Անդրադարձ – «Թաւշեայ Յեղափոխութիւն»-ը, Եւ «Գունաւոր Յեղափոխութիւններ»-Ըը – Բ. Պէտք Է Յիշենք 1998-ի Մեր Առաջին Յեղափոխութիւնը – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

ԽՈՅՆ ԱՐԴԵՆ ԻՍԿ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՊՈԶԱՀԱՐԵԼՈՒ ՀԱԿԱՌԱԿՈՐԴԻՆ, ԻՐ ԻՐԱՎՈՒՆՔՆ ՈՒ ԱՆԿԱԽՈՒԹՅՈՒՆԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ...

Անդրադարձ – «Թաւշեայ Յեղափոխութիւն»-ը, Եւ «Գունաւոր Յեղափոխութիւններ»-Ըը – Բ. Պէտք Է Յիշենք 1998-ի Մեր Առաջին Յեղափոխութիւնը – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

05 ՅՈՒԼԻՍ 2022 – Յուշեր – Անդրադարձ – Յարութ Չէքիճեան – haroutchekijian.wordpress.com

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: lousavor-avedis.org/

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Նախորդ` Ա. մասով, արագ ակնարկով անդրադարձանք այսպէս կոչուած Հայաստանի «թաւշեայ» եւ Լիբանանի «մայրի» «յեղափոխութիւն»-ներուն: Ինչո՞ւ չակերտուած է յեղափոխութիւն եզրը: Քանի որ պէտք է զանազանել ժողովրդային հարազատ յեղափոխութիւնը` դուրսէն, օտարէն դրդուածէն ու ղեկավարուածէն: Կասկած չկայ, որ աշխարհի տարածքին բոլոր երկիրներուն մէջ իրենց իշխանութիւններէն դժգոհներ կան, մասնաւորապէս` Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ: Թերեւս մատի վրայ կը համրուին այն երկիրները, ուր իրենց կառավարութեան կամ իշխանութեան դէմ դժգոհներ չկան, կամ ընդդիմութիւն չկայ:

1.- Լեւոն Տէր Պետրոսեան                                                             2.- Վազգէն Սարգսեան                                                                                      3.- Ռոպերթ Քոչարեան

Հայաստանի մէջ իշխանութեան դէմ առաջին ժողովրդային բողոքը` անարիւն յեղափոխութիւնը 1998-ին Լեւոն Տէր Պետրոսեանի (Փաշինեանին հովանաւորը եւ ուսուցիչը) երկրորդ իշխանութեան դէմ տեղի ունեցաւ, որ զարմանալիօրէն ընդհանրապէս կը մոռցուի: Ի՞նչ էր պատճառը:

Բո՛ւն պատճառը Արցախի հարցին վերաբերեալ իր պարտուողական դիրքորոշումն ու ծրագիրն էր: Այսպէս, նախ` հայկական զինուած ուժերը պէտք էր հեռանային նախկին ԼՂԻՄ-էն դուրս գտնուող շրջաններէն, վերաբացուէին սահմանները, վերականգնուէին տնտեսական եւ փոխադրութեան կապերը, ու մի՛այն անկէ ետք պիտի որոշուէր Արցախի կարգավիճակը: Այսինքն ցեղասպանութենէ փրկուելու համար հազարաւոր զոհեր տալով, արեան գնով 1988-1994 պատերազմով մեր ազատագրած հայկական հողերը վերադարձնել իր կողմէ սկսած եւ պատերազմէն պարտուած նախայարձակ ազերիին, կարծես թէ բան մը պատահած չէր, եւ ասոր վրայ ալ Արցախի կարգավիճակը անորոշ պահել… Միայն թշնամի՛ն եւ անոր ծառայողներուն տեսակը կ՛ընդունին եւ կ՛առաջարկէ այսպիսի պայմաններ, այսինքն` Լեւոն Տէր Պետրոսեանը եւ իր սանը` Փաշինեանը ու իրենց հետեւորդները:

Պատմութեան մէջ չէ պատահած, որ նախայարձակ մը պատերազմի մէջ պարտուելէն ետք յաղթող կողմը իր ազատագրած սեփական տարածքները վերադարձնէ անոր, այն ալ նուաստացուցիչ պայմաններով: Ըլլալի՞ք բան է:

Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գողութիւնները եւ երկիրը մթութեան մատնելը, տնտեսութիւնը քայքայելը եւ ժողովուրդը թշուառացնելը ընդհանուր դժգոհութեան երկրորդ պատճառն էր: Այս մասին կարդալ նաեւ` 1. «Անհրաժեշտ է յիշեցնել. Հայաստանի մէջ ո՛ր իշխանութեան օրով ստեղծուեցաւ մենաշնորհեալներուն եւ օլիկարխներուն դասակարգը, ու խաւարի եւ թշուառութեան մատնուեցաւ Հայաստանը, եւ ո՛վ վերականգնեց տնտեսութիւնն ու վերալուսաւորեց Հայաստանը» (1):  2.- «Լեւոն Տէր Պետրոսեան իր նախագահական տարիներուն $153 միլիոն տոլար յափշտակած եւ արտասահման փախցուցած է» (Այսինքն այն ժամանակուան Հայաստանի տարեկան պիւտճէին կէսը) (2):  3.- «Լեւոն Տէր Պետրոսեան ինքզինք կը գերազանցէ` իր վարքագիծը վերահաստատելով» (3):

4.- «Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագիրը եւ ազգային հարստութեան կառավարումը ու հաշուետուութիւնը» (4):

Ահաւասիկ Ա՛ՅՍ «ՀԻՆ»-Ն ԷՐ, ՎԱՏԸ` երկիրը թալանողը, սնանկացնողը եւ թշուառացնողը ու նաեւ մենաշնորհներ բաժնողը եւ օլիկարխներ ստեղծողը` Փաշինեանին հովանաւորը: Ան խորհրդային երկիրներուն մէջ տնտեսութեան եւ կեանքի մակարդակով երկրորդ դիրքը գրաւող Հայաստանը ժառանգեց եւ թալանեց զայն: Գործարանները աժան գիներով իր մերձաւորներուն բաժնեց, չնչին գինով կամ նոյնիսկ խոստումնագիրով, որոնց մեծ մասը գործարաններուն սարքերը եւ նոյնիսկ դուռ- պատուհանները քակեցին, Թուրքիոյ եւ Իրանի ծախեցին, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իսկոյն «օլիկարխ» դարձաւ:

Կիսաքանդ այս գործարանները ցարդ ամէն տեղ կը տեսնենք: Նաիրիտ գործարանը փակեց` անգործութեան մատնելով հազարներ, ամբողջ աշխատող ժողովուրդը: Այսքանը չէր բաւեր, Հայաստանի ելեկտրականութեան 40 տոկոսը հայթայթող հիւլէակայանը փակեց եւ այլն: Ժողովուրդը գործարաններէն վտարուած, անգործ ու թշուառ, ստիպուեցաւ ծառերը կտրել վառելանիւթի համար: ՄՈՌՑՈՒԵՑԱ՞Ն ԱՅՍ ԲՈԼՈՐԸ, ԱՅՍ ԲՈ՛ՒՆ ՀԻՆԸ` ԼԵՒՈՆԸ:

Իսկ ո՞վ եկաւ եւ շրջեց այս գահավիժող, խաւարի ու քաոսային քանդումի ընթացքը եւ կողոպտուած ու թշուառութեան մատնուած երկիրը փրկեց ու զայն վերածեց լուսաւոր ու տաքուկ արդիական երկիրի մըԱ՞ՅՍ ԱԼ ՄՈՌՑԱՔ. պատասխանը յստակ է` Ռոպերթ Քոչարեանը: Ինչո՞ւ չորս տարի է սուտերով եւ ծրագրուած քարոզչութեամբ ու սուտ ամբաստանութիւններով թիրախաւորած են Քոչարեանը, քանի որ ան յաջող փորձը ունի, անդունդին հասած Հայաստանը փրկելու եւ վերականգնելու վճռակամութիւնն ու կարողութիւնը ունի: Մեր թշնամիները եւ անոնց ծառայողները չե՛ն ուզեր զինք: Հայաստանը պէտք էր թշուառութեան եւ մթութեան մէջ մնար, երրորդ-չորրորդ դասակարգի նպաստ մուրացող, օտարէն կախեալ երկիր մը պէտք էր ըլլար…

Ոխակալ մոլուցքով լեցուած Փաշինեանը,  նո՛յնիսկ քանիցս փաստուած, իրեն ենթարկուած, կողմնակալ դատարաններով չորս տարի չկրցաւ Քոչարեանին դէմ որեւէ յանցանք փաստել, եւ տակաւին թութակի պէս կը կրկնուին անոր հասցէին անհիմն ամբաստանութիւններ: Պէտք է մի՛շտ յիշել ու կրկնել` Լեւոնին խաւար ու ցուրտ, թշուառ ու սնանկացած Հայաստանը եւ քանի մը տարի ետք Քոչարեանին փրկած` լուսաւոր եւ արդի Հայաստանը: Շատերս ականատես վկանե՛րն ենք այս երկու ժամանակներուն եւ իրականութեանԳացինք եւ երկուքն ալ տեսանք: Իսկ բոլոր անոնք, որոնք տակաւին կը բամբասեն Քոչարեանի հասցէին, թող Փաշինեանին նման դատ բանան անոր դէմ, մանաւա՛նդ` անոնցմէ «բանիմաց» եւ ամենագէտ սփիւռքահայերը:

Ուիքիփետիայէն կը մէջբերեմ հատուածներ, թէ 1998-ին ինչպիսի՛ հիմնական իշխանափոխութիւն տեղի ունեցաւ (5).

4.- Փաշինեանին «Ժողովրդավարութիւն»-ը, 2020-2022, որուն մասին մարդկային իրաւանց, խօսքի ազատութեան եւ արեւմտեան այլ կազմակերպութիւններ ու կառավարութիւններ լուռ կը մնան, քանի որ յանցանք գործողը «իրենց մարդն է»:

«(Լեւոն Տէր Պետրոսեանը*) 3 փետրուար 1998-ին ՀՀ վարչապետ Ռոպերթ Քոչարեանի, պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Սարգսեանի եւ Անվտանգութեան ու ներքին գործերու նախարար Սերժ Սարգսեանի հետ ունեցած սկզբունքային անհամաձայնութեան (վերեւ նշուած*) պատճառով եւ երկիրը ներքաղաքական ցնցումներէ զերծ պահելու նկատառումով հրաժարած է ՀՀ նախագահի պաշտօնէն:

«Անոր հետ մէկտեղ, նոյն պատճառներով, իրենց պաշտօններէն կամաւոր կերպով հրաժարեցան նաեւ հանրապետութեան բազմաթիւ (23 գլխաւոր*) այլ ղեկավարներ եւ պատասխանատու աշխատողներ. Ազգային ժողովի նախագահ Բաբկէն Արաքցեանը, փոխնախագահներ Արա Սահակեանը եւ Կարապետ Ռուբինեանը, խորհրդարանական մշտական յանձնաժողովներու նախագահներ` Սամուէլ Գէորգեանը, Վիգէն Խաչատրեանը եւ Տէր Յուսիկ Լազարեանը: Արտաքին գործերու նախարար Ալեքսանտր Արզումանեանը,  Տարածքային կառավարման նախարար Գալուստ Գամազեանը, Երեւանի քաղաքապետ Վանօ Սիրադեղեանը, Կեդրոնական դրամատան նախագահ Բագրատ Ասատրեանը, Արմաւիրի մարզպետ Սեդրակ Յովհաննիսեանը, «Հայաստան» հիմնադրամի տնօրէն Մանուշակ Պետրոսեանը, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահան Փափազեանը, Հանրապետութեան  նախագահի խորհրդականներ Վահագն Խաչատրեանը, Նիկոլ Շահգալդեանը, Կարէն Շահինեանը, նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Աւետիս Աւագեանը, մամլոյ քարտուղար Լեւոն Զուրաբեանը, քատրերու բաժնի վարիչ Ժոզեֆ Աւետիսեանը, Ազգային ժողովի աշխատակազմի ղեկավար Աշոտ Անտինեանը, «Ռեսպուբլիկա Արմենիա» պաշտօնաթերթի խմբագիր Արմէն Խանբաբեանը, Երեւանի քաղաքապետարանի բարձրաստիճան աշխատակիցներ Սամսոն Ղազարեանը եւ Վարդան Յարութիւնեանը»:

Յստակ է չէ՞ դաւադրութիւնը, որ 2018-ին կրկնուեցաւ: Այժմու իշխանութեան նման` բոլոր բանալի պաշտօնները պարտուողական ու թշնամիին ծառայելու պատրաստ անձերէ, կամ անփորձներէ ու անկարողներէ բաղկացած են:

Լեւոն Տէր Պետրոսեանին աշակերտը` Փաշինեան, 20 տարի ետք Արեւմուտքին դաւադրութեամբ իշխանութեան հասաւ` աւելիով գործադրելով իր ուսուցիչին եւ առաջնորդին նպատակը. ո՛չ միայն ազատագրուած հողերը յանձնեց թշնամիին հազարաւոր անտեղի զոհեր տալով, այլ նաեւ իր անհաւատալի խօսքով` «թշուառ եւ տժգոյն» Շուշին ու Հադրութը նաեւ, Հայաստանէն ալ հողեր նուիրելով թշնամիին, եւ չենք գիտեր, թէ տակաւին ինչե՜ր եւս խոստացած է յանձնել թշնամիին:

«Հայրենիք»-ի խմբագրականէն կը մէջբերեմ (6). «Ինչո՞ւ զարմանալ, երբ իշխանութեան հասնելէն կարճ ատեն ետք «Մարտի մէկի բոլոր ծալքերը բացայայտուած են» գոռացող Փաշինեանը մինչեւ այսօր ալ ո՛չ մէկ բացայայտում կատարած է, ինչպէս որ ոչինչ բացայայտուած է 44-օրեայ պատերազմի ծալքերէն® Պատերազմին արձանագրուած պարտութեան ու կորուստներուն «պատասխանատուն (այսինքն` յանցաւորը) ես եմ» յայտարարողը վաղը կրնայ նաեւ խոստովանիլ, որ իր մատն ալ խառն էր 1 մարտի դէպքերուն»:

«Կլոպըլ Թայմզ»-ը 2 դեկտեմբեր 2021-ի թիւով «Ժողովրդավարութեան իսկական գոյները-Միացեալ Նահանգները (յետ այսուհետեւ` ՄՆ) համաշխարհային գունաւոր յեղափոխութիւններ կը կազմակերպեն, կառավարութիւններ տապալելու համար, որպէսզի Ամերիկային ենթարկեն զանոնք» (7) խորագիրով յօդուածէն կը թարգմանեմ հատուածներ.

«Տասնեակ տարիներ աշխարհի տարածքին գունաւոր յեղափոխութիւններ ղեկավարելէ ետք ՄՆ-ը գործող դրութիւն մը զարգացուցած են:

«Նախ` ծրագրողները (ՄՆ-ը*) կը զատեն թիրախ ղեկավար մը, զոր չեն սիրեր եւ հոգեբանական պատերազմ կը սկսին անոր դէմ (օրինակ` Շեւարտնածէ, Քուշմա, Եանուքովիչ, Չաւեզ, այժմ` Մատուրօ, Փութին եւ այլն*): Ընդհանրապէս կը գտնեն եւ կը պատրաստեն քաղաքական գործիչներ, անոնց տեղեկատուութիւն եւ նիւթական աջակցութիւն կը տրամադրեն գրգռելու համար ընդդիմադիր տրամադրութիւնները: Այնուհետեւ ծրագրողները կ՛օգնեն զօրաշարժի ենթարկելու զանգուածները քաղաքական բողոքի ցոյցեր նախաձեռնելու համար, ներառեալ ստիպելով ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները (NGO) եւ լրատուամիջոցները միջամուխ ըլլալ եւ մասնակցիլ բողոքի շարժումին: Ուրեմն բողոքի ցոյցեր կը շղթայազերծուին` ընդլայնելով գործիչներուն թիւը եւ բողոքի ուժգնութիւնը,  սպասելով կառավարութեան տապալումին:

«ՄՆ-ու կառավարութեան հակակշիռին տակ գտնուող ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները կը գործածուին` երկարաժամկէտ թափանցում կատարելու թիրախ երկիրներուն մէջ: Օրինակի համար,

ՄՆ-ի տխրահռչակ «Ժողովրդավարութեան ազգային ապահովութիւն»-ը (National Endowment for Democracy (NED)), որ ինքզինք ոչ կառավարական կազմակերպութիւն կը կոչէ, պետական գումարներով ՄՆ-ի կառավարութեան ենթարկուելու սկզբունքը կը քարոզէ: 2016-էն ի վեր 96,52 միլիոն տոլար տրամադրած է առ նուազն 103 Չինաստանին հակադրուող խմբաւորումներուն, ներառեալ` անջատողական Համաշխարհային ույղուր քոնկրէսին եւ Թիպեթի երիտասարդական քոնկրէսին:

«ՄՆ-ը նաեւ իրենց հոգատարութեան տակ առած են երիտասարդական ծայրահեղական կազմակերպութիւններ` անոնցմէ գործակալներ պատրաստելով: Եգիպտոսի հակակառավարական «Ապրիլ 6» երիտասարդական կազմակերպութեան առաջնորդներէն մէկը Նիւ Եորք հրաւիրուած էր 2008-ի «Միջազգային երիտասարդական կազմակերպութիւններու համադրումի ժողով»-ին: Ան խոստովանեցաւ, որ ոստիկանութեան դիմադրելու ձեւերու մարզումին հետեւած է այնտեղ:

«ՄՆ-ի Քոնկրեսը 2019-ին 124 միլիոն տոլար յատկացուց «Ազատ Եւրոպա» ռատիոկայանին (Radio Free Europe), որ 26 լեզուներով ՄՆ-ին քարոզչութիւնը կը կատարէ արեւելեան Եւրոպայի ժողովուրդներուն մէջ:

«Բարեսիրութեան պատրուակով ՄՆ-ը միջամուխ կ՛ըլլայ թիրախ երկրին ներքին գործերուն եւ նիւթական յատկացումներ կը կատարէ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն: Վրաստանի 2003-ի «վարդերու» յեղափոխութենէն տարիներ առաջ ՄՆ-ը եւ օտար պետութիւններ ու կազմակերպութիւններ սկսան նիւթական յատկացումներ կատարել ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն (Հայաստանի մէջ 1997-ին`  Լեւոնի ժամանակ արդէն 500 NGO կար, այժմ` 5700 արձանագրուած*): Օրինակ` Ամերիկեան նպաստամատոյցը (USAID) 1,5 միլիոն տոլար ծախսեց Վրաստանի ընտրական ցանկերը համակարգչային դրութեամբ օժտելու համար (օգտակար, սակայն նաեւ որպէսզի կարելի ըլլայ ընտրութիւններուն միջամուխ դառնալ*):

«2011-ին Եգիպտոսի «Լուտաս» յեղափոխութեան ցուցարարները «Հաց, ազատութիւն, ընկերային արդարութիւն» վանկարկեցին, սակայն  «յեղափոխութենէն» ետք տնտեսութիւնը վատթարացաւ: Եգիպտոսի արտածումը 2012-ի 27 միլիառէն 2016-ին իջաւ 18,7 միլիառ տոլարի:

«Ընդհանուր առմամբ, «Արաբական գարուն»-ը եւ յաջորդող պատերազմները այս երկիրներուն(մինչեւ 2015*) աւելի քան 830 միլիառ տոլարի վնաս պատճառեցին` ըստ Տուպայի դեկտեմբեր 2015-ի Արաբական մարտավարական ժողովին (Arab Strategy Forum): Գունաւոր յեղափոխութիւններուն գլխաւոր վտանգը այն է, որ երկրի մը ժողովուրդը եւ բնական հարստութիւնները օտարին հակակշիռին կ՛ենթարկուին:

«Այս երկիրներէն որեւէ մէկուն մէջ չտեսանք քարոզուած ու խոստացուած ժողովրդավարութիւնը եւ կեանքի աւելի լաւ պայմանները (մանաւանդ Հայաստանի մէջ*)` կրկին ու կրկին փաստելով, որ Ամերիկայի պարտադրած ժողովրդավարութիւնը զոհերու կը վերածէ զանոնք»:

Ահա «գունաւոր» Ուքրանիան… Ամերիկան, ՕԹԱՆ-ը եւ Եւրոպան, 2004-էն ի վեր, մինչեւ վերջին ուքրանացին եւ ուքրանական քաղաքը պիտի շարունակեն հրահրել ու քաջալերել այս անիմաստ ու կործանարար պատերազմը` վնասելով նոյնիսկ իրենց սեփական տնտեսութեան: Ո՞ւր մնացին ժողովրդավարական արժէքները եւ միւս ստապատիր խոստումները, երբ Արեւմուտքը նեցուկ կը կանգնի ցեղապաշտ Ազովի նացիական խմբաւորումներուն եւ Տաէշներուն, այնքան ատեն որ անոնք իրենց կը ծառայեն…

30 յունիս 2022
(Շար. 2)

haroutchekijian.wordpress.com

*Լուսաբանութիւնները հեղինակին

  1. https://www.aztagdaily.com/archives/512823
  2. https://www.aztagdaily.com/archives/475937
  3. https://www.aztagdaily.com/archives/330316
  4. https://www.aztagdaily.com/archives/310121
  5. https://hy.wikipedia.org/wiki/Լևոն_Տեր-Պետրոսյան#Հրաժարական
  6. https://www.aztagdaily.com/archives/550203
  7. https://www.globaltimes.cn/page/202112/1240540.shtml
ԽՈՅՆ ԱՐԴԵՆ ԻՍԿ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՊՈԶԱՀԱՐԵԼՈՒ ՀԱԿԱՌԱԿՈՐԴԻՆ, ԻՐ ԻՐԱՎՈՒՆՔՆ ՈՒ ԱՆԿԱԽՈՒԹՅՈՒՆԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ…

aztagdaily.com/archives/551183

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail