հետ երկխօսութիւնը շարունակելուն եւ պատրաստ է այդ հոլովոյթը աստիճանաբար յառաջ տանելու:
«Հայաստանի մէջ ծայրայեղական խմբաւորումները կը յարձակին վարչապետի տան վրայ` լուրջ ճնշում գործադրելով, ասիկա խոչընդոտ կը ստեղծէ Հայաստանի համար թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ ալ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ համարձակ քայլի դիմելու համար: Ճնշումները Երեւանին չեն արտօներ կարգաւորման ուղղութեամբ համարձակ քայլերու ձեռնարկել: Մենք պատրաստ ենք կառուցողական երկխօսութեան: Շրջանը երկարաժամկէտ խաղաղութեան կարիք ունի», ընդգծած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:
Չաւուշօղլու նաեւ հռետորական հարցում յղած է. «Ինչո՞ւ կարգաւորման բանակցութիւններուն յաջորդ փուլը Թուրքիոյ կամ Հայաստանի մէջ չկատարել: Երեւանը տակաւին ատոր պատրաստ չէ: Նմանատիպ հանդիպումներ կարելի են ապագային»:
Ան նշած է, որ Թուրքիան կ՛աջակցի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին:
aztagdaily.com/archives/551231