Յօդուածներ — Տասը Հերոսամարտեր (1918-1921). Պէտք Չէ՛ Մոռցուին Մինաս Գոճայեան, Երուսաղէմ, 14 Դեկտեմբեր 2015

hotvadsner5403a
Աշխարհով մէկ կազմակերպուած Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւններուն արտասանուեցան հարիւրաւոր ճառեր, բանախօսութիւններ, եղան գնահատումներ, սրբադասում, քայլարշաւներ և գրուեցան տասնեակներով յօդուածներ ու աշխատութիւններ. բոլորն ալ ողջունելի էին անկասկած, սակայն նուազագոյնը ըսուեցաւ 1918-1921 թուականներու հերոսամարտերու մասին, որոնք, աւա՜ղ, չպսակուեցան դարերով սպասուած ու երազուած Հայաստանի ազատագրութեամբ՝ համաշխարհային կայսերապաշտութեան գայլային մրցակցութեան պատճառով, որուն ամենէն մեծ զոհերը եղան Միջին Արեւելքի Քրիստոնէութիւնն ու հինաւուրց Հայ ժողովուրդը։

Ստորեւ այբբենական կարգով ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնեմ նշուած թուականներուն Պատմական Հայաստանի ու Կիլիկիոյ զանազան շրջաններուն մէջ Հայ ժողովուրդին մղած անհաւասար ինքնապաշտպանութիւններուն խիստ համառօտ պատումը։

Ա.- Այնթապի Հերոսամարտը
Այնթապի հայերը 1920 թ. Ապրիլ 1-էն մինչեւ 1921թ. Փետրուար 8 մղեցին ինքնապաշտպանութեան անհաւասար և անձնազոհ հոյակապ պայքար մը ընդդէմ քեմալական հորդաներու (ազգայնականներու՝ իրենց բառով) վայրագ յարձակումներուն։ Այս անհաւասար ուժերու միջեւ մղուած պայքարին շնորհիւ աքսորէն ու ցեղասպանութենէն հիւծուած, բայց վերապրելու յոյսով Այնթապ վերադարձած հայերու կեանքը փրկուեցաւ։ Հերոսամարտի առաջին շրջանը տեւեց Ապրիլ 1-էն 9 Ապրիլ 1920, երկրորդ շրջանը՝ 1920 Ապրիլ1-էն մինչեւ Փետրուար 8, 1921։ Սկզբնական շրջանին եղան ֆրանսական համեստ օգնութիւններ։ Յիշատակելի քաջագործութիւններ կատարեցին հայ կամաւորները։ Աչքի զարկին զինուորականներ՝ Ատուր Լեւոնեանը, Աւետիս Գալեմքեարեանը, Ներսէս Ա. Քհնյ. Գաւուքճեանը։ Այնթապի տիկնայք փափկասունք նոյնպէս իրենց հերոսական մասնակցութիւնը բերին այս մարտերուն։ Այնթապցիներ իրենց հնարամտութեամբ իրե՛նք կը պատրաստէին իրենց զէնքերը և անոնց նորոգութիւնները։

Բ.- Զէյթունի Հերոսամարտը (Պատմական Ուլնիա)
Զէյթունի հայութիւնը մղած է հերոսամարտեր՝ 1862-ին, 1896-ին և 1918-1921թթ.։ Զէյթունի առաջին ապստամբութիւնը ոգեւորած է ամբողջ հայութիւնը, որուն կարեւոր մէկ մասը լուր անգամ չունէր թէ Կիլիկիոյ լեռներու վրայ կը գտնուէին արծուեբոյն հայկական գիւղեր։ Առաջին ապստամբութիւնը եղած է Օսմանեան Թուրքիոյ պարտադրած ստրկութեան դէմ պայքարի խորհրդանիշը։ Բոլոր հերոսամարտերուն ալ գործօն մասնակցութիւն ցոյց տուած են Զէյթունի կանայք՝ կողք կողքի կռուելով իրենց ամուսիններուն, հայրերուն ու եղբայրներուն հետ։ 1895-ին Զէյթուն արծուեբոյնի հայութիւնը դիմադրած է 30,000 թուրք, քիւրտ և չէրքէզ կանոնաւոր և անկանոն զօրքերու յարձակումներուն, դեռ աւելին՝ անոնք յաջողած են գերի բռնել քանի մը տասնեակ հազարաւոր Օսմանցի զինուորներ և զանոնք յանձնել հայ կանանց հսկողութեան ու գութին։ Շատ յաճախ զէյթունցիներ իրենք իրենց միջոցներով պատրաստած են զէնքերը և ռազմամթերքը։ Քաջ զէյթունցիները նախընտրած են մեռնիլ քան թէ զէնքը վար դնել։ Օտարներու վկայութեամբ 125 նահատակ զէյթունցիներու դիմաց Օսմանցի թուրքեր տուած են 10,000 զոհ։ Զէյթունցիներ, անսալով Սիսի Սահակ Կաթողիկոսի խնդրանքներուն, զէնքը վար դրած են, հաւատալով Կաթողիկոսին թէ, եթէ զէնքերը վար չդնէին Օսմանեան պետութիւնը պիտի ոչնչացնէր ամբողջ տարածաշրջանի հայութիւնը։ Սահակ Կաթողիկոս խաբուած էր, որովհետեւ թուրքերը չյարգեցին իրենց խոստումը և դիմադրութիւնը կեցնելէ ետք ձերկալուեցան ու ոչնչացուեցան Զէյթունի աւագանին ու առաջնորդները։

Ծագումով զէյթունցի յայտնի վիպասան Ստեփան Ալաջաջեան ունի հերոսապատում գլուխ գործոց պատմավէպ մը՝ «Եղէգները Չխոնարհուեցին»։

Գ.- Հաճընի Հերոսամարտը
Հաճընը կը գտնուի Կիլիկեան Տաւրոսի լեռներուն վրայ։ 1915-էն առաջ ունէր 35,000 բնակչութիւն, կ՚ապրէին նաեւ թուրքեր։ Հաճընը ունէր 6 եկեղեցիներ։ 1915-ին Հաճընցիներ նոյնպէս կը տեղահանուին և կը ղրկուին Սիւրիոյ մահուան անապատները։ 1918-ի զինադադարէն ետք վերապրած հաճընցիներ կը վերադառնան հայրենի քաղաք՝ ի նորոյ սկսելու արիւնով ընդմիջուած իրենց կեանքը։ Քեմալիստները որոշած էին Կիլիկիան պարպել իր հայ և քրիստոնեայ բնակիչներէն՝ օգտուելով ֆրանսական ոյժերու տատամսումներէն և վերջինիս նման միւս կայսերապաշտ երկիրներու աղտոտ մրց ակցութենէն։
hotvadsner5403b
Դիմագրաւելու համար մօտեցող աղէտը, Հաճընը ստիպուած կ՚ըլլայ դիմել ինքնապաշտպանութեան 1920 թ. Մարտ 14-էն ետք։ Ով որ զէնք բռնելու ատակ էր կ՚իջնէ ռազմի դաշտ։ Ամէն տեսակ արտաքին օգնութենէ զրկուած հաճընցիներ, մեծով փոքրով, կը մարտնչին մինչեւ վերջին փամփուշտը։ Խոստացուած ֆրանսական օգնութիւնը չի հասնիր և ի վերջոյ Հաճընն ալ կ՚իյնայ քեմալական գերազանց ոյժերու յարձակումներուն տակ։ Կ՚ազատին քանի մը հարիւր հաճընցիներ միայն, որոնք միանալով Հաճըն չվերադարձած իրենց հայրենակիցներուն, կը սփռուին Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ, հասնելով մինչեւ Հարաւային Ամերիկա։ Հաճընցիներու մնացորդացը կը հիմնէ դպրոց, եկեղեցի, մարզական միութիւն և մասնակից կը դառնայ սփիւռքի վերականգնումին։

Հաճնոյ հերոսամարտի կարկառուն դէմքերէն եղած են Սարգիս Ճեպեճեան, Ասատուր Սաչեան, Տ. Եղիշէ Տեմիրճեան, Անդրանիկ Գայեան, Կարապետ Օղուլուգեան, Տ. Պետրոս Եպս. Սարաճեան և ուրիշներ, կիներէն՝ Նուարդ Թելեան, Եսթեր Մալեան, Ակիւլինէ Խանճեան

Դ.- Մուսա Լերան Հերոսամարտը

1915-ին Օսմանեան պետութեան կողմէ հրամայուեցաւ Մուսա Լերան (Մուսա Տաղ, Ալեքսանտրեթի սանճագ) հայկական գիւղերու բնակչութեան, որ շրջանի 6 գիւղերը պատրաստուին լքել քաղաքը պատերազմի պատճառով։ Մուսալեռցիներու համար յստակ էր իրենց սպասող տխուր վախճանը, որովհետեւ արդէն լուրեր հասեր էին Պատմական Հայաստանի միւս գաւառներէն աքսորուած հայութեան ողբերգական վիճակին մասին։ Ժողովուրդին մեծամասնութիւնը չպատրաստուեցաւ լքել հայրենի հողն ու տունը, այլ խումբ մը զինեալ ու անձնազոհ հայորդիներու առաջնորդութեամբ բարձրացաւ Մուսա Լեռ՝ որոշելով կռուելով մեռնիլ քան թէ կուլ երթալ հարաւի անապատներուն։
hotvadsner5403c
Պատուելի Տիգրան Անդրէասեանի, Տ. Աբրահամ Քհնյ. Տէր Գալուստեանի, Եսայի Եաղուպեանի, Պետրոս Տմլագեանի և այլ 150 զինեալներու առաջնորդութեամբ մուսալեռցիներ 53 օր ցոյց տուին հերոսական դիմադրութիւն, մինչեւ որ յաջողեցան լերան գագաթին պարզած իրենց օգնութեան կոչերը տեսանելի դարձնել ֆրանսական ռազմանաւու մը, որ իր կարգին այլ ռազմանաւերու օգնութեամբ յաջողեցան լերան գագաթը ապաստանած հայերը ազատել ստոյգ կոտորածէ ու փոխադրել Եգիպտոսի Փոր Սայիտ նաւահանգիստը։ 1918-ի զինադադարէն ետք մուսալեռցիներ վերադարձան իրենց հայրենի գիւղերը, ուր շարունակեցին իրենց շինարար կեանքը մինչեւ 1939 թ. Ֆրանսայի կողմէ շրջանի դաւադրաբար կազմակերպուած յանձնումը Թուրքիոյ (Սանճագի յանձնում)։ Հայերը ստիպուած լքեցին իրենց գիւղերը, հարիւրաւոր ընտանիքներ ի վերջոյ հաստատուեցան Լիբանանի Այնճար գիւղը, միւսները բնակութիւն հաստատեցին Միջին Արեւելքի և Արեւմուտքի զանազան երկիրներու մէջ, իսկ 1946-ին հարիւրաւոր մուսալեռցիներ ներգաղթեցին Հայրենիք։

Աւստրիացի հրեայ գրող Ֆրանց Վերֆել մուսալեռցիներու հերոսական դիմադրութենէն ներշնչուած գրեց իր նշանաւոր «Մուսա Լերան 40 Օրերը» վէպը։

Ե.- Շապին Գարահիսարի Հերոսամարտը
Հերոսական դիմադրութեան, վճռակամութեան և անձնուրաց զոհողութեան դասական օրինակ մըն է Զօր. Անդրանիկի ծննդավայր Շապին Գարահիսարի դիմադրութիւնը, որ սկսաւ 1915 թ. Յունիս 2-ին և տեւեց մինչեւ Յունիս 30։ Շուրջ մէկ ամիս Հնչակեան ազատամարտիկներու առաջնորդութեամբ շապին գարահիսարցիները դիմադրեցին Օսմանեան գերազանց ոյժերու դէմ, որովհետեւ ջարդերու լուրերը հասեր էին արդէն, բացի այդ 200 հայ վաճառականներ ոչնչացուած էին արդէն, հոգեւոր հովիւը վայրագաբար սպաննուած և դեռ անկէ առաջ ալ բազմաթիւ երիտասարդներ ձերբակալուած էին ու անոնց կը սպասուէր անստոյգ ճակատագիր մը։
hotvadsner5403d
Շապին գարահիսարցիները նախընտրեցին կռուելով մեռնիլ, ուստի շուրջ 250 մարտիկներով, որոնց մէջ նաեւ կանայք ու պատանիներ, ժողովուրդով միասին ամրացան բերդին մէջ։ Անոնք կռուեցան բառացիօրէն մինչեւ վերջին փամփուշտը, որմէ ետքը անզէն ձեռքերով դիմադրեցին արիւնարբու թշնամիին մինչեւ որ գրեթէ բոլորը սպաննուեցան անողոք կերպով։ Այս հերոսամարտը ամենէն արիւնոտն է մեր գոյամարտի պատմութեան մէջ։

Զ.- Սարդարապատի Հերոսամարտը
1918 թ. Մայիս 21-ին Օսմանեան բանակը կ՚անցնի յարձակման՝ նպատակ ունենալով աշխարհի երեսէն ջնջել հայկական վերջին բեկորը և հասնիլ Պաքուի քարիւղի հանքերը։ Օսմանեան զօրքերը կը յառաջանան դէպի Երեւան ու կը մօտենան Էջմիածնին։ Գէորգ Ե. Կաթողիկոսի հրամանով կը հնչեն Հայաստանի բոլոր եկեղեցիներու զանգերը («Զանգե՛ր, ղօղանջէ՛ք, սրբազան քաջերին կանչէ՛ք…»), որպէսզի ով ինչով որ կրնայ օգնութեան փութայ Սարդարապատի փոքրիկ կայարանը։
hotvadsner5403e
Ռուսական բանակի հայ զօրաբաժինները կը շտապեն ճակատամարտի վայր, ուր Զօր. Սիլիքեան, Պօղոս Բեգ Փիրումեան և Քոլ. Կարապետ Փաշայեան մի քանի օրերու ընթացքին ջախջախիչ հարուած մը կը հասնեն Օսմանեան զօրքերուն՝ Սարդարապատի, Պաշ Ապարանի և Քարաքիլիսէի ճակատամարտերուն։ Մահու և կենաց կռիւներուն կը մասնակցէին կանոնաւոր զօրքերուն կողքին նաեւ հասարակ շինականներ, հոգեւորականներ (ինչպէս Գարեգին Վրդ. Յովսէփեանց, հետագային Կիլիկիոյ Կաթողիկոս) և հայ երիտասարդ մտաւորականներ։ Սարդարապատի ճակատամարտը կը նկատուի մեր պատմութեան երկրորդ Աւարայրը, այն տարբերութեամբ սակայն որ հայ հրամանատարութիւնը չի նահատակուիր, իսկ թշնամին կը դիմէ փախուստի։

Է.- Վանի Հերոսամարտը

Վան քաղաքի և շրջակայից հայութիւնը մղած է երկու հերոսական զինեալ դիմադրութիւն Օսմանեան Կայսրութեան դէմ, առաջինը Համիտեան կոտորածներու ժամանակ, 1895-ին, երկրորդը Երիտասարդ Թուրքերու Օսմանեան Կայսրութեան դէմ, 1915-ին։ Առաջին հերոսամարտի ժամանակ աւելի քան 800 Արմենականներ, Դաշնակցական և Հնչակեան անձնուրաց զինեալներ Վանը փրկեցին Համիտեան և քրտական խառնամբոխին յարձակումներէն։
hotvadsner5403f

Երկրորդ ինքնապաշտպանութիւնը սկսաւ 1915-ի Ապրիլ 19-ին և տեւեց մինչեւ Մայիսի 17-ը։ Հայերը իրենց միջոցներով ու հնարամտութիւններով հերոսական դիմադրութիւն ցոյց տուին Օսմանեան և քրտական գերազանց ոյժերու դէմ ոչ միայն իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող խիստ համեստ քանակութեամբ զէնքի ու զինամթերքի պաշարներով, այլեւ թշնամիներէն խլուած զէնքերով ու հայ զինագործներու պատրաստածներով։ Վանի ինքնապաշտպանութեան ժամանակ կը տիրէր խիստ կարգապահութիւն։ Պատանիներ ու աղջիկներ նոյնպէս իրենց թաքստոցներէն ելլալով իրենց աջակցութիւնը բերին այս օրերուն։ Վանի և շրջակայից հայութիւնը, որ կրցած էր ապաստանիլ քաղաքին հայկական թաղերուն մէջ, ազատ շունչ քաշեց, երբ քաղաք մտան ռուսական զօրքերը, որոնց միացած էին նաեւ հայ կամաւորական գունդերը՝ գլխաորութեամբ Զօր. Անդրանիկի։ Վանի Քաղաքական Մարմինը, գլխաւորութեամբ Արմենական Արմենակ Եկարեանի, իսկ Ռազմական Մարմինը առաջնորդութեամբ քաղաքապետ Դաշնակցական Արամ Մանուկեանի, Վանը փրկեցին ստոյգ ոչնչացումէ։

Ը.- Ուրֆայի Հերոսամարտը

Եդեսիա, Ուրհա, Ուրֆա։ Ուրֆայի հայութիւնը աշխատասէր էր ու ձեռներէց։ Անոնք 1895-ին տակաւին քաջ դիմադրութիւն մը ցոյց տուին Ապտիւլ Համիտի Համիտիէ զօրքերուն դէմ։ 1915-ին Ուրֆայի հայերը կ՚որոշեն չյանձնուիլ թշնամիին և չխաբուիլ անոնց խոստումներէն, հետեւաբար չեն յանձներ իրենց քով գտնուող համեստ քանակութեամբ զէնքերը, որովհետեւ իմացած էին որ քաղաքին երեւելի հայերէն շատեր ձերբակալուած էին ու աքսորի ճամբուն վրայ սպանուած։

Ուրֆացիները, առաջնորդութեամբ Մկրտիչ Եօթնեղբայրեանի, կը կազմակերպեն հայկական Ուրֆայի պաշտպանութիւնը։ Քաջակորով առաջնորդներէն էին Գէորգ Ալահայտոյեանը, Յարութիւն Ռասթկէլէնեանը, Վաղարշ Մեսրոպեանը, Յարութիւն Սիմեանը, Մովսէս Սուճեան, նաեւ քաջասիրտ հայուհիներ՝ Մարիամ Չիլինկիրեանը, Խանըմ Քէթէնճեանը։ Ուրֆայի հերոսական դիմադրութեան շնորհիւ փրկուեցան շատ հայեր, բայց ֆրանսական գաղութատիրութեան մեզի յայտնի դաւաճանական քաղաքականութեան հետեւանքով քաղաքն ու շրջակայքը յանձնուեցան թուրքերուն, հակառակ որ տարածքին մէջ մեծամասնութիւն կը կազմէին քրիստոնեաները (հայեր, ասորիներ)։

Փառք ու պատիւ հերոսական ուրֆացի քաջազուններուն։

Թ.- Չորք-Մարզպանի (Տէօրթ-Եոլ) Հերոսամարտը

Չորք-Մարզպանը կը գտնուի Ալեքսանտրէթի Ծոցի հիւսիսը՝ Ատանայի և Ալեքսանտրէթի միջեւ։ Չորք-Մարզպանը երեք հերոսամարտեր մղած է Օսմանեան կայսրութեան դէմ՝ 1895-ին, 1909-ին (Մեծ Հերոսամարտը) և 1929-1921։ Երեք անգամ այս գիւղաքաղաքը շրջակայ գիւղերու (Էօզէրլի,Օճագլի և Նաճարլը) բնակիչներով հաւաքուելով Չորք-Մարզպան՝ հերոսական դիմադրութեան շնորհիւ ազատած է ստոյգ կոտորածէ։

Չորք-Մարզպանի մեծ հերոսամարտէն ներշնչուած են Սիամանթօն, Զապէլ Եսայեանը, Արշակուհի Թէոդիկը և այլ բնիկ չորք-մարզպանցի մտաւորականներ ու գրողներ, իսկ բարերար Տիգրան Քէլէկեան համանուն որբանոցը հիմնած է հերոսական Չորք-Մարզպանի մէջ:
Հերոսական ինքնապաշտպանութեան գաղափարի սերմերը ցանուած էին նշանաւոր յեղափոխական Ժիրայր Պօյաճեանի և Մլեհի կողմէ։ Իրենց հերոսական արարքներով և հնարամիտ ռազմավարութեամբ աչքի զարկած են Միհրան Տէր Մելքոնեան, Զօրա Իսկէնտերեան, Էվիկ Մինաս (Վարդանեան) ու չորք-մարզպանի փափուկ սեռի ներկայացուցիչներ։

Ժ.- Մարաշի Ինքնապաշտպանութիւն

Գերմանիկ կամ Մարաշ ծննդավայրն է Ռուբինեան Իշխանութեան (1080), ապա՝ Թագաւորութեան։ Մարաշը ունէր շուրջ 70,000 բնակիչ, որուն 40,000-ը կը կազմէին հայերը, մնացեալը՝ այլ քրիստոնեաներ (Ասորի, Յոյն), թուրքեր, ալեվիներ, քիւրտեր և փոքրաթիւ հրեաներ։
hotvadsner5403g
1915-ին Մարաշի բնակչութիւնն ալ աքսորուեցաւ անապատները։ 1918-ի զինադադարէն ետք մարաշցիներու մնացորդացը վերադարձաւ հայրենի քաղաք, սակայն քիչ ատեն անց քեմալական ազգայնական (Միլլի) զաւթողական ոյժերու հետ կռիւներու հետեւանքով դիմադրող հայ բնակչութենէն զոհուեցան մեծ թիւով հայեր, թէեւ ֆրանսական դրօշին տակ ծառայող Հայ Կամաւորականներու գերազանց ջանքերու շնորհիւ մարաշցիները դիմադրեցին 1920-ին։ Ի վերջոյ Ֆրանսայի ու Քէմալական Թուրքիոյ միջեւ կնքուած համաձայնութեամբ Մարաշը յանձնուեցաւ Թուրքիոյ։ Նշանաւոր եղած է Մարաշի ասեղնագործական արուեստը, որուն աւանդութիւնները կը շարունակուին մինչեւ օրս։

Թրքական կեղծ պատմագրութեան և անոր սայլին լծուած օտար պատմագիրներ մինչեւ այսօր կը շարունակեն աշխուժօրէն պաշտպանել այն տեսակէտը թէ՝ Օսմանեան Կայսրութեան ծագումով հայ հպատակները օտար ազգերու դրդումով ուզած են թիկունքէն հարուածել Կայսրութիւնը, կամ գործիքը դարձած են Անգլիական, ֆրանսական ու Ռուսական կայսրութիւններու կայսերապաշտական ծրագիրներուն, հետեւաբար Օսմանեան Թուրքիոյ ուրիշ ելք չէր մնար իր ամբողջականութիւնը պաշտպանելու համար դիմելու համապատասխան միջոցառումներու, այսինքն չէզոքացնել «հայկական սպառնալիքը»։

Մինաս Գոճայեան Երուսաղէմ, 14 Դեկտեմբեր 2015

Ազատ Խօսք – Ելեկտրոնային Անկախ Պարբերաթերթ
կայք էջ : www.azadkhosk.com
Խմբագիր – Երան Գույումճեան
Թիւ (54) Յունուար 2016

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail