Կիլիկիայ – Այնթապ` Սիրտը Կիլիկիոյ – Այնթապ` Սիրտը Կիլիկիոյ – Այնթապ` Սիրտը Կիլիկիոյ
13 ՅՈՒԼԻՍ 2022 – Կիլիկիայ:
ՏՈՔԹ. ՆՈՐԱՅՐ ՄԱՆՃԵԱՆ
1915-ին երեսուն հազար այնթապահայեր պարտադրաբար կը տեղահանուին իրենց հայրենի բնակարաններէն եւ թրքական պետութեան հրահանգով կ՛ուղղուին դէպի Սուրիա:
1918-1920 թուականներուն կը վերականգնի Այնթապի հայութեան կեանքը, քանի որ Այնթապ ֆրանսական բանակը մուտք կը գործէ: Կը վերաբացուին հայկական քոլեճները: Այս տարիներուն, այնթապցիները կը զինուին` դիմակայելու համար թրքական հաւանական նոր յարձակումը:
Երբ ֆրանսացիք կը տեսնեն հայոց կազմակերպուածութիւնն ու խիզախութիւնը, Այնթապի հայոց հերոսամարտը կ՛անուանեն Անատոլի Վերտէօն (տոքթ. Թորոս Թորանեան):
1921-ին ֆրանսական զօրքը կը քաշուի Այնթապէն: Այս առիթէն օգտուելով` թուրք խուժանները (պաշիպոզուքները) վայրագօրէն կը յարձակին հայկական թաղամասերուն վրայ:
Այնթապահայերը ցոյց կու տան կազմակերպուած ինքնապաշտպանութիւն, որուն գլխաւոր կազմակերպիչներէն էր Ներսէս քհնյ. Թաւուքճեանը:
Հայերը յաղթական դուրս կու գան, թուրքերը կ՛ունենան ութ հազար կռուողի կորուստ, իսկ հայերը` հարիւր նահատակ:
Հայերը եօթը հարիւր յիսուն հոգիէ բաղկացած զօրախումբով կը շարունակեն մարտերը մինչեւ մայիսի վերջը: Ապա Ֆրանսան եւ Թուրքիան անսպասելիօրէն Անգարայի մէջ կը կնքեն համաձայնագիր մը, ըստ որուն, ֆրանսական զօրքը պիտի հեռանար Այնթապէն: Այս տխրահռչակ համաձայնագիրը Կիլիկիոյ քաղաքներն ու գիւղերը նոր կոտորածներու վտանգին առջեւ պիտի դնէր:
Այնթապահայերու ինքնապաշտպանութիւնը կը շարունակուի մինչեւ Յուլիս ամսուն սկիզբը: Մարտերը աստիճանաբար կը սաստկանան: Այնթապցի հայերը ստիպուած կը գաղթեն իրենց հարազատ քաղաքէն դէպի Սուրիա, Լիբանան ու կը սփռուին աշխարհով մէկ:
Հայրենասէր այնթապցիներու ներդրումը մեծ էր Հայաստանի մէջ եւս: Սուրիական բանակի զօրավար Արամ Գարամանուկեանի եւ կնոջ ներդրումով կը կառուցուի երկրորդական վարժարան մը Այնթապ աւանին մէջ:
Հետագային Թուրքիա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ աղաւաղելու համար Այնթապի դիմագիծը: Այնթապի անունին կ՛աւելցնէ նաեւ Ղազի բառը:
Թուրք այնթապաբնակ մտաւորական` Մուրատ Ուչաներ, որ արեւմտահայերէն սորված է նահատակ Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկութեան հաշուոյն, Երեւան մեկնած է այնթապցի լուսանկարիչ Խորէն Նազարէթեանի ընտանիքին մասին նիւթեր հաւաքելու: Ըստ անոր, ներկայիս Այնթապի մէջ կ՛ապրին շուրջ յիսուն հազար իսլամացած հայեր: Մուրատ Ուչաներ թարգմանած է երեք գիրքեր, որոնք տակաւին չեն հրատարակուած: Անոնք են` «Այնթապի գոյամարտը», «Այնթապի մէջ ՀՅԴ-ի պատմութիւնը» եւ «Պատմուածքներ Այնթապի մասին»:
Այս գիրքերուն միջոցով խօսիլն ու գրելը արդարութեան ու ճշմարտութեան յաղթանակներ էին գրողին համար:
Մուրատ Ուչաներ որոշած է այս տարի` 2022-ին, հրատարակել գիրք մը, որուն մէջ կը ներկայացնէ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ բնակող այնթապահայերու պատմութիւնը:
Դամասկոսի համալսարանին մէջ ուսանած տարիներուս ծանօթացայ Գրիգոր եւ Արթին Լոշխաճեան եղբայրներուն: Գրիգորը դարձաւ ելեկտրականութեան ճարտարագէտ, իսկ Արթինը` բժիշկ: Անոնց ծնողները` Գէորգ Լոշխաճեան եւ Երանուհի Պապոյեան, գերդաստանի անդամներուն հետ Այնթապէն հասած էին Սուրիոյ Տարաա նահանգի Իզրաա քաղաք, ուր գործած ու դարձած էին հողատէրեր:
Երբ անոնց զաւակները կը մեծնան, կ՛որոշեն վերջնականապէս հաստատուիլ Դամասկոս, ուր բարձրագոյն ուսում կը ստանան: Երիտասարդներուն հօրեղբայրը` Աւետիսը, յիսունական թուականին կը հաստատուի Դամասկոս եւ կը դառնայ նոր բացուած Ազգ. Զաւարեան վարժարանի հոգաբարձու, ինչպէս նաեւ` ՀՅ Դաշնակցութեան նուիրեալ գործիչ:
Լոշխաճեան եղբայրները իրենց բարի վարքով դարձան իմ սրտամօտ ու մնայուն բարեկամները: Տոքթ. Արթին իր բժշկական աւարտական գիտական աշխատանքը ձօնած է հայոց անմահ նահատակներուն: Իսկ ճարարագէտ Գրիգորը իր մասնագիտութեամբ գործուն անդամ եղած է Դամասկոսի հայոց թեմի Թարգմանչաց նորակառոյց վարժարանի շինարարական յանձնախումբին եւ իր լաւագոյն ներդրումը բերած` անոր:
Դիմատետրի էջիս վրայ կը կարդամ Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւ Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեանի հայրենակից Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանի գրառած «Այնթապի քայլերգ» քերթուածը:
Լոշխաճեան ընտանիքին անունը ինծի կը յիշեցնէ վերոյիշեալ պատմութիւնը:
«Այնթապի քայլերգ»-ին հեղինակն է այնթապցի Յարութիւն Աղայեանը, իսկ երաժշտութեան մշակման հեղինակը` հալէպահայ ուսուցիչ եւ տնօրէն Լեւոն Թ. Լեւոնեանը:
Ես` Մուսա Լերան զաւակ, կը միանամ հերոս այնթապցիներուն ու կը կրկնեմ իրենց քայլերգը, աւելի ճիշդ` քաջերու երգը.
Հեռու կեցէ՛ք, դո՛ւք` վախկոտներ
Մենք նոր սերունդ ,նոր Հայկեան,
Մկրտուած ենք հայ արիւնով
Դիւցազներուն, որոնք ինկան:
Մեր ջանքերով վաղն Այնթապին,
Ամպերը գորշ կ՛անհետին,
Զի երկինքին ազատ արեւք,
Փոթորիկէն վերջ կը ծագին:
Մենք համոզուած ենք, գիտակի՛ց,
Թէ կռիւով է ազատութիւն,
Յափշտակել պէտք է նաեւ,
Մեր ազգային փրկութիւն:
Ա՜խ հայրենիք, դո՛ւ Կիլիկիա,
Սրբէ արցունքն ալ յետին,
Զի քո սիրոյն տառապանքին,
Ապրիլ գիտցաւ այնթապցին:
Այս գրութիւնս, փոխան աղօթքի ու խունկի, թող ըլլայ ոգեկոչում Գրիգոր եւ Արթին Լոշխաճեաններու անմար յիշատակին եւ համայն աշխարհի այնթապցիներուն, որոնք վասն հայրենեաց պայքարիլ գիտնալով ապրեցան:
horizonweekly.ca/en/այնթապ-սիրտը-կիլիկիոյ