«Դիմադրութիւն» Շարժման Հանրահաւաք Եւ Երթ – «Դիմադրութիւն» Շարժման Հանրահաւաք Եւ Երթ
08 ՅՈՒԼԻՍ 2022 – ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ: ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
Երէկ, 8 յուլիս 2022-ին Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Դիմադրութիւն» շարժման հանրահաւաքը:
Հանրահաւաքի մեկնարկին Լեհաստանի մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Էտկար Ղազարեան իր ելոյթին ընթացքին յիշեցուց յայտնի «Ձորի Միրօ» հայկական ժապաւէնը: Երբ ժապաւէնին հերոսը թուրքերէն կը պաշտպանէր իր հողը, ձորը: Բայց պաշտպանութիւնը յաջողութիւն չունեցաւ, եւ ան կորսնցուց հողը, ընտանիքը:
«Այդ ժապաւէններով դաստիարակուած սերունդը 90-ական թուականներուն զէնք վերցուց եւ վերադարձաւ հայրենիքի փրկութեան պայքարին` ազատագրելով մեր երկիրը, Արցախը, Մեր Շէնը եւ Միրոյին տարաւ նորէն իր ձորը` Բերդաձոր…», ըսաւ ան:
Այնուհետեւ ելոյթներ ունեցան Վազգէն Սաղաթէլեանը, Արցախի Ազգային ժողովի անդամ Մետաքսէ Յակոբեանը, ընդդիմադիր պատգամաւորներ Ասպրամ Կրպէեանը, Հայկ Մամիջանեանը, Արամ Վարդեւանեանը:
Ցուցադրուեցաւ ժապաւէն` «Դիմադրութիւն» շարժման նախորդ շաբաթ կազմակերպած գործողութիւններէն:
Այնուհետեւ սկսաւ «Դիմադրութիւն» շարժման երթը:
Երթին մասնակիցները քայլերթ կատարեցին Երեւանի կեդրոնական փողոցներով, այնուհետեւ վերադարձան ֆրանսայի հրապարակ, ուր ամփոփուեցաւ հանրահաւաքային օրը:
Արամ Վարդեւանեան տեղեկացուց, որ 15 յուլիսին` ժամը 19:30-ին, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի տեղի պիտի ունենայ հանրահաւաք, ուր եւրոպական այցելութեան արդիւնքները պիտի ներկայացնէ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան:
Նշենք, որ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հանրահաւաքին ներկայ չէր, քանի որ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Սթրազպուրկ:
aztagdaily.com/archives/551723