ՅԻՍՈՒՆ ՏԱՐԻ ԵՏՔ Ո՞Վ ՀԱՅԵՐԷՆ ՊԻՏԻ ԽՕՍԻ, Ո՞ՒՐ, ԻՆՉՊԻՍԻ ՀԱՅԵՐԷՆ, ՇԱՐՈՒՆԱԿՄԱՆ Ո՞Ր ԳԻԾԻՆ ՎՐԱՅ – Յակոբ Պալեան

Cultural Genocide – State Cultural Genocide by the Fascist Regime of Azerbaijan *–* Génocide culturel – Génocide culturel d'État par le régime fasciste d'Azerbaïdjan

ՅԻՍՈՒՆ ՏԱՐԻ ԵՏՔ Ո՞Վ ՀԱՅԵՐԷՆ ՊԻՏԻ ԽՕՍԻ, Ո՞ՒՐ, ԻՆՉՊԻՍԻ ՀԱՅԵՐԷՆ, ՇԱՐՈՒՆԱԿՄԱՆ Ո՞Ր ԳԻԾԻՆ ՎՐԱՅ – Յակոբ Պալեան

13 ՅՈՒԼԻՍ 2022 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ:

Յակոբ ՊալեանՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

Horizon Weekly Newspaper

Յ. Պալեան

Վարդապետութիւնները, ինչպէս ազգերը եւ անհատները, կը մեռնին յանձնառութիւնը մերժելով:

Ալպէր Քամիւ, ֆրանսացի գրող, Ի դար

            Հայաստան եւ Սփիւռք, հաւատաւոր եւ հայու ինքնութեան տէր կանգնող անհատներ եւ բջիջներ կան: Այդքա՛ն: Լեզուամտածողութեամբ եւ ազգային-քաղաքական գիտակցութեամբ, որ ազգի պատմութիւն է, գործողները խիստ փոքրաթիւ են՝ մեր ընդհանուր համրանքին բաղդատած: Սեղմ շրջանակներու եւ միաւորներու համար միայն գոյութենական խնդիր է ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՀԱՐՑԸ:  Հայերէնի պաշտպանութեան համազգային յանձնառութիւն չունինք: Փոքրամասնութիւն կազմող գիտակից բջիջները միամիտ չեն, բայց միաժամանակ կը խորհին, որ իրենց տագնապները համազգային են: Կարծէք հաշտուած ենք, որ հայ ժողովուրդը, ներսը եւ դուրսը, պիտի դադրի հայախօս եւ հայագիր ըլլալէ: Իսկ սեփական ժողովուրդի պատմութենէն բխած գիտակցութիւնը ամփոփուած-սեղմուած է քանի մը անուններու եւ կարգախօսներու մէջ:

            Ազգովին մեր պատմութեան շարունակողնե՞րն ենք, ո՞ւր, ինչպէ՞ս, ո՞ր տոկոսով:

            Աւելի պարզ խօսելով, ղեկավարութիւնները հայերէնը որպէս գոյութենական խնդիր չեն ընդունած իրենց օրակարգին մէջ եւ այդ յանձնառութեամբ չեն առաջնորդուած եւ չեն առաջնորդած զանգուածները: Իսկ պատմութիւնը մնացած է դրուագներու պատկերազարդ ալպոմի վիճակին մէջ: Ազգ մը միայն իր ընտրանիով (էլիդա) չի կրնար դիմադրել ժամանակի եւ քաղաքակրթութիւններու հարթող գլանին: Այդպէս է հայերէնի պարագան, նաեւ՝ գրականութեան եւ պատմութեան:

            Ներսը եւ դուրսը, առայժմ տարբեր համեմատութիւններով, հայերէն խօսողներու եւ գրողներու շրջանակը կը սեղմուի: Ղեկավարութիւնները, յաջորդական տեղատուութիւններով, ասդին եւ անդին, վասն գործնապաշտութեան պատշաճելով, հայերէնը փոխարինած են եւ կը շարունակեն այդ ընել այլ լեզուներով, ի վնաս մեր ազգային նկարագրին եւ ինքնութեան, ի հեճուկս հարազատութեան: Այս պատշաճելու տեղատուութիւնը կը համարուի գործնապաշտութիւն, ղեկավարութիւնները նահանջին հետեւած են՝ մարդ սիրաշահելու եւ դիրքեր պահելու համար:

            Հայերէնը, ինչպէս ոեւէ այլ ազգի լեզու, ինքնութեան եւ մշակոյթի կրող է: Ազգի հոգեխառնութիւնը եւ մտածողութիւնը լեզուի ժառանգութիւն է: Լեզուի կորուստը լայն կը բանայ այլասերման ուղին: Որքան ալ անհաճոյ թուի ըսել եւ լսել, ժողովուրդի մը լեզուն պատկանելիութեան անցագիր է: Լեզուի նահանջը ժամանակ մըն ալ կը դարմանուի թարգմանութիւններով, նահանջը փորձելով մեղմել «զգացումով հայ ըլլալ»ու խաբկանքով, ինչպէս բժշկութեան մէջ կը փորձեն homéopathie-ն, բոյսերով դարմանումները:

            Էռնեստ Ռընան (1823-1992), ֆրանսացի կրօններու պատմաբան եւ իմաստասէր, յաճախ խօսած  եւ գրած է ազգութիւններու եւ անոնց համակեցութեան մասին: Ըստ իրեն, «Մարդկութեան կատարելութիւնը ազգութիւններու շիջումը պիտի չըլլայ, այլ անոնց ներդաշնակութիւնը. ազգութիւնները հետզհետէ պիտի հզօրանան, տկարանալով քանդել ազգութիւն մը, կը նշանակէ քանդել ձայն մը մարդկութեան մէջ»: Իսկ ներդաշնակութեան ստեղծումը ինքնաբերաբար չի յառաջանար, ան կը պահանջէ յանձնառութիւն, որ հակառակն է կրաւորականութեան:

            Այնքա՜ն ճիշդ է նախորդ դարու յանձնառու մեծ գրող Ալպէր Քամիւի միտքը. «Վարդապետութիւնները, ինչպէս ազգերը եւ  անհատները, կը մեռնին յանձնառութիւնը մերժելով»:

            Էռնեստ Ռընան եւ Ալպէր Քամիւ ճիշդ բաներ կ’ըսեն: Բայց հարկ է նաեւ խօսիլ ցեղապաշտութեան եւ կրօնամոլական անհանդուրժողութեան մասին, երկու պարագաներուն ալ ազգերու տարբերութիւնը եւ ինքնուրոյնութիւնը կ’անտեսուին, նախայարձակման կ’ենթարկուին: Տեղ մը քրիստոնեաները նախայարձակումներու ենթակայ են, ուրիշ տեղ՝ իսլամները, (Միանմարի իսլամ ռոհինկաները, Չինաստանի իսլամ ույղուրները, Քոնկոյի եւ Հայաստան-Արցախի քրիստոնեաները, եւայլն): Տեղի կ’ունենայ ինչ որ ըսած է Էռնեստ Ռընան, կը քանդեն ազգութիւններ, կը քանդեն ձայն մը մարդկութեան մէջ: Այս ընթացքը գոյութիւն ունեցած է Ճորճ Օրուէլի բանաձեւած միատարածք մարդու ձգտումէն առաջ, տարբերութիւնները նոյնացնելու միտումով:

            Այս նոյնացման դէմ պայքարելու համար պէտք է ընդունիլ առանց ճապկումներու յանձնառութիւն, առանց որուն, Ալպէր Քամիւի նախատեսութիւնը կ’ըլլայ իրականութիւն. այսինքն ազգի գիտակից անդամը որպէս տէր յանձնառու պէտք է ըլլայ պաշտպանելու անոր ներկան եւ ապագան:

            Այս մտածողները չեմ գիտեր թէ հայերը ճանչցա՞ծ են, թէ՞ ոչ: Բայց ինչպէս կ’ըսեն, որ «ձայն մը չքանդուի մարդկութեան մէջ» կամ  հայութիւնը որպէս ազգ չմեռնի, պէտք է որ մենք կարենանք հաւաքաբար յանձնառու ըլլալ: Այդ յանձնառութիւնը հիմնականօրէն կը վերաբերի նաեւ մեր լեզուին, նկատի ունենալով մեր մոլորակային տարտղնումը, երբ կրաւորականութեամբ կը հաշտուինք լեզուի աղաւաղման եւ փոխարինման հետ: Զիրար լսելու համար հասարակաց ի՞նչ ունին Քամչաթքայի, Նոր Զելանտայի, Գիւմրիի, Թաւրիզի, Լոս Անճելըսի եւ Հալէպի հայերը: Զիրար լսել եւ զիրար հասկնալ, որպէսզի յանձնառութիւնը բջիջներու տօնական օրերու բաժակաճառ չըլլայ: Եւ գործել միասին՝ հեռուն եւ մօտը կամրջելով:

            Հայաստան ունի Լեզուի պետական կոմիտէ, որ ունի օրէնքով նախատեսուած իրաւունքով իրաւասութիւն լեզուի հարազատութեան եւ մաքրութեան հսկելու: Բայց ազգ առաջնորդելու կոչուած ընտրանին, «էլիդա»ն, կը լսէ՞ զինք: Պետական աւագանին, մամուլը, շարքային ժողովուրդը, ձեռք ձեռքի տուած հայերէնը կ’այլասերեն: Դուրսը Լեզուի Պետական Կոմիտէ չկայ, իրենք իրենց նման առաքելութիւն տուած բարի կամեցողութիւն ունեցողներ կան, փակ շրջանակի մէջ: Բայց զիրենք լսողները բանակ չեն: «Էսթէպլիշմընթ»ը անտարբեր է, զայն բաղկացնողները ինքնագոհութեամբ կը խօսին եւ կը գրեն տեղական լեզուներով, յաճախ նաեւ քայլ մըն ալ անդին կ’երթան, կը գրեն եւ կը խօսին անգլերէն, կարծէք անգլերէնը դարձած ըլլայ հայ ժողովուրդի հասարակաց հաղորդակցական լեզուն:

            Հայերէնը տէր չունի, հայերէնի պաշտպանութիւնը եւ ազգին կողմէ անոր իւրացումը ղեկավարութիւններու համար անմիջականութիւն չունի, քանի որ հաշտուած են, որ համաշխարհայնացման թոհուբոհին մէջ հայերէնի հարցը տեղ չունի: Ի՞նչ բան կ’ուզեն ղեկավարել, ո՞ր ինքնուրոյն ժողովուրդի ապագան կը ծրագրեն, ո՞ւր տանելու համար զայն:

            Պահ մը խորհեցայ, որ գէթ սփիւռք(ներ)ի համար, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսին ասպարէզ կարդալու նմանող «Սփիւռքի Տարի»ն գիտակցութիւններու ցնցում պիտի յառաջացնէր եւ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԶԱՆԳՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ԱՆՈՐ ԱՆՍԵԹԵՒԵԹ ԻՒՐԱՑՄԱՆ, ՏԱՐԱԾՄԱՆ ԵՒ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ ՍԿԻԶԲ ՄԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՐ, ՊԱՅՔԱՐԻ ԿԱՌՈՅՑ ՄԸ ՊԻՏԻ ՍՏԵՂԾՈՒԷՐ, ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԵՒ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄՆԵՐՈՎ:

            Առանց նման մեծ փառասիրութեան, միշտ ժողովներ կրնանք գումարել, վերսկսիլ:

            Ռուս մեծ գրող Ալեքսանդր Սոլժենիցինի տագնապեցնող իրատեսական խօսքով պէտք է մտածել: Ան ըսած է. «Ժողովուրդ մը սպաննելու համար նախ պէտք է քանդել անոր արմատները»: Եթէ կորսնցնենք անցեալը եւ ներկան կամրջող լեզուն, եթէ հայ կոչուած հաւաքականութիւնները իրարու զօդող լեզուն անհետանայ, հայերէնը փոխարինուի օտար լեզուներով, հաւաքականութիւններ դեռ պիտի շարունակեն ապրիլ որպէս «ծագումով հայերու» համախմբումներ: Յետո՞յ…

            Մեր որպէս ազգ, հայրենիք եւ պետութիւն ունեցողի ինքնութեամբ գոյութեան համար, անհատական եւ հաւաքական գիտակցութիւն եւ հպարտութիւն պէտք է դարձնել հայերէնախօսութիւնը եւ հայագրութիւնը: Այս վաւերական ազգային քաղաքականութիւն է, ոչ շաու, ոչ ալ բեմերու վրայ անվաղորդայն ըլլալու կոչուած էսթէպլիշմընթային ինքնասիրութեան ծեքծեքում եւ օրօր:

horizonweekly.ca/en/ածներ-յիսուն-տարի-ետք-ո՞վ-հայերէն-պիտի/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail