«Հողը նրանն է, ով այնտեղ ապրում է․․․» կարգախօսով մեկնարկեց Աղաւնոյ գիւղի կառուցումն ու ընդարձակումը, աւելի քան տասնեակ մը տարիներ առաջ – Խմբագրական

«Հողը նրանն է, ով այնտեղ ապրում է․․․» կարգախօսով մեկնարկեց Աղաւնոյ գիւղի կառուցումն ու ընդարձակումը, աւելի քան տասնեակ մը տարիներ առաջ – Խմբագրական

18 ՅՈՒԼԻՍ 2022 – Խմբագրական

Աւա՜ղ , Աղաւնոյ․․․ «Հայրենիք»

«Հողը նրանն է, ով այնտեղ ապրում է․․․» կարգախօսով մեկնարկեց Աղաւնոյ գիւղի կառուցումն ու ընդարձակումը, աւելի քան տասնեակ մը տարիներ առաջ։

Քաշաթաղի եւ Շահումեանի վերաբնակեցման ու Արցախի գիւղատնտեսութեան զարգացման նպատակով, 2010-էն ի վեր Արցախի բնակիչներուն վարկ տրամադրող՝ «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց»ի (ԱՌԻ) մտայղացումն է Աղաւնոյ գետի ափին կառուցուած այս գիւղը, որուն թաղամասերէն մէկն է Արիաւանը։

Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ, 3 Սեպտեմբեր 2016-ին, հանդիսաւոր արարողութեամբ բացումը կատարուեցաւ այս գիւղին, ներկայութեամբ Արցախի հանրապետութեան այդ օրերու նախագահ Բակօ Սահակեանի, վարչապետ Արա Յարութիւնեանի (այժմ նախագահ) եւ Արցախի թեմի մեծ ժողովրդականութիւն վայելող առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի (այժմ հանգստեան կոչուած)։

Յիսուն ընտանիք իսկ բնակութիւն հաստատած են Աղաւնոյի մէջ, եւ հետզհետէ պահանջք կար աւելի ընդարձակելու։

Իւրայատուկ է Աղաւնոյի պարագան։ Հայրենիքն ու Արցախը միացնող, բնութեան գիրկին՝ հովիտի մը մէջ եւ գետակի ափին կառուցուած, միեւնոյն ժամանակ ռազմագիտական մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող խարիսխ մըն է անիկա։

Գորիսը Ստեփանակերտին կապող եւ ոլորապտոյտ յառաջացնող ճանապարհին վրայ, անկարելի է որ ուղեւորին աչքէն վրիպին քանի մը տասնեակ նոյնանման կարմիր կղմինտրներով տուները, որոնք յար եւ նման են կեդրոնական Եւրոպայի լեռներու լանջերուն հանգչող գիւղերու։

Տասը մղոն անդին, Բերձորն է: Ան ալ, Աղաւնոյի նման, կը գտնուի ՔՊ-ական ղեկավարութեան կողմէ Ատրպէյճանին յանձնուելիք շրջաններու ցանկին վրայ։ Իսկ 45 մղոն հեռաւորութեան վրայ, արդէն Ստեփանակերտն է։ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» ըսող Փաշինեանը եւ իր ուսապարկերը անթաքոյց կը յայտարարեն, որ «Ատրպէյճանին պատկանող հողերը կը վերադարձնենք», «Ատրպէյճանին պատկանող բոլոր հողերը վերադարձուցած ենք»: Ալիեւն ալ կը պնդէ, որ Արցախի հարց գոյութիւն չունի, Արցախը Ատրպէյճան է ու վերջ…

Օրին, երբ կատարուեցաւ Աղաւնոյի պաշտօնական բացումը, Արցախի ղեկավարութիւնը երախտագիտութիւն յայտնեց այս հիմնադրամին` ծրագիրի իրականացման մէջ ունեցած գործօն մասնակցութեան համար, եւ ընդգծեց, որ գիւղական բնակավայրերու ստեղծումը եղած է ու կը մնայ հանրապետութեան ռազմավարական խնդիրներու առաջնահերթութիւններէն` արժեւորելով ժողովրդագրական, քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական մարզերը: …Փաշինեանի լծակից-գործակից Արայիկին յիշողութեան սահմանները հոն չեն հասնիր:

Յետոյ վրայ հասաւ վերջին պատերազմը, որուն հարուածը եղաւ ծանր: Քաշաթաղն ալ գրեթէ ամբողջութեամբ ամանորեայ նուէրի մը նման ծրարուած յանձնուեցաւ Ատրպէյճանին եւ Աղաւնոն մնաց սահմանամերձ վերջին գիւղը, բաւական պարպուած իր բնակիչներէն։

Ցայսօր Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի «Արցախ Ֆոնտ»-ը կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ այս գիւղին, որուն բնակչութեան մարտունակութիւնն ու «Հողը նրանն է, ով այնտեղ ապրում է․․․» կարգախօսով վճռակամութիւնը կը մնան խրախուսիչ եւ օրինակելի։

Տժգոյն եւ դժբախտ չէ Աղաւնոն։ Աւա՜ղ․․․ Աղաւնոն ալ կ՛ուզեն այդ վախճանին հասցնել, մատնել Շուշիի, Հադրութի, Գետաշէնի ու Շահումեանի ճակատագրին (անշուշտ կան Նախիջեւանն ու այլ հայկական շրջաններ)։ Չմոռնանք. Շուշին ալ տժգոյն չէր, սակայն նոյն ՔՊ-ականներու ձեռքով, «խաղաղութեան դարաշրջան բանալու» պատրանքով մատնուեցաւ ծախուած Անիի ճակատագիրին…։

Աղաւնոցին վճռած է չլքել իր հողը։ Անոր գիւղապետը ցայտուն օրինակն է այս վճռակամ մօտեցումին: Սփիւռքահայը եւս պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ այս վերջին ամրոցներէն մէկուն: ՔՊ-ականներու բոլոր ընդդիմադիրները, իսկական հայրենապահպանները պարտաւոր են ձախողութեան մատնել ո՛չ միայն Աղաւնոյի եւ այլ շրջաններու յանձնումը, այլ մշակելու մեզմէ խլուած ԲՈԼՈՐ ՀՈՂԵՐՈՒՆ վերադարձի «ճամբու քարտէսը»: Հազար մղոն ճամբորդութեան մէկ սկզբնակէտն ալ Աղաւնոն է: Մարտահրաւէրի դիմաց ենք ազգովին, մինչեւ իսկ այսօրուան իշխանաւորներուն ջերմ ու կոյր համակիրները:

yerakouyn.com/2022/07/15/աւա՜ղ-աղաւնոյ․․․-հայրենիք/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail