ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը Հանդիպումներ Ունեցաւ Եւրոպական Միութեան Խումբ Մը Պաշտօնեաներու Հետ

Culture-Dativank Monastery in Artsakh Armenia

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը Հանդիպումներ Ունեցաւ Եւրոպական Միութեան Խումբ Մը Պաշտօնեաներու Հետ

08 ՅՈՒԼԻՍ 2022 – ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

Կը շարունակուի Իշխան Սաղաթէլեանի աշխատանքային այցելութիւնը Եւրոպական խորհրդարան:

Աշխատանքային այցելութեամբ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ գտնուող ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան 6 յուլիսին հանդիպումներ ունեցած է`

– Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ Էւա Քայիլիի,

– Արցախի հետ Եւրոպական խորհրդարանի բարեկամութեան խումբի համահիմնադիր Փեթեր Վան Տալենի,

– Հայաստանի հարցով Եւրոպական խորհրդարանի զեկուցող Անտրէյ Քովաչեւի,

– Եւրոպական խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Ֆապիօ Մասիմօ Քասթալտոյի,

– Յունաստանի ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, Եւրոպական խորհրդարանի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան յանձնախումբի փոխնախագահ Նիքոս Անտրուլաքիսի հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հեռանկարները, ներկայացուած են «Դիմադրութիւն» շարժման մօտեցումները եւ տեսակէտները` մէկ անգամ եւս ընդգծելով, որ առանց Արցախի ժողովուրդի կամքի արտայայտութիւնը հաշուի առնելու, անկարելի է հասնիլ խաղաղութեան, տագնապի վերջնական ու երկարաժամկէտ լուծման:

Եւրոպացի գործընկերներուն Սաղաթէլեանը ներկայացուցած է Ազրպէյճանի կողմէ շարունակական յարձակումներու դրսեւորումները Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի նկատմամբ եւ ակնկալած համապատասխան գնահատական:

Բոլոր հանդիպումներուն ժամանակ բարձրաձայնուած է Ազրպէյճանի մէջ պահուող ռազմագերիներու հարցը:

Հանդիպումներուն ընթացքին խօսուած է նաեւ Հայաստանի ներքաղաքական հարցերուն, «Դիմադրութիւն» շարժման նպատակներուն եւ ծրագիրներուն մասին:

aztagdaily.com/archives/551615

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail