Համաթուրանականութիւնը կ’իրականանայ Հայաստանի իշխանութիւններուն համամտութեամբ եւ… բացայայտ գործակցութեամբ «Հայրենիք»

Cultural Genocide – State Cultural Genocide by the Fascist Regime of Azerbaijan *–* Génocide culturel – Génocide culturel d'État par le régime fasciste d'Azerbaïdjan

Համաթուրանականութիւնը կ’իրականանայ Հայաստանի իշխանութիւններուն համամտութեամբ եւ… բացայայտ գործակցութեամբ «Հայրենիք»

08 ՅՈՒԼԻՍ 2022 – Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ անխելք վարչապետը:

«Հայրենիք» -Պոսթըն
Խմբագրական

Հաւանաբար աշխարհի մէջ ամենէն յաճախ օգտագործուած խօսքերէն մէկն է «Ամէն ճամբայ Հռոմ կը տանի»-ն, որուն ծննդոցը պատահած է 1175 թուականին, հեղինակութեամբ՝ ֆրանսացի գրագէտ Ալէն Տը Լիլի: Քիչ մը աւելի փնտռողը կը հասնի այն եզրակացութեան, թէ առաջին անգամ լատիներէնով ըսուած է:

Այս խօսքին միտք բանին այն է, թէ բազմաթիւ ձեւերով կարելի է յանգիլ միեւնոյն արդիւնքին:

Տը Լիլի այս հռչակաւոր խօսքը ի մտի ունենալով, եւ աչքի առջեւ ունենալով Արցախի ներկայ «ճամբու քարտէս»-ը, մենք մեզի իրաւունք կու տանք ամբողջացնելու նախադասութիւնը, թէ՝ այո՛, ամէն ճամբայ Հռոմ կը տանի, սակայն ո՛չ… Արցախ:

Արտառոց կացութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուինք: Արցախի վերջին պատերազմին, իր արձանագրած շռնդալից յաղթանակէն գինովցած, Ատրպէյճանի ղեկավարը, «երէց եղբօր» զօրակցութեամբ եւ քաջալերանքով, գործի լծուած է, իրագործելու նոր ճամբու քարտէս մը, խորքին մէջ՝ իրականացման կը հասցնէ հին ճամբու քարտէս մը՝ համաթուրանական քարտէսը:

Առաջին ակնարկով, եւ բառին բուն իմաստով , նոր քարտէս մը` նոր ճամբայ մը կը կառուցուի Արցախէն դէպի Հայաստան: Նոր ճամբան պիտի շրջանցէ Լաչինը, Աղաւնոն ու Բերձորը, որոնք ըստ Նոյեմբեր 9-ի համաձայնութեան, պիտի յանձնուին Ատրպէյճանին: «Յանձնում»-ի վարկածը իշխանութեանն է, մինչդեռ բնագիրը լաւ ուսումնասիրողները կ’ըսեն, թէ նման բան չկայ եւ ահա, իշխանութիւնը դարձեալ նոր նուէր մը կու տայ Ատրպէյճանին, յայտնապէս բանաւոր փոխ-հասկացողութեամբ մը:

Հայաստանը Արցախին կապող նոր ճանապարհը կը սկսի Գորիսի Կոռնիձոր գիւղէն եւ աւելի հարաւէն՝ կ՛անցնի Արցախի Հին Շէն եւ Մեծ Շէն գիւղերէն, միանալու համար Եղցահողի եւ Լիսագորի ճամբուն:

Գերարտառոց իրավիճակը այն է, թէ ազերի բանուորներ գիշեր-ցերեկ գործի լծուած են, կարելի փոյթով աւարտելու համար այս ճամբուն իրականացումը: Աշխատանքները միակողմանի են: Հայկական կողմէն՝ ճարտարագիտական ոլորտը գոյութիւն չունի (ռազմագիտականն ու զինուորականը արդէն իսկ երկու տարիէ ի վեր գոյութիւն չունին, եւ այս գծով Արծրուն Յովհաննէսեանին կը մնայ  եզրակացութիւններ հանելը): Հոս ալ յանձանձման իւրայատուկ եւ զարմանալի երեւոյթ մը կայ. Ատրպէյճան կը շինէ Հայաստանը Արցախին միացնող նոր ճամբան: Հաւանաբար ՔՊ-ականներուն եւ անոնց կուրօրէն հետեւողներուն համար, կատարուածը յիշատակելի եւ պատմական յաջողութիւն մըն է: Իրականութիւնը այն է, որ, կրկնենք, Ատրպէյճան կ’իրականացնէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին առաջին բաժինը եւ Նախիջեւանի վրայով պիտի միանայ Թուրքիոյ, այսինքն՝ համաթուրանականութիւնը կ’իրականանայ Հայաստանի իշխանութիւններուն համամտութեամբ եւ… բացայայտ գործակցութեամբ:

Ի վերջոյ, նոյնինքն վարչապետը չէ՞, որ շարունակ կը շեշտէ, թէ «Ատրպէյճանին պատկանող շրջանները անոնց պիտի յանձնենք»։ Այո՛․․․այս ճամբան վնասակար է։ Դարձեալ հայկական շրջաններ, Շուշիի եւ Հադրութի պէս, պիտի պարպուին եւ յանձնուին ազերիներուն։ Դարձեալ բնակիչները գաղթական պիտի ըլլան եւ ՔՊ-ականները պիտի սկսին հպարտանալ, թէ «Ի՞նչ կայ որ, կառավարութիւնը դրամ կը տրամադրէ Արցախին եւ գաղթականները նոր տեղերու մէջ կը բնակեցնենք»: Այս ընթացքին, մօտ ապագային Սիւնիքի մէջ ալ շրջաններ պիտի պեղուին եւ յանձնուին «Ասոնք ալ Ատրպէյճանին պատկանած են» պատրուակով եւ… այսպէս միջանցքը պիտի իրականանայ փառաւոր կերպով:

Հայաստան-Արցախ «նոր ճամբու քարտէս»-ին լոյսին տակ, կ’արժէ բաղդատական մը ընել Գիւմրիի մէջ  վերջերս բացուած, խաբկանք եւ կախարդանք ստեղծող՝ «Երեւակայութեան թանգարան»-ին մէջ ցուցադրուող գործերուն հետ, ուր պնակի մը մէջ, մարդկային զարմանալի երես մը տեղադրուած է մրգեղէններու կողքին, կամ՝ բազմոցին վրայ տեղադրուած էակի մը ոտքերն ու դէմքը զարմանք ստեղծող հեռաւորութեամբ մը զատուած են իրարմէ:

Յստակ է մէկ բան (անշուշտ շատ բաներ ալ կը յստականան եւ կը բացայայտուին օրէ օր): Ալիեւի համար, տարբեր եւ բազմաթիւ ձեւերով կարելի է յանգիլ միեւնոյն արդիւնքին, այսինքն՝ Պաքուի հաշիւներով «ամէն ճամբայ Հռոմ կը տանի»: Պարագան տարբեր է Արցախին։ Քարտէ՛սն ալ յստակ է, ճամբա՛ն ալ:

hairenikweekly.com/ամէն-ճամբայ-հռոմ-կը-տանի-սակայն-ո՛չ-ար/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail