Անդրադարձ – Ակնարկ. Բացառապէս Նոր Դէմքերով Եւ Նոր Վարչակարգով

Culture-Monastère de Gandzak

Անդրադարձ – Ակնարկ. Բացառապէս Նոր Դէմքերով Եւ Նոր Վարչակարգով

05 ՅՈՒԼԻՍ 2022 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ – Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

Ազգային ժողովի փոխնախագահներէն մէկուն ընդդիմադիր ըլլալու հանգամանքը ամրագրուած է Սահմանադրութեամբ:

Այսպէ՛ս:

Յօդուած 104. Ազգային ժողովի նախագահը, անոր տեղակալները եւ Ազգային ժողովի խորհուրդը

Ազգային ժողովը իր կազմէն կ՛ընտրէ Ազգային ժողովի նախագահն ու անոր երեք տեղակալները: Տեղակալներէն մէկը կ՛ընտրուի ընդդիմադիր խմբակցութիւններու կազմին մէջ ընդգրկուած պատգամաւորներու թիւէն: Ազգային ժողովի նախագահը եւ անոր տեղակալները կ՛ընտրուին եւ ետ կը կանչուին պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու մեծամասնութեամբ:

Այս պարագային սահմանադրական յօդուածին ամէնէն կարեւոր բաժինը` տեղակալին ընդդիմադիր ըլլալու հանգամանքն է, ինչ որ գործող սահմանադրութեան փիլիսոփայութեան հիմքին կը վերաբերի:

Նման տագնապալի վիճակին մէջ, երբ 9 նոյեմբերի յայտարարութեամբ արդէն իսկ միակողմանի զիջումներով կայացած համաձայնութեան սահմանները կը հատուին եւ նոր պայմանաւորուածութիւններ կ՛արձանագրուին, յաւելեալ տարածքներ զիջելու, գիւղեր պարպելու եւ բնակչութիւն տեղահանելու առումով, գործող մեծամասնութիւնը կը դիմէ պաշտօնազրկման քայլերու:

Ազգային ժողովի փոխնախագահի պաշտօնազրկման քայլերէն առաջ ի՞նչ առաջնահերթութիւններ կան. վարչապետը կը խօսի Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ սանձազերծուելիք նոր պատերազմի հաւանականութեան մասին (յարձակումը օրինականացնելու փորձ կատարելով): Կարելի է մտածել, որ վարչապետը այս վտանգին մասին կը խօսի համոզիչ դարձնելու համար  Աղաւնոյի եւ Բերձորի յանձնումը. այլապէս` «պատերազմ կը սկսի» տրամաբանութեամբ: Յամենայն դէպս երկու պարագային ալ պատերա՞զմ, թէ՞ նոր յանձնուողականութիւն` հրատապ խնդիրը Ազգաժին ժողովի փոխնախագահին փոխարինումը չէ:

Իշխանութիւնները անդադար այսօրուան իրավիճակին բուն պատասխանատուութիւնը նախկիններուն վրայ բարդելով փուլ առ փուլ իբրեւ պարտուած կողմ կը կատարեն 9 նոյեմբերով կայացած միակողմանի յանձնառութիւնները: Պետական մտածողութիւնը սկզբունքով պիտի թելադրէր, որ պարտուած կողմի բանակցող դէմքերու փոփոխութիւնը հրամայական է, ո՛չ միայն ժամանակ շահելու, այլ նաեւ փորձելու բանակցային նոր կէտեր ճշդել:

Ժամանակ շահիլը այս պայմաններուն մէջ կը կապուի Ուքրանիոյ պատերազմին արդիւնքներուն հետ: Անգարա եւ Մոսկուա շահերու բախման հաւանականութեան ելեւէջներուն հետ: Հանգամանքներու նման փոփոխութիւն մը կրնայ տարաբնոյթ մեկնաբանութիւն տալ նոյնինքն 6-րդ կէտին եւ ձգձգել կամ առկախել այլընտրանքային ճանապարհի հայկական հատուածի կառուցումը, կամ ընդհանրապէս թուրանական կամուրջի բացումը` Սիւնիքի վրայով եւ կամ Բերձորի ու Աղաւնոյի յանձնումը:

Այս բոլորին համար բանակցող նոր դէմքեր պէտք են. ամբոխային տրամաբանութիւնը վերստին իշխանութիւնը յանձնեց նոյն վարչակարգին  եւ պետական մտածողութիւնը կը շարունակէ բացակայիլ մեր քաղաքական կեանքէն:

6-րդ կէտի իրականացումը առկախելու համար հայկական կողմը ունի հիմնաւորեալ բաժին. նոյն յայտարարութեան առաջին կէտը կ՛ըսէ.

  1. 2020 թուականի նոյեմբերի 10-ի մոսկովեան ժամանակով 00:00-էն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ կը յայտարարուի ամբողջական հրադադարի եւ բոլոր ռազմական գործողութիւններու աւարտի մասին: Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, այսուհետեւ` Կողմեր, կանգ կ՛առնեն իրենց զբաղեցուցած դիրքերուն վրայ:

Պարզ է, որ Պաքուն խախտած է առաջին իսկ կէտը: Մինչեւ 6-րդ եւ 9-րդ կէտերուն հասնիլը հայկական կողմը կրնայ պահանջել ուրեմն առաջին կէտի գործադրութիւնը եւ ազրպէյճանական զօրքերու յետքաշումը սկսելու համար արցախեան այն տարածքներէն, որոնց վրայ վերահսկողութիւն յառաջացուց 9 նոյեմբերի յայտարարութենէն ետք: Նման քայլերու դիմելու փոխարէն խորհրդարանական մեծամասնութիւնը կը դիմէ Ազգային ժողովի տեղակալի պաշտօնազրկման քայլին` ճակատագրական եւ հրատապ նիւթերէն շեղում կատարելով եւ ընդդիմութիւնը հարուածելու փորձ գրանցելով:

Պետական-հասարակական մտածողութիւնը պիտի համոզուի, որ թէկուզ ներկայ պայմաններուն մէջ փուլ առ փուլ կարելի կ՛ըլլայ նախ կասեցնել միակողմանի զիջումներու գործընթացըգ ապա` փուլային եղանակով դէպի վերականգնում կազմակերպուելովգ բացառապէս նոր դէմքերով, նոր վարչակարգով:

«Ա.»

aztagdaily.com/archives/551118

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail